Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Գ.- Համազգային համերաշխութեան, համաձայնութեան եւ օրակարգի վերածնունդի հրապարակը
Արդարեւ, թաւշեայ յեղափոխութենէն մէկ տարի երեք ամիս անց` 5 օգոստոսին, համահայկական մարզախաղերը հիւրընկալող Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, Վերածնունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաքի իր ելոյթով, թէեւ ուշացած, բայց` անսակարկելի հրամայականի ընդառաջ, վարչապետ Փաշինեան կը ներկայացնէր համահայկական այն ընդհանրական արժէքները, նպատակներն ու նախադրեալները, որոնցմով ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ պէտք էր կազմաւորուէր համահայկական օրակարգ, հայկական ներուժի համախմբում եւ համակարգում:
Վարչապետը արժեհամակարգային որոշ վերանայումներով եւ նորովի բանաձեւումներով կ՛առաջադրէր հատուածականութիւնը փոխարինել համահայկականութեամբ: Այս պարունակին մէջ, հայ ըլլալը հետաքրքիր եւ հեռանկարային բովանդակութեամբ օժտելու, հայ անհատը հզօր եւ զարգացած երկրի քաղաքացիի կամ պատկանելիութեան առաքելութեամբ հաղորդելու, ինչպէս նաեւ կրթութիւնը ապրելակերպի վերածելու յղացքներու առաջադրումով վարչապետը, ներազգային կենցաղավարքի առումով, կը պարզէր «Հայաստանը իմ օճախն է. ժողովուրդը իմ ընտանիքն է» ուղենշային իր կարգախօսը:
Սահմանելով «համահայկական օրակարգի ողնաշարը» կազմող Հայաստանի ու Արցախի բազմակողմանի բարգաւաճումով հզօր, մրցունակ եւ գրաւիչ հայրենիք ու պետութիւն կերտելու նպատակն ու ծրագրային֊աշխատանքային առաջադրանքները, վարչապետը ազգային համաձայնութեան վեց պայմանաւորումներով ռազմավարական նշանակութիւն կու տար համահայկական օրակարգի շուրջ համահայկական ներուժի համախմբումին:
Առաջին 5 պայմանաւորումները ներազգային առողջ յարաբերակարգի եւ համերաշխութեան միտող սկզբունքային արժէքներ են, որոնցմով ներազգային կեանքը կ’երաշխաւորուի եւ յանձնառու կը մնայ. հարցերը լուծելու` բռնամիջոցի բացառմա՛մբ, առաջնորդուելու` ժողովրդավարութեա՛մբ, ազգային ինքնիշխանութեան առանցքի շուրջ` մերժելով օտար ուժերու եւ անոնց շահերու ներգրաւումը, օրէնքի գերակայութեա՛մբ, ինչպէս նաեւ` փտածութեան դէմ խիստ պայքարով:
Արժեւորելով այս բոլորը եւ ողջունելով հանդերձ, վարչապետին կողմէ ամենագլխաւոր համարուած 6-րդ պայմանաւորումի ամրագրումը, որ բանակցային գործընթացի հայկական կողմի նպատակը կը բացատրէ` «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած արցախեան ազատամարտի արդիւնքներու պաշտպանութեամբ», համահայկական օրակարգի եւ անոր սպասարկող ազգային համաձայնութեան ենթահողի ներկայացուած նախադրեալներն ու յղացքները համապարփակ չեն կրնար համարուիլ եւ անպայմանօրէն թերիներ կը պարզեն:
Առանց թերագնահատելու արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգի վարչապետի յանձնառութիւնը եւ այս ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրող ուղերձներու` Թուրքիոյ թշնամական վերաբերումի եւ Ցեղասպանութեամբ հայութեան հայրենազրկման փաստի թիրախային յղումները, հարցականներու դուռ կը բանայ` ներկայացուած համահայկական օրակարգի եւ ազգային համաձայնութեան շրջածիրէն Ցեղասպանութեան 100֊ամեակի համահայկական հռչակագիրի եզրոյթներու բացակայութիւնը, կամ առհասարակ համահայկական այս կարեւոր փաստաթուղթի շրջանցումը: Ի վերջոյ 100֊ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ոչ միայն համազգային օրակարգի ռազմավարական կարեւոր հիմնադրոյթներ ամրագրած էր, այլեւ` զանոնք կենսագործելու նախագծային քարտէս եւ այս ուղղութեամբ համագործակցութեան սաղմնային կառուցակարգեր յառաջացուցած:
Միւս կողմէ` բաւարար չէ սփիւռքահայերու ձուլումը կանխել` զանոնք ներգրաւելով եւ շահառու դարձնելով Հայաստանի բագաւաճման օրակարգին:
Ասոր զուգահեռ, «հին սփիւռքի»` կազմակերպ եւ հիմնարկաւորուած սփիւռքի, պետական համապատասխան արժեւորումն ու անոր զուտ սփիւռքեան օրակարգի պետական նեցուկը անհրաժեշտ խթաններ են, որոնք սփիւռքահայ կեանքը սննդաւորելով` անոր ձգողական դաշտը առաւել հասու պիտի դարձնեն ոչ միայն ներքին, այլ արտաքին ճակատներու վրայ:
Ցանցային ինքնավար ու հիմնարկաւորուած կեդրոնակայաններով ներկայացած` սփիւռքահայ հաւաքական կազմակերպ կեա՛նքն է՛ միայն, որ իր ներհայեցողութեամբ կրնայ նաեւ հայրենահայեաց դիրք ունենալ եւ հայրենիքի հետ ամուր ու յարատեւող զարկերակ պահել: Առանց առերեսուելու սփիւռքեան իր կացութաձեւին ու ինքնութեան գոյատեւման պայմաններուն` սփիւռքահայ ոեւէ (նորաբնակ կամ հին) անհատ եւ հաւաքականութիւն չի կրնար յարատեւել միմիայն հայրենական իր կապերուն ու շահագրգռութեան մէջ: Կազմակերպ ու համայնական հիմնարկաւորուած կռուանները անշրջանցելի են այս առումով:
Վարչապետի ներկայացուցածին մէջ` արդար պիտի ըլլար առանձնաբար փնտռել նաեւ աւանդական սփիւռքի արժեւորումը` իբրեւ Ցեղասպանութենէն ծնած պատմաքաղաքական իրողութիւն, արեւմտահայ ժառանգութիւն եւ ազգային Դատի պատուանդան:
Սփիւռք-Հայաստան յարաբերակարգի գծով առաջին հերթին հարկաւոր է վերընդգծել հայրենի պետութեան համահայկական դիմագիծն ու առաքելութիւնը:
Այս առումով, սփիւռքի նախարարութիւնը այդ համահայկականութեան դիմագիծին կարեւոր մէկ բաղադրիչն էր իրաւաքաղաքական իր կնիքով: Պէտք է արձանագրել, որ նախարարութեան վերացումը հայրենի պետութեան համահայկականութենէ յետընթացի եւ սփիւռք- Հայաստան յարաբերութեանց խարխլումի նշանակութիւնները ունեցան, գէթ` սփիւռքահայութեան մէջ:
Միւս կողմէ` յարատեւող եւ առողջ յարաբերութիւնները կ՛ենթադրեն համաձայնական- գործընկերային բնոյթ եւ հորիզոնական ձեւաչափ հիմնարկաւորուած սփիւռքի աւանդական-համայնքային միաւորներու ներկայացուցչական խորհուրդներու կամ մարմիններու հետ:
Ուղղահայեաց եւ մասնատուած յարաբերութեան ձեւաչափի որեւէ փորձ վանողական հետեւանքներ կ՛ունենայ անպայմանօրէն:
Ասկէ անկախ, հայրենի պետակաշինութեան գործին սփիւռքի մասնակցային դերը կամ գործօն ներգրաւումը օրկանական, կառուցակարգի մը հաստատմամբ պէտք է երաշխաւորուի եւ դուրս գայ պարագայական խանդավառութեանց կամ յուսախաբութեանց ոլորապտոյտէն:
Հաւանաբար Հայաստանի խորհրդարանին մէջ սփիւռքահայութեան ներկայացուցչութեան որոշ համեմատութեան մը հաստատումը կամ նոյն ներկայացուցչութեան ներգրաւումը խորհրդարանական երկպալատ դրութեան մը, կառուցակարգային արդիւնաւէտ լուծումներէն են, որոնք նաեւ պետութեան համահայկականութեան կենարար բովանդակութիւն կը հաղորդեն:
Վերոնշեալ խնդրայարոյց բացթողումներն ու մատնանշումները արձանագրելով` հարկ է նաեւ Վերածնունդի հրապարակէն ներկայացուած համազգային օրակարգի եւ համաձայնութեան վարչապետի յայտարարողական նշանակալից ամրագրումները անցընել կատարողական հաշուեկշիռի քննութենէն, եթէ կ՛ուզենք իսկապէս կառուցողական, թափանցիկ եւ վստահելիութիւն կերտող երկխօսութեան ձեռնարկել` ի խնդիր համազգային ֊ պետական հիմնահարցերու շուրջ ներուժի համախմբման, մանաւանդ որ վարչապետը 25 յունուարի կապանեան իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով Դաշնակցութեան հետ իր յարաբերութեան, վերընդգծած է պետութեան համար ուժերու համախմբման ռազմավարական նշանակութիւնը:
(Շար. 2)
Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ (մաս 1)՝ այստեղ.
ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ