Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Ուրուկուէյի հայկական ռատիոժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածելու մնայուն գործընթացի: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն) իր լիառատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ՛իրագործէ, երբ վերածուի գործընթացի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու հաւաքական աշխատանքին: «Այս կոչը ուղղեցինք մենք համագումարի մասնակիցներուն: Նոյնը կը կրկնենք այսօր», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` վեր առնելով համագումարին համահայկական բնոյթ ունենալու նշանակութիւնը: «Մեր մտածումներուն, գործերուն, ծրագիրներուն մղիչ ուժն ու նպատակը պէտք է դառնայ համահայկականը` մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Սա լոզունգ չէ, այլ մարտահրաւէր է` ուղղուած բոլոր պատասխանատուներուն ու կառոյցներուն: Այսպէս, անջատ-անջատ պիտի ծրագրենք ու գործենք, եւ այս մօտեցումը պիտի ջլատէ մեր ազգին ներուժը»:
Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ հայ մամուլը առաքելութիւն է եւ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր կեանքին մէջ: «Այս նախանձախնդրութենէն ու սպասումէն մեկնած մենք կազմակերպեցինք Հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Ճիշդ է, մօտեցումներու տարբերութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ ակներեւ էր, սակայն տարբերութիւնը անհրաժեշտ է ներդաշնակել ի խնդիր համահայկական արժէքներուն ու ձգտումներուն»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր համացանցը դարձած է տիրական ներկայութիւն` բոլոր բնագաւառներուն մէջ, համահայկական լրատուութեան ցանցի մը ստեղծումը աւելի քան հրամայական է: