կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-25 21:19
Քաղաքական

Հայ Դատի և պահանջատիրության երթն աննահանջ պահելու վճռականությամբ

Հայ Դատի և պահանջատիրության երթն աննահանջ պահելու վճռականությամբ

 ՀՅԴ Կանադայի Հայ Դատի հանձնախմբի նվիրահավաքի առթիվ

«Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի ետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ: Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական Դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար՝ դարձեալ դաշնակցականներն են շարժելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման – լինի նա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն – որպէսզի գործը քալէ»:

Արշակ Ջամալեան

Առաջին Հանրապետութեան հաղորդակցութեան ճանապարհներու նախարար

Գանատայի հայ համայնքին համար անծանօթ չեն աւելի քան կէս դար ժամանակահատուածի վրայ երկարող ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին արձանագրած իրագործումները։ Յանձնախումբի առաքելութեանց կիզակեդրոնը կը կազմեն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրական դատը, Արցախի ինքնորոշման հարցը, Ջաւախքի հայութեան խնդիրը, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան սատարման գծով դիւանագիտական բազմաբնոյթ աշխատանքները…

2006 թուականի Ապրիլ 25-էն ի վեր, Օթթաուայի մէջ ներկայութիւն է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ իբրեւ Հայ Դատի աշխատանքներու գործադիր կեդրոն՝ Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Պրիւքսէլի, Պէյրութի եւ Երեւանի գրասենեակներուն հետ զուգահեռ կը կատարէ իր յանձնակատարութիւնը:

Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ներկայութիւն ըլլալու եւ արհեստավարժ հիմունքով գործելու հրամայականներէն մեկնած, 2006 Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին, որ իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, 12 տարիէ ի վեր, որպէս ազդեցիկ կեդրոն, կը գործէ տեղեկատուական եւ յարաբերական բնագաւառներէն ներս:

Գանատայի մէջ, շնորհիւ յանձնախումբին երկարամեայ մաքառումներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գանատական ծերակոյտն ու խորհրդարանը ընդունած են ցեղասպանութիւնը հաստատող եւ ճանչցող բանաձեւեր, իսկ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ, 2006 Ապրիլ 21-ին վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կատարած յայտարութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Գանատայի պետական քաղաքականութեան անբաժանելի մասնիկ է։

2018 Նոյեմբեր 24-ին, Վանգուվըրի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին 2019 թուականի համագանատական նուիրահաւաքին, որուն ընթացքին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայութիւնը, հաւատարիմ անցեալի իր աւանդին, 62 հազար տոլար հանգանակեց ի նպաստ յանձնախումբին ազգանուէր առաքելութեան։ Հայ Դատի ուխտապահ համակիրներու բանակը եկաւ հաստատելու, որ ազգային մեր իղձերու, քաղաքական նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործման համար գանատահայութիւնը կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ եւ հաւատարիմ է Հայ Դատի արդար հանգուցալուծման տեսլականին։

Վստահաբար, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ համայնքի միւս ոստաններուն մէջ կայանալիք նուիրահաւաքներուն ընթացքին, մեր հայրենակիցները իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւ պիտի անսան Հայ Դատի կոչին։

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնը այսօր համահիւսուած է, եւ այդ անվտանգութեան ընթերակայ երաշխաւորը՝ աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակներն են։ Աշխարհագրական մէկ ու ամբողջական տարածութեամբ հայրենի հողի վրայ, անկախ ու ինքնիշխան երկրի միաւորուած երկնակամարին ներքոյ ապրելու տեսլականով՝ Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց գործադաշտը ծաւալելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակեն հայրենակերտման առաքելութիւնը։

horizonweekly.ca