կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-30 19:20
Հասարակություն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐՕԾՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐՕԾՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

Հալէպ տուած հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ Մայր Եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը:

Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենոյշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը սրբագործման արարողութեան համար եկեղեցի մուտք գործեց: Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան Տիգրան Գէորգեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ միութիւններու,Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտարազգի հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն մը:

Քահանայ հայրերը նախ ջուրով եւ գինիով սրբեցին օծման տեղերը՝ դռները (բարաւորը, սիւները եւ դուռը), եկեղեցւոյ կեդրոնական չորս սիւները, կեդրոնական խորանի չորս անկիւնները, աջակողմեան եւ ձախակոմեան խորանները եւ մատրան խորանը: Այնուհետեւ վերոնշեալ վայրերը Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Ս. միւռոնով օծուեցան:

Օծման աւարտին, «Պահպանիչ» աղօթքէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ.Արք. Սարգիսեան ըսաւ. ««Եթէ Տէրը ինք չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները. եթէ Տէրը ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (Սաղմոս 127.1)։ Այս իրագործումը երկնաւորին օրհնութեան, Իր փառքին եւ Իր ժողովուրդին հոգեւոր պայծառութեան համար եղաւ»։ 
Ապա Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հետեւեալ կողմերուն.-

Ա) Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատին, որուն հոգատարութեամբ եւ բարոյական – նիւթական օժանդակութեամբ կարելի դարձաւ վերաշինութեան գործադրութիւնը։
Բ) ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ սուրիական տագնապի առաջին օրերէն իր ելոյթներուն թէ հանդիպումներուն ճամբով պաշտպանեց Սուրիան եւ Սուրիոյ ժողովուրդը, գօտեպնդեց սուրիահայութիւնը, իսկ Հալէպի ազատագրութեան առաջին օրերուն հովուապետական այցելութեամբ յուսադրեց իր ժողովուրդը՝ մնալու եւ սկսելու վերականգնումի մեծ գործը։
Գ) Սուրիոյ պետական պատասխանատուներուն, մասնաւորաբար Հալէպի նահանգապետին, կուսակցապետին, քաղաքային մարմիններուն, որոնք ամէն դիւրութիւն ընծայեցին վերաշինութեան աշխատանքի ընթացքին։
Դ) Թեմիս Ազգ. Իշխանութեան, մասնաւորաբար Կրօնական Ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան, որոնց ամբողջական գործակցութեամբ ընթացք առին շինարարական աշխատանքները։ Շինարարական տարբեր աշխատանքներու ճարտարապետական իրագործումին հսկողներուն, մասնաւորաբար տիար Կարպիս Թովմասեանին եւ տիար Մուհամմէտ Մատարաթիին։

Եւ վերջապէս բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնաբաշխ պատգամը ուղղելու։
Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ մեր եկեղեցին մեզի համար Աստուծոյ տունն է, մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ Աստուծոյ հետ եղաւ, Աստուծոյ հետ խօսեցաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր պատմութեան ընթացքին, եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս սովորական իմաստով շէնք եւ պատ չեղաւ, այլ եղաւ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ լոյսի առաքելութիւն, եղաւ Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ, Այբուբեն, Հայոց լեզու, ոսկեայ մշակոյթ, եղաւ Նարեկացի եւ ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուած, եղաւ Ներսէս Շնորհալի, հեզամրմունջ շարական եւ աղօթասաց երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ:

«Մեր պատմութեան միջնադարու խաղաղ օրերուն, մեր եկեղեցին յոյս դարձաւ ու լոյսի առաքելութեան լծուեցաւ ցիր ու ցան դարձած մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս ու տակաւին մեր եկեղեցին եղաւ Խրիմեան Հայրիկ եւ երկաթէ շերեփ: Մեր եկեղեցին եղաւ ու մնաց ազգային պահանջատիրութիւն այն բոլոր անարդար գործերուն, ցեղասպանական ոճիրներուն նկատմամբ, որոնք փորձեցին մեր ժողովուրդին կամքին մէջ Աստուծոյ հաւատքը պահել, մեր ժողովուրդին արդարութեան տենչը սպանել: Այս բոլորը եղաւ մեր եկեղեցին: Այլ խօսքով՝ հաւատքի առաքելութիւն, ազգանուէր ծառայութիւն, մշակութային արժէքներու կենսագործում եւ ազգային պահանջատիրութիւն, այսպէս եղաւ ու այս է մեր եկեղեցին, Աստուծոյ տունը, որուն հետ նոյնացաւ մեր ժողովուրդը եւ զայն դարձուց նաեւ ի՛ր տունը, ազգին հաւաքական տունը: 
«Մեր ժողովուրդի ցաւին, տառապանքին եւ կարիքներուն դիմաց: Մեր եկեղեցին անտարբեր չեղաւ ու պիտի չըլլայ, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Սուրիա եւ ամէն տեղ, որովհետեւ մեր եկեղեցին վայր չէ, մեր եկեղեցին Աստուծոյ ներկայութիւնն է, Քրիստոսին մարմինն է, այլ խօսքով՝ հաւատքի վկայութիւն, ժողովրդանուէր ծառայութիւն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, ապա յայտնեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, կաթողիկոսներ օծուած են, կաթողիկոսներ թաղուած են եւ սրբալոյս միւռոն օծուած է այս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին միւռոնը Թուրքիայէն պարտադիր կերպով դուրս դրուած երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին կողմէ օծուած է, 29 Մայիս 1923-ին եւ նոյն միւռոնով այսօր կը վերօծուի եկեղեցին:

Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին դիմելով ըսաւ.«Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց ,Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերօծումը անձնական ու խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի:Մեր եկեղեցւոյ հաւատքի վկայութիւնը կը շարունակուի, պատմութեան ընթացքին ուրիշներ քանդեցին հիւսիսէն թէ հարաւէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն, սակայն մենք վերաշինեցինք, ուրիշներ փորձեցին մեր ժողովուրդին հաւատքը սպանել, բայց մենք հաւաքաբար ըսինք, թէ այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել: Ուրիշներ անարդարութիւն գործեցին, սակայն մենք մեր հաւաքական կեցուածքով ո՛չ ըսինք անարդարութեան, պայքարեցանք ու պիտի պայքարինք ի խնդիր արդարութեան: Ուրիշներ ցեղասպանութիւն գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, սակայն չյաջողեցան: Այսօր մեր ժողովուրդը յարութիւն առած է, Հալէպէն սկսեալ ի սփիւռս աշխարհի: Այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, թէկուզ մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ, սակայն պիտի ձգտինք Հայաստանը տեսնելու մեր երազին պատկերով: Ուրիշներ փորձեցին աշխարհի քարտէզէն ջնջել Հայաստանը ու հայութիւնը, սակայն այսօր, մենք ներկայ ենք ամէն տեղ, մենք երբեք չենք մոռնար սուրիացի սիրելի պատասխանատուներն ու ժողովուրդը, որոնք ցեղասպանութենէն յետոյ մեր ժողովուրդին զաւակները ընդունեցին: Թուրքիան քանդեց, Թուրքիան սպանեց, սակայն այս երկրին մէջ ձեզի հետ միասին, սուրիացի՛ ժողովուրդ, մենք շինեցինք ու վերաշինեցինք: Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը մահ տեսաւ, այստեղ՝ կամք:Մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ գոյակցեցանք փոխադարձ յարգանքով, հասկացողութեամբ ու սիրով եւ պիտի շարունակենք նոյն ոգիով գոյակցիլ, որպէս սուրիացի հայեր մասնակից դառնալով Սուրիոյ վերաշինութեան, վերազարթնումի հաւաքական աշխատանքներուն: Սուրիացի ժողովուրդը, սուրիական իշխանութիւնները սիրեցին, յարգեցին մեզ եւ վստահութիւն ունեցան մեր վրայ: Ահաւասիկ այս եկեղեցւոյ վերաշինութեան, Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերաւ: 
«Այսօր փառաբանանքի օր է առ Աստուած, գոհաբանութեան օր է առ Աստուած: Ահաւասիկ ցեղասպանին կողմէ քանդուած այս եկեղեցին, վերաշինեցինք եւ սուրիական հողին վրայ պիտի շարունակենք վերաշինութիւնը, վերականգնումը Հալէպէն սկսեալ մինչեւ Տէր Զօր եւ ամէն տեղ պիտի վերաշինենք, պիտի վերականգնենք, պիտի վերածաղկեցնենք: Այս է հայու ոգին, այս է մեր առաքելութիւնը ամէն տեղ: Այս առիթով ես նաեւ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր մղումով, իր ճիգով ու աշխատանքով ահաւասիկ այս եկեղեցին պայծառացած կը տեսնենք:Վստահ եմ որ Ազգային Իշխանութեան հետ միասնաբար վերականգնումի, վերածաղկումի առաքելութիւնը պիտի շարունակուի»: 
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց համայն հայութեան օժանդակելու սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն: 
Սրբագործման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ հայրապետական օրհներգի, ապա «Կիլիկիոյ մաղթերգ»ի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սրբագործուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական աջահամբոյր:

Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին դիմելով ըսաւ.«Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց ,Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերօծումը անձնական ու խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի:Մեր եկեղեցւոյ հաւատքի վկայութիւնը կը շարունակուի, պատմութեան ընթացքին ուրիշներ քանդեցին հիւսիսէն թէ հարաւէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն, սակայն մենք վերաշինեցինք, ուրիշներ փորձեցին մեր ժողովուրդին հաւատքը սպանել, բայց մենք հաւաքաբար ըսինք, թէ այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել: Ուրիշներ անարդարութիւն գործեցին, սակայն մենք մեր հաւաքական կեցուածքով ո՛չ ըսինք անարդարութեան, պայքարեցանք ու պիտի պայքարինք ի խնդիր արդարութեան: Ուրիշներ ցեղասպանութիւն գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, սակայն չյաջողեցան: Այսօր մեր ժողովուրդը յարութիւն առած է, Հալէպէն սկսեալ ի սփիւռս աշխարհի: Այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, թէկուզ մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ, սակայն պիտի ձգտինք Հայաստանը տեսնելու մեր երազին պատկերով: Ուրիշներ փորձեցին աշխարհի քարտէզէն ջնջել Հայաստանը ու հայութիւնը, սակայն այսօր, մենք ներկայ ենք ամէն տեղ, մենք երբեք չենք մոռնար սուրիացի սիրելի պատասխանատուներն ու ժողովուրդը, որոնք ցեղասպանութենէն յետոյ մեր ժողովուրդին զաւակները ընդունեցին: Թուրքիան քանդեց, Թուրքիան սպանեց, սակայն այս երկրին մէջ ձեզի հետ միասին, սուրիացի՛ ժողովուրդ, մենք շինեցինք ու վերաշինեցինք: Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը մահ տեսաւ, այստեղ՝ կամք:Մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ գոյակցեցանք փոխադարձ յարգանքով, հասկացողութեամբ ու սիրով եւ պիտի շարունակենք նոյն ոգիով գոյակցիլ, որպէս սուրիացի հայեր մասնակից դառնալով Սուրիոյ վերաշինութեան, վերազարթնումի հաւաքական աշխատանքներուն:

Սուրիացի ժողովուրդը, սուրիական իշխանութիւնները սիրեցին, յարգեցին մեզ եւ վստահութիւն ունեցան մեր վրայ: Ահաւասիկ այս եկեղեցւոյ վերաշինութեան, Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերաւ: 
«Այսօր փառաբանանքի օր է առ Աստուած, գոհաբանութեան օր է առ Աստուած: Ահաւասիկ ցեղասպանին կողմէ քանդուած այս եկեղեցին, վերաշինեցինք եւ սուրիական հողին վրայ պիտի շարունակենք վերաշինութիւնը, վերականգնումը Հալէպէն սկսեալ մինչեւ Տէր Զօր եւ ամէն տեղ պիտի վերաշինենք, պիտի վերականգնենք, պիտի վերածաղկեցնենք: Այս է հայու ոգին, այս է մեր առաքելութիւնը ամէն տեղ: Այս առիթով ես նաեւ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր մղումով, իր ճիգով ու աշխատանքով ահաւասիկ այս եկեղեցին պայծառացած կը տեսնենք:Վստահ եմ որ Ազգային Իշխանութեան հետ միասնաբար վերականգնումի, վերածաղկումի առաքելութիւնը պիտի շարունակուի»: 
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց համայն հայութեան օժանդակելու սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն: 
Սրբագործման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ հայրապետական օրհներգի, ապա «Կիլիկիոյ մաղթերգ»ի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սրբագործուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական աջահամբոյր:

«Գանձասար», Հալեպ, Սուրիա