կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-14 13:10
Սփյուռք

Ակնարկ.- Հայութեան եւ Հայ Դատի յաղթանակ Սուրիոյ մէջ

Ակնարկ.- Հայութեան եւ Հայ Դատի յաղթանակ Սուրիոյ մէջ

Սուրիա եղաւ արաբական երկրորդ երկիրը, Լիբանանէն ետք, որուն խորհրդարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, դատապարտեց զայն եւ անոր հանդէպ ժխտողականութիւնը, պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը։ Ճանաչման բանաձեւը խորհրդարան ներկայացուած է Հայ-սուրիական բարեկամութեան ընկերակցութեան կողմէ եւ որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ։

Սա կարեւոր եւ անվիճելի յաղթանակ մըն է հայութեան՝ Հայաստանին ու մեր Դատին ի խնդիր աշխատանք տանող բոլոր ծառայողներուն համար։ Նոյնքան ուշագրաւ է, որ բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ աշխարհի բոլոր խորհրդարաններուն, իմանալ նաեւ՝ արաբական երկիրներուն, որպէսզի ճանչնան «մարդկութեան դէմ պատմական եւ ամէնէն զազրելի մէկ ոճիրը եղող» այս ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացած են նաեւ ասորիներ եւ այլ քրոստոնեայ փոքրամասնութիւններ, իբրեւ հետեւանք թուրք պետութեան «մաքրագործումի քաղաքականութեան»։

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտ Սապպաղ խարանող մանրամասնութիւններ աւելցուց, նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այսօր ալ կը գործեն օսմանեան ոճրային տրամաբանութեամբ, կը փորձեն վերականգնել կայսերական դիտաւորութիւնները, իսկ անոնց մէկ արտայայտութիւնն են Սուրիոյ հողերէն ներս թրքական ուժերու արշաւանքները։ Ան սրտակցութիւն յայտնեց հայութեան ու ընդգծեց, որ «թոյլ պիտի չտանք օսմանեան հրէշին վերակենդանացման»։

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ ԵՒ…

Առաջին արձագանգը արձանագրեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ եւ յիշեալ ընկերակցութեան նախագահ Նորա Արիսեան. ան նկատել տուաւ, որ այս որոշումը յստակ պատգամ է աշխարհին, որ նման ոճիրներ պէտք չէ կրկնուին որեւէ տարբերակով, ինչպէս տեղի կ’ունենայ այսօր, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս ողջունեց որոշումը, նշելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդը ատենին ականատես եղած է պատմական ոճիրին, հիւրընկալած է փրկուած հայորդիները, այնուհետեւ զարգացած է հայ-սուրիական բարեկամութիւնը։ Երեւան զօրակցութիւն արտայայտեց Սուրիոյ, որ ներկայիս նմանօրինակ աղէտալի տագնապ մը դիմագրաւէ։

…ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրիոյ խորհրդարանին որոշումը արագ տարածում ունեցաւ աշխարհի մէջ, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ճափոն, արժանանալով տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու։

Ֆրանսական պատկերասփիւռի թիւ 24 կայանն ու Ճափոնի «Ճըփէն Թայմզ» թերթը գրեթէ նոյն բառերով ու հայեցողութեամբ ներկայացուցին լուրը։ Քուէարկութեան արդիւնքը հաղորդելէ ետք, անոնք փութացին այս քայլը կապել Սուրիոյ նորագոյն զարգացումներուն, յիշեցնելով, որ վերջին աւելի քան 10 օրերուն, Սուրիա-Թուրքիա լարուածութիւնը արագօրէն սրած է Իտլիպի շրջանին մէջ ծանօթ զարգացումներով ու թրքական սպառնալիքներով, հպանցիկ ակնարկութիւն կատարեցին ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ սուրիական ուժերու արձանագրած յառաջխաղացքներուն ու Մոսկուա-Անգարա գիծին վրայ հակադրութեան դրսեւորման։ Անոնք չմոռցան յիշատակել, որ Թուրքիա կը մերժէ ընդունիլ իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնը։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ յիշեալ աղբիւները յիշեցուցին սուլթանական Թուրքիոյ մէջ 19-րդ դարու վերջերէն սկսեալ հաւաքական ջարդերը, որոնց զոհ գացած են մինչեւ 300,000 հայեր, իսկ 1915-ին ծայր տուած Ցեղասպանութիւնը խլած է 1.5 միլիոն հայու կեանք։ Վերջապէս, յիշատակում կատարուեցաւ նաեւ այն իրողութեան, որ Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշակոթողը 2014-ին ականահարուած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ։

Իսրայէլեան «Հաարէց» եւ «Թայմզ աֆ Իսրայէլ» թերթերը եւս այս զարգացումը դիտեցին Սուրիա-Թուրքիա հակադրութեան ծանրացման լոյսին տակ, յիշեցուցին իր ոճիրը չընդունելու Թուրքիոյ ծանօթ կեցուածքը, նաեւ, յիշեալ աղբիւրներուն պէս, ակնարկութիւն կատարեցին, որ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանը անցեալ տարեվերջին միացած է Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն, մինչդեռ նախագահ Թրամփ եւ իր վարչամեքենան կը մերժեն ընդունիլ այս կեցուածքը։ Անոնք արձանագրեցին, որ ամերիկեան խորհրդարանի ճանաչումէն ետք, Իսրայէլի մէջ ալ ձայներ հնչած էին, որպէսզի խորհրդարանը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, սակայն ցարդ մնացած են անհետեւանք։

Արաբական «Ալ-Մայատին» կայանը եղաւ բանաձեւին որդեգրման առաջին արձագանգողներէն, վերարտադրեց որոշումին ու խորհրդարանի նախագահին յայտարարութեան հիմնական բաժինները։ Նմանապէս, կարճ հեռագրալուրով մը արձագանգեց չինական «Սինկհուա»ն։
Յառաջիկայ օրերուն, նման արձագանգներու օղակները նոր տարածք պիտի գտնեն վստահաբար, հայկական բեմին ու միջազգային բեմին վրայ։ Այս բանաձեւը ահաւասիկ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերէ մեր Դատը եւ արդար ու անսակարկելի պահանջատիրութիւնը։ Յամենայնդէպս, պէտք չունինք սպասելու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ արձագանգը…։

ՄԻԱՅՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

Մեր՝ հայութեան դիտանկիւնէն, Սուրիոյ խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը կարեւոր ըլլալով հանդերձ, պէտք չէ մոռնալ, որ այս քայլը պարզապէս կը պաշտօնականացնէ հայութեան արդար դատին նկատմամբ Սուրիոյ դիրքորոշումը։ Փաստօրէն, Սուրիա իրողապէս մեր դատը ճանչցած է այն օրերէն ի վեր, երբ հիւրընկալած է Ցեղասպանութենէն վերապրողները (եւ այդ օրերուն անկախ չէր), անոնց ընծայած է իր բոլոր քաղաքացիներուն հաւասար իրաւունքներ։ Իրողական ճանաչումի այլ հանգրուաններ էին նոյնինքն Տէր Զօրի մէջ յուշակոթողին կառուցումը, Հայաստանի նախորդ նախագահին Տէր Զօր այցելութեան առիթով, 10 տարի առաջ, սուրիական իշխանութեանց ծանօթ արտայայտութիւնները, Հայաստան այցելող սուրիացի ներկայացուցիչներու Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւններ եւ տակաւին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով արտայայտուած կեցուածքները։ Այլ խօսքով, այս բանաձեւը պէտք չէ դիտել միայն Սուրիա-Թուրքիա հակադրութեան սաստկացման շրջագիծին մէջ (սաստկացումի նախընթաց բազմաթիւ հանգրուաններու ականատես եղած ենք, սկսելով Քեսապի գրաւումէն ու ազատագրումէն՝ մինչեւ քիւրտերու դէմ թրքական միջամտութեան պատրուակող Սուրիա ներխուժումը՝ 2019-ի երկրորդ կիսուն, նաեւ՝ Հալէպի ու այլ քաղաքներու դէմ թրքական ուղղակի եւ անուղղակի ոտնձգութիւններու փուերը)։

Անկախ արաբական աշխարհը յուզող այժմու վերիվայրումներէն, եւ նկատի ունենալով Սուրիոյ պատմական դերը՝ արաբական աշխարհին մէջ, մասնաւորաբար անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ, այս բանաձեւին որդեգրումը պէտք է դիտել նաեւ աւելի լայն օղակի մէջ. սա նաեւ կը շեշտէ ո՛չ միայն Սուրիոյ հողերուն վրայ հայութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը (հոգ չէ թէ ծանօթ դէպքերուն հետւանքով նօսրացած), այլեւ հայութեան այն սպասումը, որ արաբական այլ երկիրներ եւս՝ Յորդանան, Եգիպտոս, Իրաք, Պաղեստին, Ծոցի եւ Մաղրէպի երկիրներ ընդառաջեն Սուրիոյ խորհրդարանի կոչին, որովհետեւ, ինչ որ ալ ըլլան նորածիլ «քաղաքական խմբաւորումներու» տեսութիւնները, Թուրքիա արաբական աշխարհին կողմէ չի կրնար ընկալուիլ իբրեւ վստահելի բարեկամ-գործակից, նախ՝ որովհետեւ արաբներն ալ ճաշակած են թրքական-օսմանեան դաժանութիւնները, յետոյ՝ այսօր ալ կը կրեն թրքական ներշնչումով գործող յելուզակներուն ոճրային արարքները իրենց հողերուն վրայ։ Իսկական բարեկամութիւնը եւ դրական գործակցութիւնը կրնան հիմնուիլ միայն պատմական սխալներու սրբագրումով ու արդարութեան վրայ։ Փաստօրէն, հայութեան դէմ թրքական ոճիրները ո՛չ միայն անմարդկային արարքներ էին քրիստոնեայ այս կամ այն ժողովուրդին դէմ, այլ նաեւ նոյնինքն արաբ-իսլամ ժողովուրդներուն նկատմամբ, առանց մոռնալու քիւրտերը, իսկ աւելի ուշ՝ յոյներն ու կիպրացիները։ Պատմութիւնը այս իրականութիւնը վկայող հսկայական թղթածրարներ ունի։ Հայաստանի ու Հայ Դատի ծառայողներուն համար, արաբական աշխարհին ուղղութեամբ աշխատնքի հորիզոնները յստակ են, եւ այդ արխիւները բաւարար յենարան կ’ապահովեն։

ՈՂՋՈՒՆԵԼԷ ԱՆԴԻՆ

Հայութիւնն ու աշխարհը չեն կրնար չողջունել Սուրիոյ խորհրդարանին բանաձեւը. նման ոճիրներ պէտք է դատապարտուին, անոնց պատմական ճշմարտութիւնը եղծելու կամ դրժելու արտայայտութիւնները նո՛յնքան դատապարտելի են. անոնք ոճիր են համայն մարդկութեան դէմ, իսկ անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար, պէտք է խօսքէն գործի անցնիլ Թուրքիոյ ու անոր նման բոլոր պետութիւններուն դէմ։

Ոճիրներու արգելակումը պէտք է սկսիլ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ դադրեցումով եւ յանցաւորներուն դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումով, նիւթական ու բարոյական հատուցումով։

hairenikweekly.com