կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-16 11:30
Առանց Կատեգորիա

Արցախի Ի Նպաստ Յաղթանակ Մը

Արցախի Ի Նպաստ Յաղթանակ Մը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տունը Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին որդեգրեց բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէ Ատրպէյճանին ծախել այնպիսի զէնքներ, որոնք կրնան գործածուիլ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ։ Ատրպէյճանի այս սպառնալիքին եւ անոր յաճախակի գործադրութեան հետեւանքով, Արցախի մայրաքաղաքին օդակայանը անդամալոյծ կը մնայ տասնամեակներէ ի վեր։

Բանաձեւը ժողովին ներկայացուեցաւ Պրետ Շըրմընի կողմէ. անոր պատրաստութեան մասնակից էին Ճեքի Սփիր, Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ. բանաձեւը որդեգրուեցաւ 195ի դէմ 234 ձայնով։

Սա ամէն բանէ առաջ կարեւոր յաղթանակ է ի նպաստ Արցախին, ապա նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբին, որուն ներկայացուցիչը ողջունեց բանաձեւին որդեգրումը, իսկ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս որոշումը նկատեց Արցախի անկապտելի իրաւունքին ճանաչումը։

Սա նաեւ յուշարար մըն է, որ հայկական կողմին քաղաքական աշխատանքները միշտ ապարդիւն չեն մնար, այլեւ պէտք է անդրադառնանք, որ ձեռնածալ չմնալով՝ կրնանք այս ու նմանօրինակ յաղթանակներ ապահովել, մանաւանդ եթէ կարենանք մեր ճիգերն ու կարողութիւնները մէկտեղել…

Քուէարկութեան արդիւնքին կողքին, կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել քանի մը այլ իրականութիւններ եւ մանրամասնութիւններ։

Ա.- Բանաձեւը որդեգրուեցաւ խորհրդարանի երկու խմբաւորումներէն՝ դեմոկրատ եւ հանրապետական ներկայացուցիչներէ գոյացած մեծամասնութեան մը քուէներով. 225 դեմոկրատ, 9 հանրապետական թեր քուէարկեցին բանաձեւին, դէմ քուէարկեցին 187 հանրապետական, 7 դեմոկրատ եւ մէկ անկախ ներկայացուցիչ։ Պատկերը առանձին մեկնաբանութեան արժանի է։

Բ.- Ուշագրաւ էր բանաձեւին՝ Պրետ Շըրմընի պաշտպանողականը. ան յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք չէ զէնք տրամադրէ Ատրպէյճանին, որ կը սպառնայ այդ զէնքները գործածել Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ ու յիշեցուց, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ նման ոճրային արարքներու զոհ գացած են բազմաթիւ օդանաւեր, պատճառելով մարդկային մեծ կորուստներ, ի շարս որոնց՝ ամերիկեան խորհրդարանի անդամ մը։ Շըրմըն մէկէ աւելի առիթներով շեշտեց, որ Արցախը անկախ հանրապետութիւն է, որ նախապէս կը կոչուէր Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն, թէ՝ անիկա Ստալինի մէկ կամայականութեան, եւ ի շահ խորհրդայիններուն շնորհուած էր Ատրպէյճանին, մինչդեռ արդէն անկախ հանրապետութիւն է տասնամեակներէ ի վեր ու կը դիմակալէ ազերիական սպառնալիքներ. կարելի չէ ընդունիլ, որ նման սպառնալիքներու իրականացումը ըլլան ամերիկեան զէնքերով։ (Չենք ուզեր հաւատալ, թէ Շըրմըն պիտի ընդունէր, որ Ատրպէյճան ռուսական, իսրայէլեան կամ այլ տեղէ ձեռք բերուած զէնքերով իրագործէր սպառնալիքը…)։ Ան միայն մէկ դուռ բաց ձգեց, ըսելով, որ զէնքերու յանձնումը կրնայ պատահիլ այն պարագային, երբ նախագահը երաշխաւորէ, թէ անոնք պիտի չծառայեն Պաքուի ծանօթ սպառնալիքներուն իրականացման։

Գ.- Շըրմընին հակաճառեց միայն հանրապետական Ռանըլտ Ռայթ, որ հանդէս եկաւ «դաշնակից Ատրպէյճան»ի զէնք յանձնելու պաշտպանողականով. իր տեսակէտը հիմնաւորելու համար, ան հաւաստեց, որ Ատրպէյճան ահաբեկչութեան պայքարի մէջ դաշնակից մըն է, ամերիկեան ուժերու կողքին է Աֆղանիստանի մէջ, կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու հակադրուող Իրանին ու Ռուսիոյ միջեւ, իսկ Ուքրանիայէն ու Վրաստանէն ներս ռուսական միջամտութիւնները ծանօթ են։ Աւելին, ան Արցախի հողերը որակեց «հայերու կողմէ գրաւուած տարածք», նկատելով որ զէնքի յանձնումէն ետ կենալով՝ Միացեալ Նահանգներ այսուհետեւ պիտի դադրին այս տագնապին «չէզոք միջնորդ» մը ըլլալէ, պատճառ պիտի ըլլան «դաշնակից Ատրպէյճան»ի զինական կարողութեանց նահանջին։ Ռայթ յայտնապէս յիշողութեան կորուստէ կը տառապի, որովհետեւ որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ Ատրպէյճանի աղաղակող սպառնալիքներուն ու արարքներուն։ Փաստօրէն, Ատրպէյճանի քաղաքային օդանաւորդութեան մէկ բարձրաստիճան պատասխանատուն 2011ի Մարտին առանց բառերը ծամծմելու յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճան զգուշացման հրաւէր ուղղած է օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան, սպառնալով, որ Ստեփանակերտի օդակայանը գործածող օդանաւեր «ֆիզիքապէս քանդումի պիտի ենթարկուին»…

Կարելի է երկար մեկնաբանել ու մէկ առ մէկ քանդել այսպիսի պաշտպանողականի մը հիմքերը, ներկայացուցած առարկութիւնները, սակայն ոեւէ հայու, նաեւ շրջանի ծանօթ իրադարձութեանց հետեւողին համար, անամպ երկինքէն շողացող արեւուն չափ յստակ է, թէ նման պաշտպանողականի մը ետին Ատրպէյճանի քարիւղին բոյրը, անոր եկամուտէն գոյացած գումարները ամերիկեան զէնքի ճարտարարուեստի գանձանակներ հոսեցնելու «բարի նպատակը» ու սնամէջ ռազմավարական հաշիւները ինչպիսի՛ բաժին կրնան ունենալ, անկախ անկէ, որ այս շրջանին մէջ եւ այլուր՝ ամերիկեան անհեռատես ու անհեռանկար վարքագիծը ինչպիսի՛ աղէտներու դուռ բացած է մարդկութեան համար։

Գ.- Քուէարկութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ եթէ ժողովին մեծամասնութիւնը այս պարագային արդարութեան կողքին կանգնած է, կան նաեւ նման ընթացքի դէմ կանգնողներ։ Թէ ի՞նչ հաշիւներով՝ չենք ուզեր մանրամասնել ու մեկնաբանել. հոս ալ արեւուն լոյսը յստակ է։ Այսուամենայնիւ, դէմ քուէարկողներու ստուար թիւը նոր մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ Արցախի դատին ի նպաստ գործողները, սկսելով Հայ Դատէն ու հասնելով մինչեւ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. կ՛արժէ միայն յիշեցնել, որ այսօր, ամերիկեան 49 նահանգներ որդեգրած են Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ, ի հեճուկս դաշնակցային գործադիրին, հոն եւս բանալով մարտահրաւէրի նոր դուռ մը, որ ճանաչումէն ետք կայ նաեւ արդար հատուցման պայքարի ուղին…

Ներկայացուցիչներու տան կողմէ այս բանաձեւին որդեգրումը, յաղթանակ մը ըլլալով հանդերձ, վախճանական լուծում չէ. նման բանաձեւեր վաղը կրնան իրենց դէմ գտնել մինչեւ իսկ նախագահական միջամտութիւն, որովհետեւ յայտնի է, թէ Սպիտակ տան պետը շրջապատող նախարարներ ու խորհրդականներ մաս կը կազմեն զէնքերու վաճառքի ջատագովներու եւ պատերազմներ հրահրողներու նուագախումբին։ Եթէ միայն նկատի ունենանք մեզի համար ռազմավարական իմաստով մեծ նշանակութիւն ունեցող Իրանի պարագան, առանց անտեսելու Վրաստանի նորագոյն զարգացումները, արդէն կարելի է պարզ աչքերով տեսնել, թէ հայկական դիւանագիտութիւնն ու Հայաստան-Արցախ պաշտպանութիւնը ինչպիսի մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնեն մեզ, եւ որքան կեղծ կը հնչեն դուրսէն կատարուած այն «ներշնչումները», թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է նախապատուութիւն տան մարդասիրական նախաձեռնութիւններու եւ ընդարձակեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ սիրոյ ու բարեկամութեան ենթահողը։ Սխալ չհասկցուինք. Հայաստանի անկախացումէն տասնամեակներ առաջ, 60ականներուն, բայց մանաւանդ անկախացումէն ասդին, ո՛վ որ ալ եղած է Երեւանի ղեկին պատասխանատուն, ան իր դիմաց գտած է նոյն՝ նախայարձակ ու թշնամի Ատրպէյճանը, որուն ձեռքը մի՛շտ ամուր բռնած է նոյնքան թշնամի Թուրքիոյ ձեռքը։ Օղակը կարելի է ընդարձակել…

Անգլիացիք ունին լաւ խօսք մը. «Զէնքիդ վառօդը մի՛շտ չոր պահէ»։ Մենք ալ ձայնակցած ենք այլ նշանաւոր խօսքերու՝ կը նախընտրենք ձիթենիի ճիւղը բարձր պահել, սակայն չենք ուզեր վար դնել զէնքը, ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿԻ ԶԷՆՔ, այնքան ատեն, որ հակառակորդը չէ որդեգրած խաղաղութեան անդառնալի ուղին։

«Ասպարեզ»,  Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ