Փոխարժեքներ
06 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
Սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի սահմանի ամբողջ տարածքով, ատրպէյճանական բանակը խախտեց հրադադարը հրետանային հարուածներով։ Ատրպէյճանական բանակը փորձեց յառաջանալ Արցախի ինքնիշխան սահմաններէն ներս, սակայն Արցախի Պաշտպանութեան հերոսական բանակը ցուցաբերեց յամառ ու կորովի դիմադրութիւն։ Սեպտեմբերի 19ի դրութեամբ, յարձակման հետևանքով հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնցմ մէջ նաեւ անչափահաս անմեղ երեխաներ։
Արցախը Հայաստանի կապող ճանապարհը ապորինի կերպով փակուած է 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ, խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին եռակողմ հրադադարի մասին հռչակագիրը, այդպիսով այդ շրջանին մէջ բնակող հայերուն սնունդի եւ այլ տարրական անհրաժեշտութիւններու մատակարարումը դադրեցնելով, ինչպէս նաեւ խոչընդոտելով մարդոց ազատ տեղաշարժը:
Ատրպէյճանի գլխաւոր նպատակը՝ Արցախահայութեան ահաբեկեկելով Արցախը վերջնականապէս հայաթափելն է։ Նոյն ձեւով, հրադադարի պահպանման առաքելութիւնը ստանձնած ռուսական խաղաղապահ զօրասիւնի վերահսկողութիւնը զինադադարի պահպանման գծով պարտաւորեցուցիչ է։
Հայաստանի գործող իշխանութիւններու եւ Փաշինեանի Արցախը Ատրպէյճանական տարածք յորջորջելու քայլերը ազգային դաւաճանութեան համազօր են եւ Փաշինեանը ոչ միայն պէտք է հրաժարի Պաքուի գերիշխանութիւնը ճանչցող ազգադաւ իր յայտարարութիւններէն, այլեւ՝ ինք հրաժարի որպէս պարտուած պետական գործիչ։
Այս իշխանութիւնները ի սպառ հեռացնելու անյետաձգելիութիւնը օրուան հրամայականն է։ Համաժողովրդային բողոքի ալիքն ու ճնշումը ծաւալելու պահը հասած է։
Գանատայի տարածքին Հայ Դատի յանձնախումբերն ու Գանատայի ՀՅԴ կառոյցը զօրաշարժի ենթարկուած է։ Կոչ կ՚ուղղենք գանատահայութեան հետեւելու Հայ Դատի յանձնախումբի քարոզչական աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն։ Զօրակցի՛նք Արցախին, Տէ՛ր կանգնինք մեր հայրենիքին։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ