Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, յատկապէս 2014էն սկսեալ, թիրախ դարձաւ ահաբեկչական խմբաւորումներու սաստիկ հրթիռակոծումներուն:
Թէեւ եկեղեցւոյ ներքնամասը մեծ վնասներու չենթարկուեցաւ, սակայն տարածքը՝ գլխաւոր մուտքը, զանգակատունը, պատմական առաջնորդարանը, «Զարեհեան» գանձատունը, Ազգային կեդրոնական գրադարանը, «Նիկոլ Աղբալեան» սրահը եւ շրջափակը մեծապէս վնասուեցան:
Դեկտեմբեր 2016ին, Հալէպի ազատագրութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի՝ թեմի Ազգային վարչութիւնը նախաձեռնեց եկեղեցւոյ տարածքի վերաշինութեան գործին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Հալէպ կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին յայտարարեց Սուրիոյ հայ համայնքի վերականգնումի հրամայականը՝ վերընդգծելով Հալէպի եւ տեղւոյն հայ համայնքի գրաւած անփոխարինելի տեղն ու դերը հայութեան համայնական կեանքին մէջ:
Եկեղեցւոյ վերաշինութեան ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հիմնական չորս բաժիններ: Առաջին փուլին սկսան գլխաւոր մուտքի, զանգակատան եւ եկեղեցւոյ ներքնամասի վերաշինութեան ու նորոգութեան աշխատանքները: Սրբազան հօր անմիջական հսկողութեամբ ու ցուցմունքներով, Ազգային վարչութեան եւ Շինարարական յանձնախումբին հետեւողական հետապնդումով, տարբեր կողմերու նուիրատուութիւններով ու հաւատացեալ ժողովուրդին սրտաբուխ մասնակցութեամբ, արդէն իրականացած է առաջին փուլի ծրագիրը։
Եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաօծումը պիտի կատարուի ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 30 Մարտին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, եւ հնադարեան սրբավայրը իր դռները լայնօրէն պիտի վերաբանայ հաւատացեալներուն առջեւ: