Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Զ- Ռազմավարական Խճուղի
Հայաստանի անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչն է Հայաստան֊Ռուսիա ռազմավարական գործընկերութիւնը: Արդարեւ, 30 սեպտեմբեր 1992-ին կնքուած ռազմական դաշինքը, ըստ որուն, Հայաստանի հետ Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանները պիտի ապահովուէին երկու երկիրներու զինուած ուժերու միացեալ հսկողութեամբ եւ Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանի միջոցով, նոր որակաւորում կը ստանար 29 օգոստոս 1997-ի «Գործընկերութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան» պայմանագիրով մը, որ 2010-ի իր վերանորոգումով ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագրային ժամկէտը կ’երկարաձգէր մինչեւ 2044 թուական:
Հայաստանը անդամ է նաեւ ռուսական ռազմաքաղաքական առանցքին շուրջ 2002-ին կազմուած Հաւաքական անվտանգութեան պետութիւններու կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ֊Ռուսիա, Պիելոռուսիա, Հայաստան, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Տաճիկիստան) եւ անոր պաշտպանական տարբեր համակարգերուն (միացեալ ռազմափորձեր, 2009-ին ստեղծուած` հաւաքական արագ արձագանգման ուժեր):
Դաշնակցային յարաբերութեանց ծիրէն ներս դեկտեմբեր 2015-էն Հայաստանն ու Ռուսիան յատուկ համաձայնութեամբ մը յանձնառու են հակաօդային միացեալ համակարգի մը (Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած` յունիս 2016-ին), նոյնպէս հոկտեմբեր 2017-էն` միացեալ զօրամիաւորումի մը, որ հայկական կողմի գլխաւորութեամբ միացեալ հրամանատարական շտաբի մը ներքոյ իր գործունէութիւնը կը վարէ: Ռուսական զինեալ ուժերու հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս Հայաստանը ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորումներու հովանիին տակ, Սուրիոյ մէջ հաստատած է մարդասիրական առաքելութիւն 2019-էն:
Միւս կողմէ` Հայաստանը մասնակից է ՕԹԱՆ-ի խաղաղութեան գործընկերութեան ծրագիրին եւ բազմազգեան խաղաղապահ տարբեր առաքելութիւններու` Քոսվօ (2004-էն), Իրաք (դադրած), Աֆղանիստան (2010-էն), Լիբանան (2014-էն) եւ Մալի (2015-էն):
Հայաստանը ռազմական սահմանափակ գործակցութիւն մը կը զարգացնէ նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Յունաստանի հետ:
Այսուհանդերձ, անվտանգութեան ոլորտի արեւմտեան թէ բազմազգեան ուղղութեան Հայաստանի յառաջացուցած յարաբերակարգը միշտ ալ պայմանաւորուած կը մնայ հայ֊ռուսական դաշնակցային կապերու եւ ՀԱՊԿ-ի ռազմաքաղաքական համակարգի գերակշռութեամբ` աշխարհաքաղաքական անհրաժեշտութիւններէ թելադրուած: Պէտք է արձանագրել սակայն, որ դաշնակցային եւ ռազմաքաղաքական վերոնշեալ համակարգը բանուկ է Հայաստան֊ԱՊՀ հասարակաց֊արտաքին (Հայաստանի արեւմտեան) սահմաններու վրայ առաւելաբար. Հայաստանի արեւելեան սահմանագիծի առնչութեամբ անվտանգութեան սոյն համակարգը պարբերաբար փորձաքարի կը զարնուի մերթ ղազախական ազերիանպաստ դիմակայութեան, մերթ Ռուսիոյ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի միջնորդական հանգամանքի պատրուակներով, ինչպէս նաեւ` ռուս եւ պիելոռուս֊ազրպէյճանական ռազմարդիւնաբերական առեւտուրի գործարքներով: Նոյնիսկ արեւմտեան սահմանագիծը, որուն հակաօդային պաշտպանութիւնը գլխաւորաբար կ’ապաւինի S-300 հրթիռային կայանքներուն, ռուս-թրքական մերձեցման հանգրուանով` ռուսական S-400 հրթիռներու Թուրքիոյ վաճառքով (2017-ին, 2,5 միլիառ տոլար), տեսականօրէն կը թուի խնդրահարուած ըլլալ ՀԱՊԿի եւ մասնաւորաբար հայ-ռուսական անվտանգութեան միացեալ համակարգը:
Հայաստանին կը մնայ իր աքթիւ դիւանագիտութեան միջոցով վիժեցնել հանգրուանով թելադրուած ռուս-թրքական մերձեցման այնպիսի գործընթացներ, որոնք հայ-ռուսական դաշնակցային կապերը կը շրջանցեն եւ ի հեճուկս այդ կապերուն կը զարգանան:
Հայաստանի որակական յարաբերակարգը տարածաշրջանային մակարդակով եւ իր դաշնակիցին հետ, պահանջկոտ յուշարարութեամբ, պէտք է կարենայ լուսարձակ պահել Ռուսիոյ եւ տարածաշրջանային այլ երկիրներու աշխարհաքաղաքական շահերու փաստացի հակասութիւնը Թուրքիոյ միջինարեւելեան նէօ-օսմանականութեան եւ Կովկասի մէջ «մէկ ազգ երկու պետութեան» յղացքի խաղարկումին:
Գալով ուղղակի պաշտպանական ոլորտին` անիկա խարսխուած է ռազմավարական զսպման կամ կոշտ ձեւակերպումով` «սարսափի հաւասարակշռման» հայեցակարգին վրայ, որ կ’ենթադրէ ծանր սպառազինութեան հեւքոտ մրցավազք մը` ֆինանսաւորուած տնտեսութեանց մէջ կայուն աղբիւրներով ու եկամուտով: Ազրպէյճանի նաւթային արտահանումներու եկամուտը, այս առումով, առաւելութիւններ կ՛ընձեռէ Հայաստանի նկատմամբ, եթէ երբեք Հայաստանի տնտեսական աճը մրցունակ ցուցանիշներ չգրանցէ տարածաշրջանային մակարդակով:
Ռազմավարական զսպման հայեցակարգը Հայաստանի օդուժի եւ հակաօդային ուժերու կողմէ հաստատուած օդային տարածքի պաշտպանական վահանով (հալածիչ օդանաւներ, S-300 եւ SA6 կայանքներ, ինչպէս նաեւ BUK-M2 եւ TOR-M2KM համալիրներ) խարսխուած է ճակատային ամրութեան թիկունքին լարուած` պալեսթիք հեռահար հրթիռներու (SCUD-B, Tochka, Iskander) ինչպէս նաեւ` համազարկային կրակի հրթիռային հրետանիի (TOS1A եւ Smerch) 3-րդ եւ 4-րդ սերունդի առաջնորդող սպառազինութեանց համակարգով:
Յատկապէս 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք, պաշտպանական ոլորտը, ռազմավարական զսպման տեսութեան պահպանողական մօտեցումները վերանայելով, հետզհետէ տեղ տուաւ «պաշտպանողականը յարձակողական արագ հակազդեցութեամբ ապահովելու» յղացքի մը մշակման:
Մարտավարական այս յղացքով ու անոր համապատասխան սպառազինութեամբ հայկական զինուժը կայծակնային ճեղքումով եւ կործանարար հարուածներով պիտի կարենայ բացառել «լայնածաւալ եւ երկարատեւ պատերազմը»:
Արդարեւ, մարտավարական այս յղացքն է, որ կրնայ կենսագործել «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» առաջադրանքը` ի հեճուկս ազրպէյճանական «Խաղաղութիւն` տարածքի դիմաց» ճնշումին, որուն միջոցով Ազրպէյճանը խախտելով զինադադարը, ելեկտրականացած կը պահէ շփման գիծերը եւ պարբերական ներթափանցման փոքր գործողութիւններով նաեւ կը պարտադրէ դանդաղ մաշեցումի երկարատեւ պատերազմ մը:
Կայծակնային ճեղքումներու մէջ նախապատրաստական կարեւոր դեր վերապահուած է անօդաչու թռչող սարքերու («Կռունկ», «Բազէ»…) աշխուժութեան` թէ՛ հետախուզութեան եւ թէ ալ թիրախային հարուածներու իրականացման առումներով: Խրախուսիչ է, որ խաղի կանոնները փոխող վերոնշեալ սպառազինութեան խթանումն ու կատարելագործումը անդառնալի կը թուին ըլլալ հայկական բանակի վերոնշեալ մարտավարութեան ուղիին վրայ:
Պաշտպանական ոլորտին մէջ կարեւոր բեկում մը յառաջացուց եւ սոյն մարտավարութեան գործնական տեսք տուաւ նաեւ SU-30SM բազմագործառոյթ 4 օդանաւերու համալրումը հայկական օդուժին (յունուար, 2020): Սպառազինութեան իր 4-րդ սերունդին պատկանող այս օդանաւերը, օդային տարածքի տիրապետութեան պարագային, կրնան արդիւնաւէտ կերպով առաջնորդել ցամաքային զօրամիաւորումներու շարժը:
Հայաստանի օդային սահմանափակ տարածքով պայմանաւորուած օդուժի նման որակական հարստացումը անպայմանօրէն կ’ենթադրէ նաեւ ռազմական նոր եւ պաշտպանուած օդակայաններու եւ թաքնուած թռիչքուղիներու գործարկումը: Այս գծով, խորհրդային ժամանակաշրջանէն մնացած, սակայն լքուած քաղաքային թէ ռազմական որոշ օդակայաններու վերակառուցումը անհրաժեշտութիւններ են հաւանաբար:
Առ այդ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի եւ հրթիռային հրետանիի այժմէականացման զուգահեռ, օդուժի որակական այս անցումը ռազմավարական ընդհանուր ամբողջութիւն մը կրնայ կազմել հակատրոնային (հակաթռչող սարք) ցանցերու հաստատմամբ եւ դիրքային երկրաչափական, զինական, կենցաղային տուեալներու ամրութեան եւ արդիականացման հոլովոյթով (խրամատներու ցանցայնութիւն, ամրալարեր, ականապատում, տեսադիտարկման սարքեր, ելեկտրական հոսանքի հայթայթում, ջրամատակարարում, պարենաւորում…):
Անառարկելի է, որ պաշտպանական ոլորտի ռազմավարական այս ամբողջութեան վերոնշեալ առանցքները բանուկ եւ արդիւնաւոր կրնան դառնալ ռազմահայրենասիրական գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող, հոգեբարոյական առողջ մթնոլորտի տէր, մարտունակ, ինչպէս նաեւ մասնագիտական որակաւորումներով սնանող եւ հասարակութեան զօրակցութիւնն ու համակրանքը վայելող բանակի մը ենթահողին վրայ: Սահմանապահ ուժերու թիկունքին պէտք է գործէ սահմանամերձ գիւղերու պաշտպանական համալիր ծրագիր մը: Նոյնպէս, բանակը պէտք է որ ունենայ յենարանը աշխարհազօրային պահեստի իր կազմակերպ եւ հիմնարկաւորուած ստորաբաժանումները, որոնք հասարակութեան հետ բանակի պորտակապը մշտանորոգ կը պահեն` սպասարկելով նաեւ գործող զինուժի տարբեր անհրաժեշտութիւններուն համեմատական խաղաղութեան թէ պատերազմական վիճակներու ընթացքին:
Յատկապէս 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք, Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած պահեստային ստորաբաժանումներու գաղափարը թէեւ իշխանութիւններու կողմէ կ’ողջունուի, սակայն ընթացք չի տրուիր անոր գործնականացման` իբրեւ բանակային կառոյցի անհրաժեշտ շարունակութեան: Բանակի հրամանատարութեան տակ գտնուող եւ անոր վերահսկողութեամբ վերապատրաստուող պահեստային նման աշխարհազօրի միաւորներ, անհրաժեշտ քաջալերանքը տալով գործող բանակին, պարբերաբար կրնան բեռնաթափել բանակի տարբեր մտահոգութիւններն ու առօրեան, իսկ պատերազմի պարագային, բանակի թիկունքը կազմելէն բացի, համալրել նաեւ առաջնագիծի հնարաւոր բացերը:
Սահմանային գօտիի շրջաններու պաշտպանական ծրագիրն ու պահեստային կամաւոր ստորաբաժանումները համաժողովրդական բանակի իրենց բնութագիրով կենսունակ ուժականութիւն մը կը հաղորդեն պաշտպանական ընդհանուր ռազմավարութեան:
Միւս կողմէ` պէտք է թափ տալ եւ ընդլայնել բանակայիններու ընկերային ապահովագրութեան եւ ծառայութիւններու շրջանակը, որով բանակի կորովը անձեռնմխելիութեան տարր մը եւս կ’ամրապնդէ:
Կենսական խնդիր մըն է նաեւ սեփական ռազմարդիւնաբերական համալիրի մը սաղմնաւորումը` պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ գերատեսչութեան մը մշակմամբ ու հետեւողականութեամբ: Անհրաժեշտ է ունենալ սեփական այնպիսի ռազմարդիւնաբերութիւն, որ կը բաւարարէ բանակի զինամթերանոցի կարիքները, կը դիմէ զինատեսակներու թարմացման, վերանորոգումին եւ նորերու յղացման, տնտեսութեան մէջ հետզհետէ գրաւելով նաեւ ուրոյն տեղ` իր աշխատատեղերու քանակով եւ գիտարար արտադրութեամբ:
Թուրքիոյ սահմանագիծէն մօտ 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը ոչ միայն երկրին ուժանիւթի մէկ կարեւոր աղբիւրն է` ապահովելով երկրի ելեկտրականութեան 42,9 առ հարիւրը, այլեւ անիկա անխուսափելի բաղկացուցիչն է Հայաստանի անվտանգութեան համակարգին:
Անոր առկայութեամբ, տարածաշրջանային (Անդրկովկասի միակ հիւլէական կայանը) եւ միջազգային առումներով Հայաստանը անուղղակի անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ ռազմական յարձակումներէ:
Այս անուղղակի անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու եւ իր պարտադրած շրջափակման պայմաններով Հայաստանը կրկին ուժանիւթային ճգնաժամի մատնելու կը միտի, թուրք-ազրպէյճանական ճակատի Մեծամօրի հիւլէական կայանը փակելու ճիգերը` եւրոպական եւ միջազգային միջպետական հարթակներու վրայ:
Թուրք-ազրպէյճանական ճակատը կայանի փակման անհրաժեշտութիւնը կ’արծարծէ անվտանգութեան արդի չափանիշները չբաւարարող կայանի հին բնորդի եւ անոր երկրաշարժային գօտիի մէջ գտնուելու տուեալներով:
Մեծամօրի կայանի երկրորդ հնոցը, որ կառուցուած է 1980-ին եւ 88-ի երկրաշարժէն ետք, վերագործարկման մէջ է 1995-էն, կը համարուի աշխարհի հիւլէական կայաններու արդէն իսկ հազուագիւտ բնորդներէն (առաջին հնոցը, որ կառուցուած է 1976-ին, դադրած է գործելէ 1989-ի փետրուարէն): Այս տեսակի հնոցները արեւելեան Եւրոպայի երկիրները (Սլովենիա, Պուլկարիա…) արդէն իսկ փոխարինած են նախորդ տասնամեակներուն:
Արդարեւ, 2007-էն Հայաստանի կողմէ 600-1200MW (2,5-6 միլիառ տոլարի արժողութեամբ) ելեկտրուժի արտադրութեան կարողականութեամբ նոր հնոցի մը` կառուցման ծրագիրը, ներկայացուած տարբերակներու իր աքթիւ բանակցութիւններով հանդերձ, գործնականացման ճամբայ չէ հարթած:
Ասոր կողքին, Հայաստանը ձեռնամուխ է հնոցի կեանքը երկարացնելու եւ պարբերաբար արդիականացնելու ծրագիրի մը` ռուսական կողմին հետ համագործակցութեամբ եւ հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետեւողութեամբ: Հոկտեմբեր 2015-ի համաձայնութեամբ եւ վարկային ֆինանսաւորումով (270 միլիոն` վարկ, 30 միլիոն` դրամաշնորհ) հնոցը բանուկ կը պահուի մինչեւ 2027 թուական: Իսկ ներկայ բանակցութիւններով կ’առաջադրուի հնոցի գործարկումը երկարաձգել մինչեւ 2036 թուական:
Ներկայ հնոցի արդիականացման եւ անվտանգութեան չափանիշներու բաւարարման ծիրէն ներս, ըստ մասնագէտներու, անկարելի է հնոցին «բերանին» ապահովումը ծածկոյթով մը, որով հնոցը պաշտպանուած պիտի ըլլար օդային ահաբեկչական յարձակումներէ: Առ այդ, կայանի պաշտպանութիւնը երաշխաւորուած կը մնայ միայն Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգով:
Վերոնշեալ իրողութիւններով հանդերձ, Հայաստանը պահելու համար ռազմավարական իր զոյգ տուեալները (ուժանիւթի աղբիւր եւ անվտանգութեան անուղղակի երաշխաւորում), թուրք-ազրպէյճանական ճակատի լծակներով բանող տարբեր ճնշումները շրջանցելով` պէտք է պահէ հիւլէական ուժանիւթի տէր երկրի իր հանգամանքը` ձգտելով հիւլէական նոր կայանի մը կառուցման:
Առաջին, երկրորդ, երրորդ,չորրորդ, հինգերորդ և վեցերորդ մասերը՝ սույն հղումներով։
ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ