Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Դուք էիք, որ բռնութեան ու արհաւիրքի խեղդող խաւարի մէջ Ձեր բոցավառ աչքերի փայլով մոլորուած ու լքուած հոգիների ուղիները լուսաւորեցիք: Ձեր երկաթ բազուկների գոռ հարուածները չարիքի խօլ կամարները դղրդեցին եւ տանջուած հոգիների մէջ ազատութեան յոյզեր փոթորկեցին։ Փա՜ռք Ձեզ»:
Աւետիս Ահարոնեան
Այս տարի, արժանի հպարտութեամբ, հայրենիքի եւ արտերկրի հայազգի զաւակները ամէնուրեք յետադարձ ակնարկով եւ անխառն զգացումներով պիտի յիշատակեն համեստ ընտանիքի մը մէջ ծնունդ առած եւ 60 տարիներ առաջ Գալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած ազգային հերոս եւ արդարահատոյց Սողոմոն Թէհլիրեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին՝ վեր առնելով անոր ազգանուէր, կրթանպաստ ընծայաբերումը հայ ժողովուրդին, Հայ Դատի անժամանցելի պահանջատիրութեան եւ հայապահպանման վեհ գործին: Պատիւ եւ հպարտութիւն է թորոնթոհայերուս համար արդարահատոյց բազուկի համանունով կոչուած՝ ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Թորոնթոյի կոմիտէութիւնը:
Յօդուածիս մէջ պիտի անդրադառնամ արդարութիւն, ուժ եւ արժանապատուութիւն կուտակած հայ արդարահատոյց բազուկին՝ Նեմեսիսեան գործողութեան մասին, ցոյց տալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն ընդհանրապէս եւ համայն աշխարհին մասնաւորապէս, որ ազգի մը բնաջնջումը ծրագրող ոճրագործները ի վերջոյ կը ստանան իրենց արդար պատիժը՝ խաղաղութիւն պատճառելով նորոգ սրբադասուած մէկուկէս միլիոն անշիրիմ հայ նահատակներու հոգիներուն եւ մոխիրներէն յարութիւն առած հայ բեկորներուն ամէնուրեք։
Ո՞վ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան բախտաւոր այս հերոս ընկերը, որ վրէժը լուծեց 1,5 միլիոն հայ ամնեղ նահատակներուն եւ բարձրաճակատ արար աշխարհին յայտարարեց ու ցոյց տուաւ հայութեան արդար պահանջը քաղաքակիրթ աշխարհին, ինչպէս նաեւ իր դարաւոր թշնամի Թուրքիոյ կառավարութեան։
Սողոմոն Թէհլիրեան ծնած էր 1896 թուականի Ապրիլ 2-ին, Երզնկայի մօտ գտնուող Դարանագեայ շրջանի Բագառիճ գիւղի հայ աւետարանական բարեպաշտ Տէր եւ Տիկին Խաչատուր եւ Հնազանդ Թէհլիրեաններու բազմանդամ ընտանիքին մէջ։
Պատանի Սողոմոն իր ծնողքին ազգային եւ հոգեւոր շունչին տակ լաւապէս թրծուած՝ իր նախնական կրթութիւնն ու բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ տեղւոյն հայ աւետարանական վարժարանէն ներս: Խելահաս եւ գիտակից Սողոմոն հազիւ դպրոցը աւարտած՝ նոյն վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ կը հրաւիրուի պաշտօնավարելու վարժարանին մէջ, որպէս հայերէն լեզուի եւ գիտութիւններու դասատու:
Բարձրագոյն ուսման հեռանկարով՝ 1913-ին երիտասարդ Սողոմոնը կը հեռանայ Երզնկայէն եւ կ’ուղղուի դէպի Սերպիա, ապա կ’անցնի Պուլկարիա, ուր ականատես կ’ըլլայ հայ գաղութի աննախընթաց աշխոյժ կեանքին։ Ան մօտէն կը ծանօթանայ տեղւոյն ազգային, հոգեւոր եւ կրթական կառոյցներուն եւ իր անանձնական մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի վերելքին: Այս իրավիճակէն խանդավառուած՝ ան կ’անդամագրուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն եւ իր երդումը կը կատարէ «բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքի գնով ծառայելու Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Սողոմոն մօտէն կը հետեւի Հայ Դատի նուիրական գործին ու յեղափոխութեան ճամբով նուիրաբերուելու եւ ծառայելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն։ Ազգային շունչով առլցուն Սողոմոն Թէհլիրեան իմանալով, որ Ռումանիոյ մէջ հայ կամաւորագրութեան աշխատանք կը տարուի, անմիջապէս, առանց իր հօր կարծիքը առնելու, կ’անցնի Պուքրէշ եւ կամաւոր արձանագրուելով՝ կը մեկնի Թիֆլիս, մաս կը կազմէ Անդրանիկի Ա. կամաւորական գունդի Սեպուհի վաշտին, որպէս հայրենիքի նուիրեալ զինուոր։
1915-ի Մեծ Եղեռնին, Բագառիճի մէջ Թէհլիրեան գերդաստանի 85 անդամներէն միայն մէկը կը յաջողի ազատիլ կոտորածներէն, իսկ Սողոմոնի հայրը եւ մեծ եղբայրը՝ Սեդրակ, գործի բերումով Սերպիա անցած ըլլալով, կը փրկուին կոտորածէն: Նահատակներուն մէջ կը գտնուէին Սողոմոնի թանկագին մայրը եւ երկու եղբայրները՝ իրենց կիներով եւ զաւակներով։
Հայոց գրականութեան երկրպագու, գրական արուեստին ծանօթ, սուր մտքով եւ զուսպ ու հաւասարակշիռ գրչով Սողոմոն Թէհլիրեան այսպէս կը գրէ իր յաւէտ կորուսեալ մօրը մասին.
ՄԱՅՐԻԿԻՍ…
Անհունի աղջամուղջին մէջ յիշատակդ իսկ թառամելու, առ յաւէտ կորսուելու գաղափարէն զարհուրած՝ փնտռեցի քեզ, մա՜յր իմ…
Թափառեցայ երկրէ երկիր, անապատէ անապատ։ Անցայ մեր տարաբախտ ու աւերակոյտի վերածուած հայրենիքի քաղաքներն ու գիւղերը, սարերն ու ձորերը…
Զուր եղան իմ բոլոր որոնումները… Ամէն կողմ ամայութեան զարհուրելի համայնապատկերը կը ներկայանար իմ աչքերուն։ Չկար այլեւս այն կեանքը, եռ ու զեռը, դաշտերու հմայիչ երեւոյթը, առուակներուն կարկաչիւնը, թռչուններուն ուրախ զուարթ ճռուողիւնը…
Բոլո՜րը, բոլո՜րը չքացած էին արիւնոտ բորենիին գազանային բնազդին բաւարարութիւն տրուած ըլլալու հետեւանքով։
Այո, բուերու թագաւորութիւնն էր տիրապետողը մեր հայրենիքին մէջ…
Ամայութիւն, ամայութի՜ւն…
Եփրատը անհանգիստ ու գժտուած էր ձեր խոշտանգուած դիակներէն իր անսկիզբ ժամանակներու ընթացքը խանգարուած ըլլալուն… Բողոքի եւ ըմբոստութեան մռնչիւնները միայն կը լսուէին իր կոհակներէն։ Ան եւս կ’ողբար իր անցեալը։
Վճիտ ու յստակ ջուրերը ներկուած էին հայ մայրերու, երեխաներու, երիտասարդներու եւ ծերունիներու անմեղ արիւնով… Իր հոգին եւս վրդովուած էր հայ ցեղի ահռելի ողբերգութեան կենդանի վկայն ու ականատեսը ըլլալուն համար…
Հեռաւոր եւ անծանօթ անապատները անողոք ու լուռ էին։ Կարծես յագեցած լինէին իրենց հրկիզեալ աւազներուն վրայ ցրուած ոսկորներէն…
Դառնօրէն ողբացի ի տես մարդկային պատմութեան մէջ տեղի ունեցած արհաւիրքներու այս ամենազարհուրելիէն։ Տատանումներ ունեցայ մինչեւ յուսահատութեան անփառունակ ոլորտները տանող, բայց կսկիծը, ողբերգութեան ահաւոր տեսարանները ցնցեցին իմ հոգին, ուժ ու կորով ներշնչեցին ինծի՝ ապրելու, կեանքը շարունակելու մարմաջը պարտադրելով։ Թերեւս անոր համար, որ առիթը ունենամ քեզի հանդէպ, մայր իմ, եւ քեզ հետ բիւրաւոր հայ մայրերու, որոնք խաչուեցան հայ գողգոթային վրայ, իմ՝ հայ զաւկի՝ տարրական պարտականութիւնս կատարելու… որեւէ ձեւով յաւերժացնելու յիշատակը թափուած արեան գետերու…
Դուն, մա՜յր իմ, որ կեանք տուիր ինծի, արտասուաթոր աչքերով համբուրեցիր զիս դառն զգացումով մը լեցուած, թէ այլեւս պիտի չտեսնուէինք. իրաւունք ունէիր։ Ճիշդ էր նոյնպէս քու հառաչանքը եւ արդարացի՝ «հազիւ մեծցուցի, թեւ առիր ու կը թռիս կը հեռանաս ինձմէ»։ Այո՛, հեռացայ։ Այլեւս քեզ յաւիտեանս չտեսնելու պայմանով, բայց քու տուած կաթը, քու ունեցած մայրական անսահման գուրգուրանքը այնպիսի խոր արմատներ ձգած էին իմ հոգիի ծալքերուն մէջ, որ մոռնայ այդ բոլորը, անտարբեր մնայ, մանաւանդ քու եղերական վախճանէն յետոյ, ո՛չ, կարելի չէր…
Այսօր, խորհրդապաշտ հաւատացեալի մը նման, ուզեցի «Անծանօթ մօր անյայտ գերեզման» մը կառուցանել իմ հոգիիս մէջ ու երկիւղածօրէն երկրպագել այդ կոթողին առջեւ, որպէս հնամենի բագինի մը… Ուզեցի իմ հեթանոս աղօթքի խորհուրդները, միացուցած խունկի եւ կնդրուկի բուրումնաւէտ ծուխին, ցրուել ու հասցնել անհունի առեղծուածային բարձունքները, որպէս իմ սրտագին պաշտամունքը քու անմոռանալի յիշատակին, մա՜յր իմ, ինչպէս նաեւ հազարհազար ողջակիզուածներուն, որոնք նահատակուեցան մեր ցեղի ազատագրութեան պայքարին համար ու անէացան առ յաւէտ՝ առանց հողակոյտի, առանց շիրիմի…
ՍՈՂՈՄՈՆ
Վերոյիշեալ հոգեբանական տառապանքներու հետքերէն խղճահարուած՝ 1917 թուականին Սողոմոն կը մասնակցի Սարըղամիշի ճակատամարտին եւ ծանրօրէն կը վիրաւորուի։
1919-ին, հազիւ ապաքինած եւ ցասումը սրտին, Սողոմոն կը մեկնի Պոլիս։ Հաւատարիմ իր կուսակցական երդումին՝ նոյն օրերուն Սողոմոն Թէհլիրեան Պոլսոյ մէջ կը յաջողի ահաբեկել Պէշիկթաշի թաղապետ մատնիչ Արթինը (Յարութիւն Մկրտիչեան), վերջ տալով անոր դաւաճան յուդայական կեանքին, որ Եղեռնի նախօրեակին 250 հայ ղեկավարներու եւ մտաւորականներու ցանկը յանձնած էր արիւնարբու Թալէաթ Պէյ ջարդարարին, որոնք դարձած էին Ապրիլեան Հայոց Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակները:
Փարիզ, Պոսթըն, Պերլին՝ Նեմեսիսեան արդարահատոյցը.
Հետեւելով իրեն համար եղած մանրակրկիտ ծրագրումներուն՝ Պոլսոյ մէջ կը ներկայանայ աքսորէն նոր վերադարձած տարաբախտ Զաւէն Սրբազան Պատրիարքին, խորհրդապահական իր ծրագրերուն իրականացման համար տեղեկութիւններ կու տայ անոր, նիւթական միջոցներ կը խնդրէ, բայց չկարենալով գոհացում ստանալ` կ’անցնի Փարիզ։
Այնտեղ նախ կը փորձէ հանդիպիլ Աւետիս Ահարոնեանին։ Այդ ընդհանուր շփոթին մէջ, յանկարծ իրեն կը յանձնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի քարտուղարին՝ Հանըմեանի մէկ նամակը, ուր կը յայտնուի, թէ ան պէտք է անմիջապէս մեկնի Պոսթըն, ուր զինք կը սպասէր Արմէն Գարօն։ Հանըմեան բարի ժպիտով մը կը տրամադրէ անհրաժեշտ գումարը եւ Սողոմոն Փարիզէն անմիջապէս կը մեկնի Նիւ Եորք, անկէ` Պոսթըն, ուր զինք կը սպասէին տղաքը՝ յատկապէս այդ գործին հետազօտական աշխատանքին լծուած ՆԵՄԵՍԻՍ-ի խմբակը։
Սողոմոն Թէհլիրեան այսպէս կ’արտայայտուի այդ մասին.–
«Եւ ահա Ամերիկայում պարզուեց, որ այն ինչի մասին ես երազում էի գիշեր ցերեկ, այստեղ արդէն կենդանի գործի է վերածուած։ Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան) ղեկավարութեամբ կատարուել էր նախնական հետախուզական ահագին ընդյատակեայ աշխատանք»։
Ան կ’աւելցնէ. «Ամերիկայում իմացայ, որ Պոլսից փախած Իթթիհատականները Եւրոպայում վարում էին գործօն աշխատանք` վերաշխուժացնելու կիսատ թողած ջարդարարական գործը։ Այժմ անհրաժեշտ էր անմիջապէս գործի անցնիլ եւ մեկնիլ Զուիցերիա։ Արմէն Գարօն հաստատ գիտէր, որ ընկերը` Սողոմոն Թէհլիրեանը յաջողապէս պիտի վերջ տար արիւնարբու Թալէաթի կեանքին»։
Եւ իսկապէս, Արմէն Գարօ, Պանք Օթթոմանի հերոսական դէպքի մասնակից եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան Ամերիկայի դեսպան, դիւանագիտական, կազմակերպչական կարողութիւններով օժտուած եւ անձամբ վիճաբանած Թալէաթին հետ, յաջողած էր իրագործել Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովին որոշումը՝ ուղիի մէջ դնելով ահաբեկումի անյետաձգելի ծրագիրը։
Վստահ ըլլալով, որ Թալէաթ արդէն Պերլին հասած էր, Սողոմոն Թէհլիրեան կը մեկնի նախ Ժընեւ, ապա Պերլին։
Նեմեսիսեան հետախոյզները արդէն ճշդած էին Թալէաթի ինքնութիւնն ու բնակարանը։ Սողոմոն Թէհլիրեան Թալէաթի բնակարանին կից սենեակ մը կը վարձէ։
Այսպէս կը բնութագրէ Սողոմոն Թէհլիրեան հասանելի եւ սպասուած պահը. «Մօտենում էինք իրար։ Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով։ Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս։ Երբ հաւասարեցանք իրարու՝ Թալէաթը շեշտակի նայեց աչքերուս: Նրա աչքերի մէջ փայլատակեց մահուան սարսուռը։ Վերջին քայլը առաւ. մի քիչ թեքուեց որ փախչի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ… Բնաւ չէի կրնար երեւակայել, որ այդպիսի դիւրութեամբ գետին պիտի փռուէր գազանը»։
Թէհլիրեանի պաշտպան փաստաբաններէն Դոկտ. Նիմայէր՝ գերմանական համալսարանի իրաւագիտական բաժնի ուսուցչապետ, իր պաշտպանողական զգայացունց ճառով արդարօրէն կը բնութագրէ մեր ազգին ձայնը.
«Սողոմոն Թէհլիրեան ինքը չէր, որ փողոց կ’իջնէր Թալէաթ փաշան սպաննելու. իր հետ եւ մէջ կ’իջնէին դարերը, միլիոնաւոր սպաննուածները։ Ան, կարելի է ըսել, կը տանէր իր առջեւ դրօշակը իր ամբողջ ժողովուրդի պատիւին, դրօշակը խոշտանգուածներուն, դրօշակը իր լլկուած մօր եւ ընտանիքին»։
Մնացեալը արդէն արդարահատոյց պատմութիւն է։
Սողոմոն Թէհլիրեան գերմանական եղեռնադատ ատեանին կողմէ անպարտ արձակուելով՝ իր ազատ կեանքը կը շարունակէ։ Կ’ամուսնանայ երզնկացի Անահիտ Թաթիկեանին հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով։
Ազգային հերոս Սողոմոն Թէհլիրեան իր կեանքի վերջին տարիները ապրեցաւ Գալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ հայաշատ քաղաքին մէջ, ուր ունեցաւ կուսակցական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն։
Սողոմոն Թէհլիրեան իր արծուաբիբ աչքերը կը փակէ 23 Մայիս 1960 թուականին եւ հերոսածնունդ մարմինը կ’ամփոփուի Ֆրէզնոյի հայոց «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, ուր կանգնած է արդարահատոյց ոսկեբազուկ Սողոմոն Թէհլիրեանի հոյակերտ արծուաթռիչ յուշակոթողը։
Յուշակոթողը, որ կը պատգամէ մեր ազգին սպառնացող ամէնօրեայ վտանգները, կը պատգամէ մեզի, որ չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Չմոռնա՛նք մեր հազարամեայ պատմութիւնը եւ մեր բիւրաւոր նահատակներու արեան կանչը։ Չմոռնա՛նք հայրենի հողին վրայ ինկած անցեալի եւ նորօրեայ մեր ազատամարտիկները, որոնց արեան գնով կրկին անգամ ազատագրուեցան եւ հայացուեցան թշնամիի լուծին տակ հիւծող մեր ժողովուրդն ու հայապատկան հողերը։
Սողոմոն Թէհլիրեան գիտակցական կեանքի ընթացքին եղաւ՝ ազգանուէր հաւատաւոր ու ժրաջան այն Դաշնակցական ընկերը, որ ազգասիրութիւնը ըմբռնեց էապէս՝ որպէս լիիրաւ առժէք, կուսակցականի ինգնավստահութեամբ՝ եւ մեր ազգային իտէալներու իրականացման ի խնդիր, ինգնագիտակից հաւատարմութեամբ եւ ինքնուրոյն յանդգնութեամբ եւ հասկացողութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ճամբով ծառայեց Հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատին, Ան իր ծառայական կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին եղաւ եւ մնաց Հայ ազգային առժէքներու ժառանգութեան ճշմարիտ առաքեալն ու պահապանը: Կուսակցական աշխատանքներուն մէջ ընդհանրապէս եւ Նեմեսիսի անանձնական գործողութեանց մէջ մասնաւորաբա՛ր, անգնահատելի եղաւ անոր ամբողջանուէր կեանքն ու ծառայութիւնը:
Ընկեր Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռքով ու տասնոցի անշեղ գնդակով կատարուածը 1921 Մարտ 15-ին պարզ ահաբեկում մը չէր, այլ` ցեղասպանուած հայ ժողովուրդին պատմական մէկ արարի փայլատակում մը, որ մշտապէս պիտի ապրի նորահաս սերունդներու արդար յիշողութեան մէջ, որպէսզի անոնք եւս դաստիարակուին անոր նուիրական կեանքէն եւ հպարտութեամբ լիցքաւորուին քաջարի եւ անմահանուն հերոսին թողած պանծալի կտակով՝ պայքարի, ցասումի եւ յաւերժութեան անջնջելի կրակով:
Փա՜ռք, պատի՜ւ եւ յարգա՜նք անմահանուն ազգային հերոս՝ Սողոմոն Թէհլիրեանի անմեռ յիշատակին:
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱ