Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:
Սուրիական դեսպանատուն այցելող պատուիրակութեան գլխաւորեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, իսկ անոր մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի, Լիբանանի Հայ դատի եւ Քարոզչական մարմիններու, ինչպէս նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ:
Հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին` բարձր գնահատելով անոր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու 20-րդ դարու սկիզբը գործած ոճիրին համար Օսմանեան կայսրութեան դատապարտումը:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Սուրիա առաջին իսլամական եւ երկրորդ արաբական երկիրն է, որուն խորհրդարանը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Սուրիա եղաւ առաջին վայրը, ուր հասան բռնագաղթի ենթարկուած հայ ժողովուրդի զաւակները:
Երեսփոխան Բագրատունի դրուատեց հայ ժողովուրդին եւ Սուրիոյ միջեւ առկայ պատմական զօրակցութիւնը, որ մնայուն կերպով դրսեւորուած է, ինչպէս նաեւ պաշտօնական արտայայտութիւն ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Օսմանեան կայսրութեան գործած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով Ցոլեր Թալաթինեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ սուրիական հողերը Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին արհաւիրքին վկայարանը հանդիսացած են: «Սուրիացի ժողովուրդը վկան է հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութեան, նաեւ սուրիացի ժողովուրդն է, որ օժանդակած եւ օգնութեան ձեռք երկարած է` Մեծ եղեռնը վկայած հայութեան», ըսաւ ան:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին, որ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ անոր պատասխանատուութեամբ Թուրքիան ամբաստանող որոշումը:
Իր կարգին դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիա մնայուն կերպով գտնուած է արդար դատ ունեցողներուն կողքին` հաստատելով, որ Սուրիոյ համար սուրիահայերը լիիրաւ սուրիացի քաղաքացիներ են: Ան շեշտեց, որ Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդին դէմ էր, այլ` արաբներուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ համայն մարդկութեան:
Դեսպան Ալի ընդգծեց, որ Սուրիա արդար դատերուն պաշտպանն է, եւ ահաբեկչութեան ու ահաբեկիչներուն դէմ Սուրիոյ արձանագրած յաղթանակը աշխարհի անկախներուն շահերուն կը ծառայէ:
aztagdaily.com