կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-02 14:13
Սփյուռք

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ. մաս 6

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ. մաս 6

Զ – Ռազմավարական Խճուղի Արցախեան Հիմնահարց եւ Թուրք – Ազրպէյճանական Աքցան

Արցախեան բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմի նպաստաւոր դիրքաւորման համար, վարչապետ Փաշինեանի կատարած վերաշեշտադրումները, Արցախի հանրապետութիւնը իբրեւ ուղղակի եւ լիարժէք կողմ վերադարձնելու,ինչպէս նաեւ  Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի Հայաստանի դերը ամրագրելու, ողջունելի ըլլալով հանդերձ՝ կ’ենթադրեն հետեւողական վարքագիծ եւ իրաւաքաղաքական ենթահող։ Այս գծով, Դաշնակցութեան առաջադրած Հ.Հ.­Ա.Հ. ռազմաքաղաքական դաշինքը լաւապէս կրնայ ներկայացնել այն իրաւաքաղաքական ենթահողը, որով կ’երաշխաւորուի հայկական զոյգ կողմերուն դերաբաշխուած վերոնշեալ դիրքաւորումներուն բանաձեւումը բանակցային գործընթացին մէջ։

Ռազմաքաղաքական դաշինքի փաստաթուղթը ներկայ իրողական կարգավիճակի իրաւաքաղաքական լաւագոյն տարազը, հիմնաւորումն ու առաւել ամուր հիմնարկաւորումը կը բանաձեւէ։

Այսպէս՝ Հայաստանը ոչ միայն Արցախի անվտանգութեան գծով իր յանձնառութեան ձեւակերպում կու տայ, այլեւ Արցախի իրողական անկախ կարգավիճակի արձանագրութեամբ եւ այդ փաստի զօրակցական վերաբերումով, կը խրախուսէ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց մը։ Միւս կողմէ, հայկական սփիւռքի դրդմամբ տարբեր երկիրներու Արցախի հետ քաղաքային թէ նահանգային մակարդակներու վրայ արձանագրուող գործակցութիւնն ու ճանաչումները անհրաժեշտ խթաներ կը հայթայթեն վերոնշեալ գործընթացին։

Բացի բանակցային գործընթացին սպասարկելէ եւ հոն հայկական զոյգ դիրքաւորումները հաստատագրելէ, դաշինքը զոյգ պետութեանց յարաբերակարգին եւ կենսագործունէութեանց մէջ (տնտեսութիւն, կրթութիւն, ֆինանսական ոլորտ) անհրաժեշտ կարգաւորումներ կ’ապահովէ։

Ասկէ անկախ, հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք չէ գայթակղութիւնը ունենայ հետզհետէ համոզուելու, որ Փաշինեան-Ալիեւ Տուշանպէի հանդիպումով հաստատուած՝ շփման գիծերու լարուածութեան մեղմացման սպասարկող ուղղակի գիծը, կրնայ փոխարինել՝ 2016-ի պատերազմէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հովանաւորութիւնը վայելած՝ զինադադարի ամրագրման Վիեննայի, Ս.Պետերսպուրկի եւ Ժընեւի պայմանաւորուածութիւնները, որոնց համաձայն՝ զինադադարի վերահսկման, շփման գիծերու մշտադիտարկման եւ խախտումներու հետաքննութեան կայուն մեքանիզմներու ներդրումով, ներկայի իրողական վիճակը փոխելու ռազմական ուղին, միջազգայնօրէն խոչընդոտուած եւ դատապարտուած գրաւի մը կը վերածուէր:

Վերոնշեալ պայմանաւորուածութեամբ՝ միջազգային երաշխիքներով, փաստօրէն Ազրպէյճեանի «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» մարտավարական գործօնը կ’ամլանար իր «օրինական» պատճառականութիւնը գտնելու:

Ճիշդ է, որ որոշ ժամանակէ մը ի վեր՝ համեմատաբար մեղմացած է շփման գիծերու լարուածութիւնը, բայց անիկա առաւելաբար արդիւնքն է  Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մակարդակով «նոր պատերազմ – նոր տարածքներ» յղացքի առաջադրման եւ գործարկման, քան Փաշինեան-Ալիեւ «ուղիղ գիծի» հսկողութեան:

Այսպէս՝ Նախիջեւանեան հատուածի ազերիական դիրքային տեղաշարժով (օգտուելով նաեւ  «ուղիղ գիծի» հրադադարի պայմաններէն) արձանագրուած Երեւան -Սիւնիք ռազմավարական մայրուղիի խոցելիութիւնը կը հակակշռուէր  Տաւուշի մարզէն հայկական դիրքերու տեղաշարժի  ա՛յն առաւելութեամբ, որ Ազրպէյճան-Վրաստան մայուղին հայկական վերահսկողութեան տակ կը պահէ :

Ուշագրաւ է, որ հայկական կողմը Արցախեան հարցի ներկայացման մէջ,  ինքնորոշման իրաւունքի արցախահայութեան պայքարը կը փորձէ համալրել նաեւ մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարական, ցեղասպանութեան ապառնալիքի եւ անվտանգութեան հիմնաւորումներով, ինչպէս նաեւ պատմաքաղաքական յղումներով:

Բանակցային հոլովոյթին մէջ Արցախի վերադարձին անհրաժեշտութիւնը, բացի 92 Մայիսի զինադադարի  փաստաթուղթին եւ 94-ի ԵԱՀԿ-ի Պուտապեշտեան արձանագրութեան յղումներէն, կը փաստարկուի նաեւ ժողովրդավարական այն հասկացողութեամբ, որուն համաձայն՝ Հայաստանի վարչապետի ընտրութեանց մէջ Արցախահայութիւնը չի մասնակցիր, հետեւաբար՝ Հայաստանի վարչապետը չի կրնար ներկայացնել նաեւ Արցախը, որ իր առանձին  պետութեան ներկայացուցիչները ունի արդէն:

Ազրպէյճանը հայկական այս ճիգը կը փորձէ վիժեցնել եւ հակակշռել Ղարաբաղի ազրպէյճական համայնքի վերակենդանացումով եւ անոր պատնէշային առաջադրմամբ: Խորքին մէջ, Ազրպէյճանի այս մարտավարութիւնը շատ աւելի՛ն է՝ քան հայկական  առաջադրանքին հակակշիռը. այսպիսով՝ անիկա արցախեան հարցի աղճատման կը դիմէ եւ հարցը կը փորձէ տեղադրել Ազրպէյճանի մէկ հատուածին միջհամայնքային հակամարտութեան ծիրէն ներս, հաւասարեցնելով նաեւ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը համայնքային մակարդակի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Փաշինեանի հարցի լուծման ոեւէ տարբերակ՝ երեք ժողովուրդներու (Հայաստան, Արցախ, Ազրպէյճեան) հաւանութեան արժանացնելու ժողովրդավարական առաջադրանքը, Ազրպէյճանի ամբողջատիրական կարգ ու սարքին հակադրելու ճիգը քարոզչաքաղաքական ճնշամիջոցէ մը աւելիին չի կրնար ծառայել: Աւելին՝ անիկա կրնայ նաեւ հակառակ ազդեցութիւն ձեռք ձգել նսեմացնելով Արցախի ինքնորոշուած ըլլալու փաստը:

Մարդային իրաւունքներու շարքին կը պատկանի նաեւ անվտանգութիւնը: իսկ երբ, Սումկայիթի (Փետր.88), Գանձակի (Նոյ. 88), Պաքուի (Յունուար 90) եւ Մարաղայի (Ապրիլ 92) հայկական ջարդերը, ինչպէս նաեւ հիւսիւսային Արցախի (Գետաշէն – Մարտունաշէն –Շահումեան 90 – 92) Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումներու եւ բռնագաղթի իրողութիւնները՝ անառարկելի՛ դարձուցած են Ազրպէյճանի ցեղասպան բնութագիրը, անհամատեղելի կը մնան արցախահայութիւնն ու Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն ներս՝ անոնց անվտանգութեան անհրաժեշտութեամբ: Անվտանգութիւնը անձեռմխելի մարդկային իրաւունք է, զոր պէտք չէ սակարկել:

Այսուհանդերձ, Միւնիխեան անվտանգութեան խորհրդաժողովի Ալիեւ-Փաշինեան բանավէճի ընթացքին, ազատագրուած տարածքներու վերաբերեալ Փաշինեանի տուած անվտանգութեան նշանակութիւնը՝ թէկուզ անսակարկելի համարուած, խիստ խոցելի կը ներկայանայ: Անվտանգութիւնը միմիայն ռազմական սպառնալիքի դիմագրաւման բաղադրիչով ներկայացնելը սխալ ուղղութեան կ’առաջնորդէ։ Անիկա պէտք է զուգորդուի իրաւաքաղաքական ա՛յլ բաղադրիչներով նաեւ։ Արցախի անսակարկելի անվտանգութիւնը կը ներկայանայ արդէն իսկ ինքնորոշուած իրաւաքաղաքական միաւորի մը սահմանադրութեամբ ամրագրուած հողային ամբողջականութեամբ, որ ազատագրուած տարածքներուն հետ կ’ընդգրկէ նաեւ բռնագրաւուած հիւսիսային Արցախը։ Հետեւաբար, Արցախի անվտանգութիւնը, կ’ընդգրկէ անկախ պետութեան մը փաստի ճանաչումը իր սահմանադրական անձեռնմխելիութեամբ։ Հիմնաւորման այս ուղին է, որ հակաթէզ չ’ընդունիր։

Արդարեւ, արցախեան հարցի բնորոշման մէջ ցեղասպանութեան եւ անոր սպառնալիքի առկայութեան վերաշեշտադրումը,  թիրախային է նաե՛ւ արցախեան հակամարտութեան թէ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ թրքական գործօնը զսպանակելու առումով: Նախիջեւանի հայթափման օրինակին զուգակցումը արցախեան հարցին (ՄԱԿԻ ամպիոնէն վարչապետի ելոյթով) եւ մասնաւորաբար՝ Ագուլիսի հայկական ջարդին 100րդ տարելիցի նշումը արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով, կու գան յուշելու ա.  հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն Նախիջեւանի հայկական պատկանելիութիւնը եւ դաշնակիցներու անկարողութիւնը պաշտպանելու զայն  ցեղային զտումներէ: Վերոնշեալ դիրքերէ պատմաքաղաքական այս փաստերու կրկնակի արծարծումով, հայկական կողմը պատգամներ կը փոխանցէ  քանի մը ուղղութիւններով եւ նշանակութեամբ: Այսպէս՝ յղում կայ ցեղասպանութեան  սպառնալիքին եւ անոր կանխարգիլման միջազգային  ընտանիքի յանձնառութեան պատմական զլացումին, այս անգամ՝ արցախեան հարցի կարգաւորման մէջ այդ յանձնառութեան գործնական թարգմանութեան պահանջով: Պատգամ, նաե՛ւ Նախիջեւանի հայկական պատկանելիութեան ընդգծումով՝  Նախիջեւանէն ազերիական դիրքային տեղաշարժը  զսպելու եւ ընդհանրապէս՝ Թուրքիոյ աքթիւ ներգրաւմամբ Նախիջեւանի ռազնականացման վտանգին վերաբերեալ իր նախազգուշացմամբ:

Այսուհանդերձ, բանակցային գործընթացի մէջ իրաւաքաղաքական թէ դիւանագիտական ուժական այս ներարկումները, կրնան ամլանալ, եթէ հայկական կողմը զգուշ չըլլայ ներքաշուելու ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստումի պիտակով՝ կարգաւորման փուլային տարբերակի մը մէջ։ Այս իմաստով, Փաշինեան­Ալիեւ «ուղիղ գիծը», ազատագրուած տարածքներու թէկուզ անսակարկելի յայտարարուած՝ բայց միմիա՛յն անվտանգութեան նշանակութեամբ պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ երեք ժողովուրդներու հաւանութեան դիմելու յղացքն ու այս գործընթացին մինի­յեղափոխական քայլերով յառաջխաղացքի գաղափարները թակարդուած են անխուսափելիօրէն ներքաշուելու կարգաւորման փուլային վտանգաւոր տրամաբանութեան մը։

Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման մէջ, հայկական կողմը մի՛շտ ջանադիր պէտք է ըլլայ համապարփակութեան ու համարժէքութեան շրջածիրով պայմանաւորուած՝ միաժամանակեայ եւ զուգակշիռ քայլերու մեթոտաբանութեան պահպանումին։

Տարածաշրջանէն ներս, թուրք­ազրպէյճանական հակահայ ռազմավարական զինակցութիւնը ուղղակի իր ճակատումներէն բացի, պաղ պատերազմի մը բնորոշ իր գործիքներով՝ գրաւը դրած է նաեւ Հայաստանի մեկուսացման եւ տնտեսական շնչահեղձութեան ճամբով՝ հասնիլ անոր ընկճումին ու անձնատուութեան։ Հայաստանը իր արեւելեան եւ արեւմտեան սահմաններով շրջափակելէ անկախ, թուրք­ազրպէյճանական զինակցութիւնը կը ջանայ Հայաստանը դուրս պահել տարածաշրջանային զարգացման գործընթացներէ՝ ձգտելով անոր կատարեալ մեկուսացման։

Արդարեւ, Հայաստանի գործօն դիմակայութիւնը թուրք­ազրպէյճանական աքցանի ամլացման պէտք է միտի՝ առաջին հերթին, հիւսիս­հարաւ ցամաքային հաղորդակցութեան առանցքի կազմութեամբ։

Այս գծով, հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգին զուգահեռ՝ Հայաստանը պէտք չէ վարանի նաեւ Թուրքիոյ տարածաշրջանային գերուժի նէօ­օսմանական հաւակնութիւններէն անհանգստացնող, անոր ռազմաքաղաքական պատկանելիութեան շրջանցումէն վրդոված, ինչպէս նաեւ իր քաղաքակրթական ամբողջականութեան համար զգայուն՝ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու (Ուաշինկթըն, Պրիւքսէլ) հետ իր դիմակայութեան խթանները ապահովելու։

Նոյնպէ՛ս՝ Հայաստանը այս առումով լծակից եւ աշխուժ առնչութիւններ պէտք է պահէ Թուրքիոյ նէօ­օսմանականութեան հակազդող (մէկ կողմէ Իրան­Իրաք­Սուրիա, իսկ միւս կողմէ Կիպրոս եւ Յունաստան) եւ անոր ազդեցութեան մրցակից՝ (Եգիպտոս, Սուէտական Արաբիա)՝ տարածաշրջանային երկիրներու հետ։

Այս պարունակին մէջ, հակառակ ամերիկեան սկզբնական զգայնութեանց դիմագրաւումին, պէտք է համապատասխան արժեւորում ստանայ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հետ համագործակցութեան շրջածիրէն ներս՝ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան հաստատումը Սուրիա։

Հիւսիս­հարաւի ուղղութեան կազմութեամբ է, որ Հայաստանը պիտի կարենայ կապուիլ ցամաքային հաղորդակցութեան համաշխարհային ցանցին, իբրեւ Ազրպէյճանի այլընտրանք։

Հայաստանը անդուլ ջանադրութեամբ ստիպուած է յաղթահարել աշխարհաքաղաքական եւ ֆինանսական տարբեր խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ այս ուղղութեան իր տարբերակին (Վրաստան­Հայաստան­Իրան) հարթեցման ու ամրապնդման համար։

Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները ռազմավարական նշանակութիւն ունին, ոչ միայն այն պատճառով, որ Իրանը աշխարհին բացուող Հայաստանի հարաւային դարպասն է եւ ուժանիւթի (կազ) ներկրման այլընտրանքային աղբիւր եւ ուղի կը հանդիսանայ Հայաստանի համար, այլ նաեւ՝ արցախեան հարցի վերաբերեալ իր բարեխառն մօտեցումով՝ իսլամական աշխարհի մէջ Թուրք­ազերիական հրահրումով՝ հարցի կրօնական թարգմանութեան արգելակներէն է։

Միւս կողմէ, հեռահար իր ազգային հաշուարկներէն մեկնած, Իրանը շահագրգիռ է շրջանին մէջ հակափանթրքական պատուարի մը կազմաւորման, մանաւանդ որ իր հիւսիսային մասով եւ անոր կարեւոր համեմատութեան մը հասնող ազերիաբնակ իրողութեան բերումով փանթուրքիզմի համար թիրախ է։

Այս պարունակին մէջ պէտք է տեսնել արցախեան հարցի վերաբերեալ Իրանի բարեխառն մօտեցումն ու Հայաստանի հետ յարաբերութեանց խորացումի հետաքրքրութիւնը, յատկապէս՝ երբ Հայաստանը Վրաստանի միջոցաւ կրնայ հանդիսանալ Իրանի եւրասիական եւ եւրոպական շուկաներուն բացուող՝ ապահով մէկ պատուհանը, այն ա՛լ ամերիկեան պատժամիջոցներով թելադրուած շրջափակման պայմաններուն տակ։

Հակառակ ռազմավարական այս անհրաժեշտութեան եւ հակառակ հայկական կողմի ամերիկեան պարբերական զգայնութեանց շրջանցումին, հայ­իրանական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ մակարդակի աշխուժութիւնը չեն գրանցեր եւ ծանրաշարժ ընթացք մը ունին։

Փաստը այն է, որ 1992ին, Հայաստան­Իրան սահմանին հաստատուած զինուորական կամուրջը, միայն 4 տարի ետք փոխարինուեցաւ կայուն կամուրջի մը շինարարութեամբ։ Ուժանիւթի մատակարարման տարբեր տագնապներէն ետք միա՛յն, 2007ին, բացումը կատարուեցաւ Իրան­Հայաստան այնքա՛ն անհրաժեշտ կազամուղին։ Արաքսի ափին երկու ջրելեկտրակայաններու համատեղ ծրագիրը տակաւին չէ իրականացած։ Իսկ Իրան­Հայաստան երկաթուղիի ծրագիրը՝ ծախսատար ըլլալուն պատճառով, փոխարինուեցաւ հիւսիս­հարաւ մայրուղիի շինարարութեան ծրագիրով, որուն իրագործումը թէեւ սկսած է, սակայն դանդաղ կ’ընթանայ։

Մայր Արաքսին խաչուող հայ­իրանական այս զարկերակը պարտաւորուած է արագավազ ըլլալ այնքա՛ն, որքան՝ Արաքսի ջուրերը, որովհետեւ տարածաշրջանային ռազմավարական ժամացոյցը պայմանաւորուած է կենսական ժամադրութիւններով…

Հակառակ երկու երկիրներուն աշխարհաքաղաքական տարբեր կողմնացոյց որդեգրելուն, Հայաստանն ու Վրաստանը բարի դրացիական իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ունին բաւարար ներուժ եւ  շահագրգռութիւն՝ ռազմավարական որոշ ոլորտներու մէջ ունենալու գործընկերային յարաբերութիւն։ Հիւսիս­հարաւ ցամաքային հաղորդակցութեան վերոնշեալ առանցքի ամրապնդմամբ, Վրաստանը Հայաստանի միջոցաւ կը բացուի իրանեան 80 միլիոննոց շուկային, արաբական կամ Պարսից ծոցին եւ Միջին Արեւելքէն Չինաստան երկարող նոր Մետաքսէ ճանապարհին մէկ կարեւոր հորիզոնականին։ Հաւասարապէս՝ ան մէկ կարեւոր ելակէտը կը հանդիսանայ, ինչպէս Հայաստանի՝ նոյնպէ՛ս իրեն բացուող վերոնշեալ գօտիներուն դէպի Սեւ ծովեան աւազան եւ Ռուսիա։ Հայաստանի հետ մօտ 225 քլմ. սահմանը ունի երեք բանուկ անցակէտեր, Ռուսաստանէն Հայաստան երկարող կազամուղ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Թիֆլիսը հատող եւ Պաթումի ու Փոթիի նաւահանգիստները ճիւղաւորուող երկաթուղի։

Թէեւ տնտեսական անհրաժեշտութիւններով շրջանցուած կը թուի ըլլալ, սակայն պէտք է արձանագրել, որ ռուս­վրացական լարումներն ու առճակատումն են միա՛յն, որոնք կարողութիւն ունին խափանելու Հայաստան­Ռուսաստան մայրուղիով կատարուող բեռնափոխադրումներն ու կազամուղը։ Այսուհանդերձ, դրացի երկիրներու փոխշահաւէտ առնչութիւնները չեն կրնար դադրիլ։

Միւս կողմէ, Վրաստանի մաս՝ հայկական Ջաւախքը, երկու երկիրներու յարաբերութեանց աշխուժացման մէկ կարեւոր խթանը կրնայ հանդիսանալ, եթէ երբեք անոր ինքնութեան անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորուած է եւ մանաւանդ օժտուած վարչատարածքային իրաւունքներով եւ վրացական պետութեան ընկերատնտեսական հոգատարութեամբ։ 30­31 Մայիս 2018ին, վարչապետ Փաշինեանի Վրաստան այցի շրջածիրէն ներս, վարչապետի ջաւախքեան «շրջապտոյտը» անպայմանօրէն միտուած էր նաեւ վերոնշեալ ուղերձը կրելու։

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Առաջիներկրորդերրորդ և չորրորդ, հինգերորդ մասերը՝ սույն հղումներով։