Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ԳԱԱ-Ի արեւելագիտութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն, ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկի ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցի բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հանդիպման ներկայ էր «Ազդակ»-ի տնօրէնը:
Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական խնդիրներուն, պատմագիտութեան եւ արեւելագիտութեան մասնագիտութիւններու դիմագրաւած հարցերուն եւ ընդհանրապէս հայագիտական ոլորտի հեռանկարներուն: