կարևոր
2098 դիտում, 1 շաբաթ առաջ - 2024-04-20 17:52
Քաղաքական

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ազգովին կը գտնուինք ճակատագրորոշ պատմական հանգրուանի սեմին։ Արցախէն ետք այսօր Տաւուշն է։ ՀՀ գործող վարչակարգի ապագան՝ հայրենի տարածքներու կորուստներն են։

Այսօր, Մեր հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերը չենք կրնար զիջիլ։ Մեր Բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք վերստին։

Միաժանակ պարտաւոր վկաներն ենք Հայ Դատի գործունէութիւնը յառաջ մղելու։ Մենք, առայսօր յանձնառու ենք մեր կոչումին՝ ի պաշտպան հայրենիքին։

Գանատայի մէջ մեր պայքարը անվհատ է։ Գանատայի ՀՅԴ կառոյցի Հայ Դատի յանձնախումբերն ու ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը Տաւուշի կողքին են, մինչեւ վերջ։ Մենք կը հաւատանք մեր սահմաններու անզիջելի գոյութեան ու մեր ազգի լինելութեան սահմաններուն։

Պայքարը մերն է։ Անզիջելի։ Սահմանները մերն են։

Մենք ենք մեր սահմանները։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Ապրիլ 19, 2024