Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ռազմավարական Խճուղի
Արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգ, մարտահրաւէրներ եւ հարցեր
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը վարող հայեցակարգը օրակարգային խնդիրներու եւ հեռահար նպատակներու փոխլրացման եւ երբեմն զուգորդման պայմանականութիւնը ունի, եթէ ան յանձնառու է խարսխուելու համազգային գաղափարախօսութեան մը հիմնադրոյթներուն վրայ:
Արդարեւ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային առաջադրանքը կը մնայ` ապահովել աշխարհաքաղաքական այնպիսի դիրքաւորում եւ յարաբերակարգ, որոնք ազգային պետականութեան անկախութեան աստիճանաչափի յաւելմամբ եւ պետականութեան հզօրացումով` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան կարմիր սահմանագծումները կ՛երաշխաւորեն եւ արցախեան յաղթանակի իրաւաքաղաքական ամրագրման կը միտին:
Առ այդ, պէտք է կարենալ կազմաւորել ռազմավարական այն նախադրեալները, որոնցմով հայկական գործօնը տարածաշրջանային բեմի հոլովոյթներուն վրայ հաշուառելի եւ ազդող դերակատարի կը վերածուի իր օրակարգային թէ հեռահար առաջադրանքներու հետապնդման առումով:
Նման գործօնի մը կազմաւորումն ու յառաջխաղացքը կ՛ենթադրեն պետական կարգ ու սարքի ամրութեան, ժողովրդագրական պաշարի եւ շրջափակումը յաղթահարող հաղորդակցական ունակութեան յենասիւներ, երկրի բարգաւաճման ու պաշտպանունակութեան զուգահեռ` սպասարկման տնտեսական բնորդ, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի հետ դերաբաշխուած համագործակցութեան կառուցակարգեր:
Հայկական այս գործօնն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի ուղեկցութեամբ, կրնայ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակման եւ Ազրպէյճանի թրքական ռազմաքաղաքական թիկունքին հայկական դիմակայութիւնը վերածել տարածաշրջանէն ներս թրքական յառաջխաղացքի դէմ արգելակի:
Նոյն գործօնի թիրախային ներուժի ուղորդմամբ է, որ աշխարհաքաղաքական վերաձեւաւորումներու պարունակով հետզհետէ հասու կը դառնայ թուրք-ազրպէյճանական նախիջեւանեան ռազմաքաղաքական սեպի չէզոքացումը, ինչպէս նաեւ` Ջաւախքի հայկական ինքնութեան վրացական երաշխաւորումը, անոր ազգագրական եւ աշխարհագրական ամբողջութիւնը պահող` վարչատարածքային ինքնավար միաւորի մը տարազով:
Ռազմավարական կշիռի յաւելմամբ թափ ստացած հայկական գործօնն է միա՛յն, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւի հատուցման բաղադրիչի իրաւաքաղաքական իր յղումներով կրնայ ներկայանալ աշխարհաքաղաքական վերագծումներու կազմաւորուող օրակարգին մէջ` համապատասխան տեղ եւ իրողական արծարծումներ արձանագրելու նախաձեռնութեամբ:
Հայկական գործօնի ռազմավարական կշիռը, ինչպէս նախանշուեցաւ, անպայմանօրէն կ’ենթադրէ նաեւ հայկական սփիւռքն ու անոր հնարաւորութիւնները, մասնաւորաբար` արտաքին քաղաքականութեան համար անոր թիկունքային եւ լծակից դիւանագիտութեան դերով:
Յատկապէ՛ս Հայ դատի պետականացման երթուղիի վրայ սփիւռքի վերոնշեալ դերակատարումը առաւել հիմնաւորում եւ հնչեղութիւն կ՛ունենար սփիւռքի նախարարութեան զուգակցումով: Ներազգային ճակատի ամրակայման եւ հայրենի պետութեան համահայկականութեան զգեստաւորման անհրաժեշտութիւններէն բացի սփիւռքի նախարարութիւն ունենալը միջազգային ընտանիքին ներկայացուող քաղաքական կարեւոր ցուցապաստառ մըն էր եւ կը մնայ պահանջատիրական իր սլաքներով: Անիկա անխուսափելիօրէն կոչուած էր ըլլալու պահանջատիրական պետական երթուղիի իրաւաքաղաքական մէկ կարեւոր բաղադրիչին հիմնաւորումը:
Անիկա քաղաքական տիրութեան պատգամ է նաեւ թշնամիի ուրացման ա՛յն քաղաքականութեան, որ հայկական սփիւռքը կը փորձէ ներկայացնել իբրեւ օսմանեան սփիւռք (Տաւութօղլուի թեզ, դեկտեմբեր, 2019, Երեւան), հայկական պահանջատիրութիւնը զուտ քաղաքացիական կոտորակուած հարթութիւն տեղափոխելու եւ զայն Սեւրէն տարանջատելու դիտաւորութեամբ: Այսպէս, սփիւռքը` իբրեւ պահանջատիրակա՛ն ճակատ` նախարարութեան մը տարազով ներկայացնելը ազգային պետութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն կ՛ունենայ, անշուշտ, եթէ պետութիւնը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ յանձնառութիւնը ունի պահանջատիրական օրակարգի մը ենթահողը պատրաստելու:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր առաջնորդին յղած միջազգային ուղերձներու յանձնառարութեամբ, իշխանափոխութենէն ետք, երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը զերծ պահեց աշխարհաքաղաքական շրջադարձէ:
Ընդհանուր առմամբ, երկրի արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծը պահեց իր հետեւողականութիւնը: Ռազմաքաղաքական (ՀԱՊԿ) եւ ռազմատնտեսական (ԵԱՏՄ) գօտիներու իր պատկանելիութեամբ հանդերձ, Հայաստանը կը շարունակէ արեւմտեան համարկման գործընթացներու իր մասնակցութիւնը ներդաշնակել վերոնշեալ պատկանելիութեանց եւ հակառակ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական բախուող գործօններու առկայութեան, կը ջանայ նոյն գործօններու հաւասարակշռմամբ` չներքաշուիլ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գօտեմարտներու (Միացեալ Նահանգներ-Իրան,Ռուսիա-Վրաստան), ընկալելի դարձնելով իր աշխարհաքաղաքական առանձնայատութիւններն ու առաջնահերթութիւնները:
Միւս կողմէ` Հայաստան պարտաւորուած կը մնայ իր աշխարհաքաղաքական դիրքաւորման աշխուժ ու որակական յարաբերակարգով` կանխելու եւ զսպանակելու տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան հաստատման թէ մերձեցման այնպիսի գործընթացներ, որոնք կրնան կայանալ ի հեճուկս Հայաստանի ազգային֊պետական շահերուն, յատկապէս` ռուս֊թրքական եւ ռուս֊ազրպէյճանական հարթութիւններով:
Տարածաշրջանէն ներս Հայաստանի հանդէպ ՀԱՊԿ֊ի յանձնառութեան եւ պատերազմի կանխարգիլման առումով Ռուսիոյ լծակներու բանեցման Հայաստանի դաշնակցային պահանջներն ու կատարած յուշարար յղումները պէտք է վերածել կենսունակ օրակարգի:
Դաշնակցային, գործընկերային եւ առհասարակ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանը կը թուի, թէ միակողմանի օրակարգեր ընկալելու պահուածքէն եւ դիւանագիտական լուռ ու կծուած իր նախկին վարքագիծէն անցում կատարած է նախաձեռնողական եւ արձագանգող դիւանագիտական գործելաոճի մը, երբ յստակ կը բանաձեւէ իր առաջադրանքները եւ փոխադարձ շահագրգռութիւն ու այժմէականութիւն կը հաղորդէ յառաջ քշուած օրակարգերու:
Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւն հաստատելու պաշտօնական Երեւանի պատրաստակամութեան վերանորոգումը այս անգամ կը զուգակցի անոր` Հայաստանի հանդէպ թշնամական վերաբերումին յանդուգն հասցէագրումով, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին առընթեր` հայութեան հայրենազրկան փաստի արծարծումով:
Արտաքին քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս վերոնշեալ ամրագրումները, յաչս միջազգային ընտանիքին, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւններ էին այլեւս, մանաւանդ որ Թուրքիան ոչ միայն Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնը կը պայմանաւորէ արցախեան հարցի ազերիանպաստ լուծումով, այլ Հայաստանի շրջափակումով իր կիսապատերազմական քայլը կ՛ամրագրէ Ազրպէյճանի թիկունքային մշտանորոգ օժանդակութեամբ եւ ուղղակի ձեռնամուխ կը դառնայ Նախիջեւանի ռազմականացման:
ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ