Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ազգային Ժողովի այսօրուան նիստը զաւեշտախառն ողբերգութեան մը կենդանի բեմադրումն էր։ Սակայն մէկ տարբերութեամբ։ Դերակատարները դերասաններ չէին, այլ՝ իրենց էութիւնն ու միտքերը հարազատօրէն արտայայտող իրական մարդիկ։
Այսինքն, ԱԺ-ն ապացուցեց որ կեա՛նքը կ՚ընդօրինակէ արուեստը, եւ ոչ թէ հակառակը։ Ժողովուրդին կարիքներն ու ազգային շահերը մէկդի շպրտած, պատգամաւորները արուեստագէտի նման ցուցադրութեան դրած էին իրենց մտային ճղճիմութիւնը եւ հոգեկան թշուառութիւնը։
Այս բոլորին լաւ հետեւանքը այն է, որ պարզ քաղաքացիներէն ու մտաւորականներէն շատեր ԱԺ-ի եւ պատգամաւորներու նկատմամբ իրենց զզուանքն ու յուսախաբութիւնը սկսան յայտնել։ Անոնք հիմա զարմանք կը յայտնեն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս մակարդակի ԱԺ եւ պատգամաւոր ունենալ։ Այս զարմանքն ու զզուանքը կրկնակի է անոնց համար, որոնք առաջին օրէն կը զգուշացնէին ԱԺ-ի ու ազգային ղեկավարումի յաւակնոտ այս կեղծ մարգարէներու մասին։
Ինչ եւ է...։
Հիմա որ մարդիկ զզուանք ու յուսախաբութիւն սկսած են յայտնել, կը մնայ մէկ հարց, որ պատասխանի կը սպասէ։
Զզուողներ ու յուսախաբներ, Ո՞Վ ընտրեց ներկայ պատգամաւորներն ու ղեկավարները։
Եթէ ոչ դուք, Էսկիմոսները ընտրեցին այս Ազգային Ժողովը եւ այս ղեկավարները...։
Սեդօ Պոյաճեան