կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-09 10:04
Առանց Կատեգորիա

Շուշիի ազատագրման պատմակշիռ ավանդը

Շուշիի ազատագրման պատմակշիռ ավանդը

«Մեր պապեր, Շուշին ազատագրուա՛ծ է, հանգստացէ՛ք»

Դուշման Վարդան


Ազգային ազատագրական պայքարի նորօրեայ ժամանակաշրջանի բախտորոշ իրադարձութիւններէն է Շուշիի ազատագրումը, որ նոր իմաստ ներարկեց հայութեան պատմական դատին եւ վերընձիւղեց անկաշկանդ եւ անկախ ապրելու արցախահայութեան ազատաբաղձութիւնը։

Ազատագրուած Շուշին բացաւ կեանքի ճանապարհը դէպի Մայր Հայաստան եւ միաժամանակ ռազմական մեր յաջողութիւններու սկիզբը դարձաւ: Շուշիով ապահովուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կայացումն ու համալրումը։

Ռազմավարական տեսանկիւնէ դիտուած, Շուշիի մօտ տեղադրուած թշնամիի հրետանային կրակակէտերու չէզոքացումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն էր։ Ստեփանակերտի ազգաբնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող առօրեայ հրթիռակոծումները կանխելու եւ պատմական Շուշին իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու նպատակով ծաւալած հայկական հակայարձակողական գործողութիւնները ոչ միայն կասեցուցին ատրպէյճանական հրթիռահրետանային գրոհները, այլեւ ճանապարհ հարթեցին Լաչինի միջանցքի ազատագրման եւ Մայր Հայրենիքի հետ միացման։

Շուշիի ազատագրումը յաղթանակներու եւ ընկրկումներու պատմակշիռ ուղի թեւակոխած մեր ժողովուրդին համար հանդիսացաւ բարոյահոգեբանական ներուժի լիցքաւորման առիթ, որ հայ զինուորը ի վիճակի է սեփական ուժը յենարան ունենալով յաղթանակ կերտել։

Միաժամանակ, հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան աշխարհայեացքին մէջ ուղենիշ դարձաւ այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ազգային անվտանգութեան համատեղ, ճկուն եւ հեռատես ռազմավարութեան մշակումով եւ իրականացոմով կ՚ապահովուի հայրենի երկրի լիակատար պաշտպանուածութիւնը։

Այսօր, Շուշիի տնտեսական եւ ժողովրդագրական զարգացումը արժանապատուութեան խնդիր է։ Շուշիի վերաբնակեցումը՝ ազատագրուած տրածքներու վերաբնակեցման հետ առընթեր պէտք է դառնայ համայն հայութեան ուշադրութեան առարկայ, որպէսզի Շուշին վերստին դառնայ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական, մշակութային և գիտակրթական կեդրոն։

Հայաստանը՝ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է. հայրենի զոյգ պետութիւններու ազգային անվտանգութեան դաւանաբանական սկզբունքն ու կերտուածքը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ ռազմաքաղաքական կայուն եւ ամրագրուած դաշինքով եւ հայութեան ազգային շահերու խորքային աշխարհըմբռնման բնութագրիչը հանդիսացող Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան անքակտելի ու վերանորոգ զօրաշարժով։

«Հորիզոն»