կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-31 09:49
Հասարակություն

ՀԱՅՈՑ ԱՐՇԱԼՈՅՍԸ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՊԻՏԻ ԳԱՅ...

ՀԱՅՈՑ ԱՐՇԱԼՈՅՍԸ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՊԻՏԻ ԳԱՅ...

Տարեփակ է։ Տարուան վերջին օրն է։ Պահ մը կը մտածենք Հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին մեր ազգային իրագործումներուն մասին։

Պատկերը որքա՜ն յստակ է։ Թագաւորը մերկ է, սակայն մերկութիւնը ծածկած է լոզունգներով, բեմբասացութեամբ, անհետեւանք խօսքերով, զեխութիւններով...։ Կը խօսինք, առանց գործելու։ Կը խոստանանք, առանց աշխատելու։ Կը փառաբանուինք, առանց զայն վաստկած ըլլալու։

Բայց կը տոկանք ազգովին, կը դիմանանք հաւաքաբար։ Որովհետեւ ունինք մեր մեծագոյն ապաւէնը՝ պայքարը շարունակելու կամքը, ունինք մեր լաւագոյն յենարանը՝ ազգային տենչեր նուաճելու յոյսը, մանաւանդ ունինք մեր հզօրագոյն կռուանը՝ մեր հողն ու դատը պաշտպանող նուիրեալներն ու մեր սքանչելի ժողովուրդը։

Տարին կը պատկանի մեր ժողովուրդին, մեր զինուորագրեալներուն՝ բանակայինին, մարտիկին, ազատամարտիկին, Հայ Դատի տղոց։ Անոնք են մեր յոյսն ու բազուկը։ Երախտապարտ պէտք է ըլլանք անոնց եւ, հետեւելով Դանիէլ Վարուժանին, ձօնենք անոնց ամէն զգացում, զօրակցութիւն եւ ուժ.-

«Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.

- Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ -

Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…

- Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ -

Եղէգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.

Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր:»

Մեր լաւագոյն օրերը տակաւին կու գան, պիտի գան։ Անո՛նք՝ նուիրեալները, հարազատ յեղափոխականները պիտի բերեն մեր լաւագոյն օրերը։ Միայն հաւատանք Սիամանթոյին, որովհետեւ «Այնքան արշալոյսներ կան, որ տակաւին չեն ծագած...»։ Միայն անսանք Դանիէլ Վարուժանին եւ լսենք «Վարդահեղեղ արշալոյսի ոտնաձայնը։»

Պիտի ծագին մեզի համար նոր արշալոյսեր, վարդահեղեղ արշալոյսեր, Հայաստանի տարածքին, Արարատեան Դաշտի վրայ, Արցախի լեռներուն վերեւ, մինչեւ իսկ Արարատի միւս կողմը, որ մե՛րը եղած է ու կրկին մե՛րը պիտի ըլլայ...

Շնորհաւոր Նոր Տարի Հայոց Արշալոյսի նուիրեալներուն եւ հաւատացեալներուն։

Սեդօ Պոյաճեան