կարևոր
3529 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-15 16:43
Քաղաքական

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի ելոյթը Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութիւնում մարզա-մշակութային միութիւնների ներկայացուցիչների հետ հանդիպմանը

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի ելոյթը Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութիւնում մարզա-մշակութային միութիւնների ներկայացուցիչների հետ հանդիպմանը

«alikonline.ir» – Դեկտեմբերի 12-ին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան կատարած այցի երկրորդ բաժնում ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը մասնակցել է Հ. Մ. «Արարատ» Կ.-ի կազմակերպած ընթրիք-միջոցառմանը իրանահայ համայնքի քոյր միութիւնների նախագահների հետ: Հանդիպմանը ներկայ են եղել «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սեւան Դանիէլեանը, Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհրդի ատենապետ ճրտ. Նորայր Արամեանը, Հ. Մ. «Արարատ» Կ.-ի կենտրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեանը, Կենտրոնական վարչութեան ամբողջ կազմը, Հ. Մ. «Արարատ» Կ.-ի Մարզական, Սկաուտական, Արւեստից եւ Երէցների միութեան նախագահները, Հ. Մ. «Սիփան» միութեան, Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան Հ. Մ. «Սարդարաբադ» միութեան, Հայ Ուս. «Չհարմահալ» միութեան, Հայ Հասարակական միութեան, նաեւ Ճարտարապետների եւ ճարտարագէտների միութեան նախագահները:

Հանդիպման սկզբին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչին բարիգալստեան խօսք է յայտնել Հ. Մ. «Արարատ» Կ.-ի Կենտրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեանը, որի ընթացքում ներկայացրել է միութիւնների նախագահներին, այնուհետեւ հրաւիրել է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչին իր պատգամը փոխանցել:

Միջոցառման ընթացքին տեղի են ունեցել մտքերի փոխանակումներ, վերջում ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչին նւիրւել է յուշանւէր:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի ելոյթը

Իսկապէս մեծ հաճոյք է լինել այստեղ եւ հաղորդակցւել Ձեզ հետ: Նաեւ ինչու չէ լսել ձեր կարծիքն, որովհետեւ ՀՅԴ-ի համար չափազանց կարեւոր է շօշափել բազկերակը իւրաքանչիւր համայնքի, ծանօթանալ տեղի համայնքներուն, մարտահրաւէրներուն, կարելիութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն, որպէսզի կարողանանք տեսնել, որ համահայկական օրինակով եթէ կան աշխատանքներ, որոնց իրագործումը կարող է նպաստել նաեւ Ձեր համայնքին:

Ես կը հաւատամ, որ Իրանի մեր համայնքը լաւագոյն ներկայացուցչական պարագան ունի, որովհետեւ դասական սփիւռք ըլլալով հանդերձ, դասական սփիւռք չէ: Բնականաբար հիւսիսային շրջանը իր բնիկ ժողովրդով հազարամեակներով ապրած է այնտեղ իսկ հարաւային բաժինը դարեր առաջ հսկայական ներկայութիւն եղած է եւ հայութիւնն իր մեծագոյն ներդրումը բերած է Իրանի առաջընթացին եւ ոչ միայն իրանահայութեան: Սա մեծագոյն չափանիշն է այն կարեւորութեան, որը աշխարհը տւած է հայութեան եւ ոչ թէ միայն հիմա այլ անցեալում: Մեր պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին երբեմն օտարները շեշտում են, որ մեր երկրներու մէջ ինչպէս Սուրիա, ինչպէս Իրան հայերը մեզի տւած են մտաւորականութիւն, հայերը մեզի տւած են մշակոյթ, հայրերը տւած են մեզի գիտական մօտեցումներ, քաղաքական միտք: Միշտ հետաքրքրական է իմանալ թէ ինչպէս այդ օտարները կը տեսնին հայութեանը մանաւանդ այն հայութիւնը, որ Միջին Արեւելքի մէջ է ներառեալ Իրանի:

Մենք շատ դժւարին օրերի մէջ ենք, վստահ եմ, որ տեղեակ էք եւ բոլորս կը հետեւինք մեր հայրենիքի անցուդարձերին եւ սփիւռքեան նախաձեռնութիւններին:

Հայրենի մարտահրաւէներու շարքին երեք հիմնական հարց կայ: Առաջինը այս ապիկար իշխանութիւններու պատճառով մենք կը գտնւինք այնպիսի կացութեան առջեւ, որ ունենք դժբախտաբար պարտւած Հայաստան, հայկականութեան էութիւնէ ազգային դիմագծէ զուրկ պարտուած իշխանութիւն մը, որ կը փորձէ բանակցել մի քանի ճակատներով մեր թշնամիների հետ: Խորհուրդ էինք տւած այս իշխանութեան, որ պէտք չունիք ապիկար բարդութիւններու առաջնորդիլ երկիրը եւ անոր համար այս առաջին կէտով, որ բանակցութիւններու կը դիմեն, հասկանալի է անշուշտ, որ նոյեմբերի 9-10-ի համաձայնագրի համաձայն, կը պարտադրէ Հայաստանին եռակողմանի զիջումնային համաձայնագիր, որը սակայն Ադրբեջանը չի իրականացնում իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Եւ այս պարտւողական գործընթացներու մէջ յանկարծ առաջ քաշւեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների օրակարգը եւ այս դժնդակ օրերուն, բացւեց բանակցութիւնները: Հայաստանը նշանակեց, որպէս բանակցող մէկին, ով թրքագէտ է իր ուսումով՝ Ռուբէն Ռուբինեանին, բայց շատ երիտասարդ է, որոնց ի դիմաց Թուրքիան նշանակեց ամենափորձառու Ամերիկայի մէջ դեսպան եղած, ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութեան մասնագէտ անձ, որը կարող է շատ արագ ճնշէ բանակցող հային, ուրեմն այդ դժւարութիւններու մէջ, աւելացաւ այս կէտը, որը Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու կէտն է, որ մեզ կը յիշեցնէ դժբախտաբար 2008-2009 այդ դժւար օրերը իսկ այժմ աւելի դժւարացած է, որովհետեւ թուրքերը ոչ միայն նախապայման ունեն ինչպէս անցեալի, այլեւ այդ նախապայմաններու վրայ աւելացրել են այդ արհեստածին այսպէս ասած Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը եւ նաեւ Արցախի հիմնահարցի անտեսումը:

Երկրորդ մարտահրաւէրը Արցախի հարցի վերաբերեալ է: Մենք ունինք յստակ կասկած, որ գրաւոր մարտահրաւէրներից բացի, նաեւ կայ բանաւոր պայմանաւորւածութիւն Հայաստանի վարչապետի կողմէ, որ Արցախի հարցը այժմէական չնկատելը լաւագոյն պարագային դարձնելը երկրորդ պլան եւ վատագոյն պարագային լրիւօրէն անտեսիլ: Իսկ ինչ-որ յայտարարութիւն եղած է, որ անընդունելի է լսել, որեւէ հայի կողմէ, բայց դժբախտաբար վարչապետի մակարդակով իմացանք, որ այլեւս Հայաստանը երաշխիք չպէտք է դառնալ Արցախի անվտանգութեան հարցով եւ այդ երաշխիքը պէտք է տան միայն խաղաղապահ ուժերուն, վերջիվերջոյ մոռնալով, որ ռուսերը եւ խաղաղապահ ուժերը տեղաւորւած են այնտեղ, այդ ուժերը տեղաւորւած են իրենց շահերը եւ ոչ թէ միայն հայկական շահերը ապահովելու համար: Եւ, սա անընդունելի երեւոյթ է, որովհետեւ մենք զարմացանք այդ յայտարութիւնէն առաջ, գործընթացների դէմ յանդիման կանգնած ենք: Պարզ է, որ անհասկանալի քայլերի կը դիմէ մեր իշխանութիւնն, որպէս օրինակ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի կանոնագրերի մէջ փոփոխութիւնների ցանկ մը որ ուղարկած է եւ գիտենալով, որ դաշնակցութիւնն ալ անդամ է, եկեղեցիներն ալ անդամ են, այնտեղ բոլոր Արցախի Հանրապետութիւն բառակապակցութիւնները հանած են: Եւ այս մօտեցումն եւս այդ բանաւոր պայմանաւորւածութեան արդիւնքն է: Տեղ-տեղ նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կամ Արցախ բառը հանւած է նշւած է Ղարաբաղի հայութիւն, օգտագործելով այն բառամթերքն, որ մեր թշնամիները կօգտագործին նշելու համար, որ այո՛ կայ փոքրամասնութիւն, որ կապրի Ադրբեջանի մէջ, այդ փոքրամասնութիւնը իմ խնդիրն է, որեւէ մէկը իրաւունք չունի խառնւիլ մանաւանդ Հայաստանի ներքին խնդիրներուն եւ Արցախի հարց գոյութիւն չունի, լուծւած է պատերազմով եւ եղածը միայն ներքին հարց է: Սա անընդունելի մէկ կեցւած է, որի համար ճիշտ հակառակի աշխատանքն է կատարում: Նախ Արցախի հարցով աշխարհով մէկ մենք ինքնորոշման իրաւունքն ենք շեշտաւորում ու, որ հնարաւոր է նաեւ Հանրապետութեան ճանաչումը պահանջելով: Երկրորդ ամէն գնով նեցուկ կանգնելով Արցախին, ֆիզիկական ներկայութիւնով ալ, որը շատ կարեւոր է Արցախի ժողովրդին ներշնչել յոյս, որպէսզի գիտենայ իր ոտքերը ամուր կառչած են այդ հողին: Այսօր գիտէք, որ շարունակական դժւարութիւններ է ստեղծւած Արցախի ժողովրդին համար, Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհը անհիմն պատճառներով փակւած է: Եւ ինչպէս Արցախի մեր կառոյցի յայտարարութեան մէջ նշւած է՝ ֆոսֆորային զէնք օգտագործած Ադրբեջանը տարօրինակ է, որ իրաւունքների մասին է խօսում երբ գազի խողովակների անջատումով կամ էլեկտրականութեան խանգարումով ստեղծում է կեղծ ճգնաժամ, որպէսզի անապահով զգայ Արցախի ժողովուրդը:

Եւ, ինչքան գիտենք Ադրբեջանը չի դադարեցնելու Արցախը հայաթափելու իր քաղաքականութիւնը, մենք ալ արտաքին ճակատի վրայ ներքին ճակատով նեցուկ կանգնելու ֆիզիկական ներկայութիւն մը ունենալու ենթակառոյցների աշխատանք ընելով եւ ուրախ եմ ասելու, որ մեր ուղեգիծ կազմակերպութիւններէն ՀՕՄ-ը արեգակնային ջեռուցիչներու յատուկ ծրագրով հանդէս եկած է 50 բնակարան արդէն օժտւած է այդ հնարաւորութիւնով մինչ այսօր փորձում ենք Արցախի համար ապահովիլ հնարաւորինս չափով անկախութիւն, էկետրական ցանցերէ, պետութեան հետ համադրելով Արցախի իշխանութեան հետ համադրելով սա լաւ ծրագրերից մէկն է անկախ այն ծրագրերին, որով նպաստում ենք գաղթականներուն որպէսզի վերադառնան Արցախ: Առաւել, այն գիւղերու կառուցումը անոնք, որոնք ձեզմէ վերջին շրջանում եկած են Արցախ, անձամբ վերջին ամիսն այնտեղ էի եւ ուրախութեամբ տեսայ այդ գիւղերու ծաղկումը, որոնք օդանաւակայանի շրջանում են: Այնտեղ նոր նոր գիւղեր են սարքում, որպէսզի Հադրութէն, Շուշէն եւ այլ տեղերէ եկածները իրենց տները ունենան:

Մենք ունինք անշուշտ կառոյց Արցախի մէջ մեր մի քանի կարեւորագոյն ուղեգիծներն այնտեղ հաստատւած են ունինք սկաուտական շարժում, մարզական որոշ աշխատանք, մշակութային գրասենեակ, երիտասարդական միութիւն, թերթ, մամուլ, եւ այլն, եւ հսկայական կամաւոր բանակ:

Դառնալով սփիւռքին անշուշտ անհրաժեշտ է արձանագրիլ, որ Իրանի մեր հայ համայնքը իր թւերի համեմատութեամբ ամենաբարձր տոկոսը ունի կամաւոր աշխատանքի եւ արդիւնաւէտութեան համար, որի համար ցանկանում եմ յայտնել շնորհակալութիւն եւ այս հոյակապ կառոյցի մէջ ձեզի մաղթել առաւել յաջողութիւն այս համայնքի բարօրութեան աշխատանքի համար:

Երկրորդ կէտը, որ Արցախն է, որը հիմա մեզի համար մտահոգութիւն կը պատճառի, սակայն կուզեմ շեշտել, որ ՀՅԴ համար այդ կորուստը, որ ունեցանք 2020 թւականին ճակատամարտի կորուստ էր եւ մենք յստակօրէն կը յայտնինք ամենուրեք, որ մենք ամէն գնով վերականգնելու ենք Արցախը աշխատելու ենք ապահովել աշխուժութիւնը, որտեղ ժողովուրդը բացի իրեն ապահով զգալուց եւ գոյատեւելուց զարգացում ապրեն: Միջազգային կացութիւնը օրէցօր փոխւում է եւ Թուրքիայի ու Ադրբեջանի այն ուրախութիւնն, որ իրենք վերջ են տւիլ Արցախի հարցին խաբուսիկ է եւ վստահ եմ, որ պէտք է գան օրեր եւ պայմաններ, որ մենք կարողանք շրջել այդ ընթացը եւ Արցախին վերադարձնենք իր նախկին իրավիճակը, որպէսզի անկախութեան հասնի եւ բնականաբար վերջիվերջոյ միանայ մայր հայրենիքին:

Երրորդ կէտը, որ շատ ցաւալի երեւոյթ է ազգային գաղափարախօսութեան նահանջն է Հայաստանի մէջ եւ նաեւ անոր ընկերակցող իշխանութեան կողմէ խրախուսող բաժանարար գիծերէ բաժանումը: Այս իշխանութիւնները լաւագոյնօրէն կարողացած են տիրապետիլ բաժնէ որ տիրես քաղաքականութեանը այդ պառակտումները, որ կատարում են հայրենիքի մէջ իսկապէս ցաւալի երեւոյթ է: Մինչդեռ, ընդհակառակը այսպիսի ժամանակներու մէջ ամէն գնով անհրաժեշտ է համախմբւիլ, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութեան բարձրացման եւ Արցախի հիմնահարցի լուծման բայց դժբախտաբար հակառակը պատահած է, որովհետեւ իրենք տեսած են այդ բաժանարար գծերը իրենց որոշ յաջողութիւններ կառաջնորդէ՝ հին ու նորի խնդիրը, թալանչիներու հարցը, այդ քաշքշուքները, որ տեղի ունենում են, որոնք ժողովրդի մտքերու մէջ տարածում են այդ անցեալի տխուր պատկերը իրենց համար մեծագոյն զէնքի են վերածած: Այդ պառակտումի քաղաքականութիւնը նաեւ կը կիրառեն սփիւռքում, ես ուրախ եմ, որ Իրանի համայնքը շատ ամուր կերպով մերժեց այս մօտեցումը, մերժեց նոյնիսկ հիւրընկալել այդ պառակտման քաղաքականութեան երկու ճարտարապետներից մէկը, որը Զարեհ Սինանեանն է, առաջինն ըլլալով անշուշտ վարչապետը եւ իրեն գործիք ունենալով այնպիսի մէկը, որ հայաստանեան ծագում ունի Ամերիկայի մէջ մեծացած է, բայց իրականութեան մէջ մտահորիզոնը սփիւռքի մասին Գլենդէլէն դուրս չէ եկած եւ անոր համար սխալ խորհուրդներով նաեւ ամբողջ կառավարութեանը չի ներկայացնում սփիւռքի իսկական պատկերը եւ սփիւռքի հնարաւորութիւնները:

Մեր գործընկերներու հետ հանդիպումներու ընթացքին հոս կամ ուրիշ տեղեր, մարդիկ զարմանում են թէ ինչու ՀՅԴ-ի հսկայական ուժը աշխարհով մէկ, մենք ներդաշնակօրէն չենք կարողանում համադրել այս իշխանութեան հետ, դժբախտաբար ստիպւած ենք երբեմն բացատրելու, որովհետեւ խուսափում ենք օտարների առջեւ ներքին հարցեր խօսիլ բայց ստիպւած ենք երբեմն բացատրել, որ շատ մը հարցերու մէջ մենք տարակարծիք ենք եւ մենք շարունակաբար պահանջում ենք Հայաստանի իշխանութիւններից, որ օգտագործիք մեր հսկայական ներուժն, որոնք մեր Հայ Դատի յանձնախմբերն են մեր մարմիններն են 30 երկրների մէջ ունեցած հնարաւորութիւններն են եւ յաջողութիւն հասցրած լծակներն են, որոնք այսօր կանտեսւին: Նայեցէք այսօր (դեկտ. 12, ԽՄԲ.) Հայաստանի մէջ կընթանայ գլոբալ ֆորում ասւած կեղծ անունով մէկ համագումար, որուն ո՛չ հրաւիրւած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ո՛չ Հայ Դատի յանձնախումբերը, Ցեղասպանութեան քարոզչութեան նւիրւած իբր թէ ժողով է, որին ամենազդեցիկ Ցեղասպանութեան հարցով զբաղւող կազմակերպութիւնները չեն հրաւիրւած: Անհատների վրայ հիմնւած մօտեցում է: Նոյնը պատահեցած է այդ այդպէս կոչուած գագաղթնաժողովին, որուն անամօթաբար կոչեցին գագաթաժողով այնտեղ ոչ գագաթ կար ոչ ժողով կար այնտեղ եղածը միայն շոու էր եւ նաեւ երկրներից այնքան մերժում ստացան եւ ստիպւած եղան Հայաստանից մարդիկ ընտրել, որպէս էթիկետ ասած են դու այս ինչ երկիրը կը ներկայացնիս դու այն ինչը մինչեւ պարզ կը դառնայ, որ այդ անձն արդէն 10 տարի աւել է Հայաստանում ապրած է: Սա եւս անընդունելի երեւոյթ է բայց ուրախալի կէտն այն է, որ մենք կարողացանք համոզիլ միւս համահայկական կառոյցներին ներառեալ Ամենայն հայոց կաթողիկութեանը, ներառեալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ներառեալ Բարեգործական միութեան, ինչպէս նաեւ կային այլ համահայկական կառոյցներ, որոնք այս խորհրդաժողովին չմասնակցեցան, որովհետեւ այս խորհրդաժողովը ոչ մէկ միտում ունէր համերաշխութիւնը եւ համախմբւածութիւն առաջացնել ընդհակառակը միայն պառակտումի նոր առիթ կը հանդիսանայ: Եւ, այդպէս էլ ստացւեց երկու Վեհափառները մերժեցին մասնակցիլ, Բարեգործականի պաշտօնական ղեկավարութիւնը չգնաց եւ իրենք ընդունեցին այն մօտեցումը երբ չկայ պաշտօնական հրաւէր ո՛չ Դաշնակցութեան ո՛չ միւս քաղաքական կառոյցներուն ո՛չ Բարեգործականին, ոչ Կաթողիկոսական թեմերուն այլ կան անհատներ, որովհետեւ մեր շրջանակէն հարիւրաւոր ընկերներ եւ համակիրներ ստացած են հրաւէրը բայց ստացած են իրենց անձնական անունով, այդ կը նշանակէ սփիւռքի ներկայ կառուցներու քանդում, այն կը նշանակէ Զարեհ Սինանեանի եւ վարչապետի գրասենեակի կոչը տարածուղ այն հասկացութիւնը, որ սփիւռքը պէտք է վերաշխուժացնենք վերակազմակերպենք, բայց իրենց մտքի եւ իրականութեան մէջ վերակազմակերպումը կը ենթադրէ քանդում եւ բոլորովին նորի կառուցում առանց, որ յստակ լինի նորը ինչ է:

Մինչդեռ մեզ համար սփիւռքի նորացումը եղել է անհրաժեշտութիւն բայց, ներկայ կառուցներու հզօրացումով ոչ թէ քանդումով: Սա այն երրորդ հարցն է, որուն կընկերակցի բնականաբար ազգային արժէքներու նահանջ: Եւ այս պառակտումի քաղաքականութիւնը եւ ազգային արժէքներու նահանջը ձեռք ձեռքի միահամուռ կերպով կընթանայ:

Ինչ կը հասկանանք անոր Հայաստանի մէջ հայկական նիւթերու ուսուցման խնդիրէն: Մենք չէինք կարող երեւակայիլ, որ այն դժւարութիւնները, որ ունինք սփիւռքի համայնքներու մէջ հայոց պատմութիւն դասաւանդելու, որովհետեւ պետական արգելքներ կան, հայոց լեզուն նահանջի մէջ է, ու յանկարծ Հայաստանի մէջ այս հարցը ծագաւ: Ռուբինա Փիրումեանի աշխատանքով եւ Լեւոն Մկրտչեանի ժամանակ պատրաստած դասագրքերը հանեցին շրջագայութիւնէն եւ կրճատեցին այդ նիւթերը, իսկ երկրորդ արժէքն, որ նման դիրքորոշում ունեցած հայաստանեաց առաքելական եկեղեցու նկատմամբ էր, որովհետեւ մեզի հայաստանեան առաքելական եկեղեցու կաթողիկոսի անձը չէ, որ հետաքրքրած է այլ եկեղեցու հանգամանքն է: Եւ երրորդն այն է ազգային արժէքներու մէջ ազգային գաղափարախօսութեան հիմքը քանդելու ազգ-բանակ հասկացողութիւնն անտեսելու խնդիրներն են, որոնք առաջին օրերից ուշադրութեան յանձնած էինք վարչապետի եւ տակաւին իր կառավարութեան մաս կը կազմէինք, որովհետեւ մենք ալ յոյս ունէինք շատերի պէս, որ նոր շունչ կրնայ բերել այս շարժումը եւ փորձեցինք օժանդակիլ, որ յաջողւի բայց մի քանի ամիս յետոյ յստակացաւ թէ ինչ առաքելութիւն են իրականացնում եւ թէ ուր են տանում Հայաստանը:

Այս հիմնական երեք կէտերու մէջ կուզիմ ամփոփիլ այն ինչ որ կը վերաբերւի մեր հայրենի իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն, կրկնեմ խորագրերը առաջինը կը վերաբերւի այս պարտւած ղեկավարութեան անցկացնող բանակցութիւնները, որ վտանգաւր հանգրւան է Հայաստանի համար երկրորդը Արցախի հիմնահարցը եւ Արցախի բնակչութեան հայկական դիմագծով պահելու խնդիրն է եւ համազգային ճիգով Արցախի ժողովրդին յոյս տալու հարցն է, յուսանք որ Ռուբէն Վարդանեանի գալով այդ յոյսի ալիքը կը բարձրանայ, որովհետեւ վերջիվերջոյ նաեւ պատրաստակամութիւն ունի Արցախին ամէն գնով օժանդակելու բայց տեսնինք թէ ժամանակը ինչ բերէ եւ երրորդը բնականաբար մեր ժողովրդի ներքին պառակտման խնդիրն է որու մէջ մեծ դեր պէտք է ունենար իշխանութիւնը ժողովրդին միաւորելու համար եւ ազգային արժէքներու հանդէպ պայքարը, որը տարօրինակօրէն կը տարւի Հայաստանում: Նոյնքան յանցաւոր իշխանութիւն կայ Արցախի մէջ բայց այս երեւոյթները չկան Արցախի մէջ բարեբախտաբար, այսինքն, Արցախի ճակատագրով մի միահամուռ ժողովուրդ կայ Արցախի պարագային եւ ազգային արժէքները չեն նահանջում Արցախի մէջ: Միակ բանն, որ դժբախտաբար նահանջում է Արցախի պարագային, այն Արայիկ Յարութիւնեանի հլու կամակատար ըլլալու հանգամանքն է Հայաստանի վարչապետին, մասամբ հասկանալի, որ ամբողջ բիւջէն մեծամասնութեամբ Հայաստանում է եւ ստիպւած է երբեմն ենթարկւել բայց մեծ մասամբ էլ իր եկչոտութեան արդիւնքն է, որովհետեւ շատ աւելի յստակ շատ աւելի յանդուգն դիրքորոշումներով պէտք է պաշտպանէ Արցախը, Արցախի շահերը եւ Արցախի գերիշխանութեան մակարդակի բարձրացումը: Ասոնց կողքին սիրելիներ, մենք յատկապէս վերջին 20 տարիներուն մեր Հայ Դատի սահմանումը փոխած ենք, որովհետեւ հարստացած է մեր օրակարգը: 60-70-ականներին երբ Հայ Դատի մասին կը խօսէինք հիմնականում կը պատկերացնինք Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ վերջ: Բայց այդպէս չէ այլեւս 80-ականէն ետք մանաւանդ 90-ականներին ամբողջ սահմանումը վերանայեց մեր կուսակցութիւնը եւ այն ժամանակ երբ ես Հայ Դատի կենտրոնական յանձնախմբի նախագահն էի նստանք եւ մտածեցինք, որ հսկայական բեռ կը վերցնինք մեր ուսերուն, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնն ինքնին արդէն հսկայական հարց է, պահանջատիրութիւնը սկզբունքային է բայց մանրամասնութիւնները յստակ չգիտէինք, որ անհրաժեշտ էր այս օրակարգը փոխել եւ հարստացնել բնականաբար նաեւ տեղափոխելով առաջնահերթութիւնը: Առաջին անհրաժեշտութեան եկաւ պետականութեան օժանդակութեան խնդիրը, Հայ Դատի սահմանման այսօրւայ առաջին կէտը Հայոց պետականութեան օժանդակութեան հարցն է: Ինչ կը հասկանանք այդ կէտէն նիւթական չէ միայն, Հայաստանի պարագային Հայաստանի համար կատարւղ հսկայական լոբբինգն է, որի մէջ կայ նիւթական բաժին, օրինակ ամերիկայի մէջ, ամէն անգամ փորձում ենք քւէարկել բիւջէ, որը տարեկան յատկացւի Հայաստանին, նոյնիսկ Արցախի պարագային նման բիւջէ կայ, որը երբեմն յաջողում ենք երբեմն ձախողում ենք: Հայաստանի համար դիւանագիտական օժանդակութիւնը տարբեր երկրների մէջ, որովհետեւ փորձում ենք, որքան որ կարելի է պետութիւնն ու իշխանութիւնը իրարմէ տարբերակիլ որպէսզի Հայաստանի պետութեան համար տակաւին կարողանանք նեցուկ կանգնիլ աշխարհով մէկ ու, որ Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները գոնէ քիչ թէ շատ աշխատանքը համադրում են մեզ հետ: Այդպիսին ունենք դեսպաններ, աշխարհով մէկ, որոնք տակաւին կը շարունակեն նախկինի նման գործակցիլ մեզ հետ ի շահ Հայաստանի, մեծ մասը, դժբախտաբար զոհ կերթայ եւ անմիջապէս փոփոխութեան կը ենթարկւի, բայց կան՝ պետականամէտ գործիչներ կան: Ուրեմն օժանդակութիւնը հայրենիքի Հայաստանի պարագային, կը հասկանանք է Հայաստանի լոբբինգը, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը, հակաթուրք-հակաազերի պայքարը, որը տանում են Հայաստանի դէմ եւ նաեւ միաժամանակ այն յստակ մօտեցումները հայրենիքի պարագային, որ մենք նեցուկ ենք քաղաքական դիւանագիտական գործին, որպէս երկրորդ բանակ հայութեան մեր Հայ Դատի եւ մարմիններու ճանպով:

Արցախի պարագային այս բոլոր պարագայում եւս բոլոր հարցերն կայ եւ այստեղ անշուշտ կաւելանայ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաորումը Մինսկի համանախագահող ֆորմաթի վերականգնումը եւ անկախութեան ճանաչումը: Սա դարձաւ առաջնահերթ կերպը մեր աշխատանքներուն եւ այս առաջին կէտն է Հայ Դատի սահմանումը: Միւսը՝ մեր դասական օրակարգն է՝ Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան: Տարբերութիւնն այն է, որ վերջին 20-25 տարիներուն երբ փոխւեցին այս օրակարգը Ցեղասպանութիւնը բաւական ճանբայ գտած է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն է եւ բաւականին յաջողութիւն գտած է, որի մասին բոլորդ տեղեակ էք: Հիմա հասած ենք պահանջատիրական գծիկի օրինական հարցին թէ իրաւական ճանապարհով ինչպէս կարելի է այդ պահանջատիրութիւնը ձեւաւորւել եւ այդ ուղղութեամբ հիմնեցինք մի նոր կազմակերպութեան, որը կը կոչւի Armenian legal center for justice and democracy հայ իրաւական հիմնարկ որուն կենտրոնը թէեւ Վաշինգտոն է բայց իր հոգաբարձութիւնների խորհուրդը բաղկացած է միջազգային մասնագէտներէն հայ եւ օտար ազգի մասնագէտներ, աշխարհով մէկ տարածւած՝ Աւտրալիա, Եւրոպա, Միջին արեւելք, Կանադա, ԱՄՆ, հարաւային ամերիկա: Այդ հիմնարկի թիւ մէկ առաքելութիւնը պահանջատիրութեան ձեւակերումն է իրաւական եւ դատարանային ինչպէս նաեւ միջազգային ճնշումների ճանապարհով տեղ հասցնելը երկրորդ Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ իրաւունքներու իրաւական հարցերի գծիկն է: Միջազգային նոր ձեւաւորումներ կան իրաւունքների, որոնց մէկը կը կոչւի՝ անջատում յանուն փրկութեան, մենք անջատում բառը չենք ուզում գործածիլ բայց ասում ենք Ցեղասպանութիւնից փրկւելու խնդիր կայ, որովհետեւ Ադրբեջանի կազմում լինելու պարագային Ադրբեջանի կողմից նոր Ցեղասպանութիւն է իրականացւելու այս ժողովրդի նկատմամբ Ադրբեջանի իշխանութեան կողմէ: Այս կոնսեպտները, այս միջազգային մօտեցումները նաեւ յատուկ սահմանումի կը կարօտին եւ այդ հայ իրաւանց կենտրոնի պարտականութիւններու մէջ է: Եւ, երրորդն էլ եւ վերջինը այդ պարտականութիւններին կը վերաբերւի հայ մշակութային արժէքներու վերադարձին, հայ գերիներու խնդրին, մենք որպէս ՀՅԴ դատ ենք բացել Ադրբեջանի դէմ եւրոպական դատարաններում եւ Հայաստանցի եւ ամերիկացի փաստաբաններու ճանպով փորձում ենք վերջին գերիները ազատել եւ վերադարձնել հայրենիք:

Միւս կէտը, որ աւելի ծաւալուն ընթացք ստացած է Հայ Դատի սա հայկական իրաւունքներու խնդիրն է, որովհետեւ մենք որպէս հայ համայնք եւ հայրենիքէն դուրս տարբեր տեղեր եւ տարբեր իրաւունքներ ունինք մէկ մասը նահանջի մէջ է եւ այդ իրաւունքները պաշտպանելու խնդիր ունինք, օրինակ Թուրքիայի մէջ Լօզանի դաշնագրի վերաբերեալ խնդիր դրած է Էրդողանը կուզէ չնչին այն նոյնիսկ փոքրիկ իրաւունքները, որոնք ունէ Թուրքիա գաղութը ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ըլլայ Պոլսի մէջ եւ այդ ուղղութեամբ յստակ քայլերու կը դիմէ՝ Պոլսոյ վարժարաններու, հիւանդանոցի կամ այլ կառոյցներու հանդէպ ոտնձգութիւններու կը դիմեն եւ այդ ուղղութեամբ մենք պաշտպանելու անհրաժեշտութիւն ունինք: Ուրիշ երկրների մէջ ունինք օրինական իրաւունքներ օրինակ Իրանի պարագային լաւ գիտէք, որ մենք ունինք երկու աթոռ, որ կապւած է հայութեան, Լիբանանի խորհրդարանում եւս ունինք իրաւունքներ: Որոշ իրաւունքներ ժառանգած ենք առաջնորդարանի ճանփով, Օսմանեան կայսրութեան մէջ վաւերացւած ազգային սահմանադրութեամբ, որը 1863 թւականին սուլթանի կողմից ստորագրուեց. այդ ազգային սահմանադրութեամբ նւիրագործւած իրաւունքները պաշտպանելու խնդիր ունինք:

Այս կէտը, որը վերջինն է կապւած է հայ երիտասարդութեան, մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդրին: Մենք կը փափագէինք տեսնել աշխարհով մէկ շատ աւելի լուրջ քաղաքական ներկայացւածութիւն այն երկրներու մէջ, որտեղ մեզ վերապահւած աթոռներ չկան, այսինքն խօսքը Լիբանանի մասին չէ, խօսքը Իրանի մասին չէ, բայց, մասնաւորապէս Արեւմուտքի մէջ, անհրաժեշտ է մղել մեր երիտասարդութեանն, որ աշխուժօրէն մասնակցի այդ երկրներու քաղաքական կեանքին:

Շնորհակալութիւն: