Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վերջին շրջանին Ազրպէյճան-Իրան քաղաքական մերձեցումը դուռ բացաւ որոշ մտահոգութիւններու: Դիմատետրի վրայ եղան զանազան մեկնաբանութիւններ: Շատեր ընդգծեցին, որ Ազգային ժողովին մէջ Իրանի մասին կատարուած անհիմն արտայայտութիւնները (որակելով Իրանը իբրեւ բռնատիրական երկիր) պատճառ դարձան, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր յարաբերութիւնը Երեւանի նոր իշխանութիւններուն հետ:
Արցախեան ազատագրական պատերազմի սկզբնական շրջանին Իրան հայամէտ դիրքորոշում չորդեգրեց, որովհետեւ յոյս ունէր, որ իր յեղափոխութիւնը կրնար տարածել Ազրպէյճանի մէջ: Սակայն երբ Ազրպէյճանի իշխանութեանց հայեացքը ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիա, Արեւմուտք եւ հետագային` Իսրայէլ, Իրան այլ ելք չունէր` բացի քրիստոնեայ Հայաստանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակելէ:
Իրանի մտահոգութիւնը նաեւ կը բխի ներքին խնդիրներէ: Իրանի համար անընդունելի է, որ հզօր եւ արեւմտամէտ Ազրպէյճան մը կազմուի իր հիւսիսային սահմանին վրայ, միւս կողմէ` որեւէ հայամէտ քայլ կրնայ ժխտական արձագանգներ ունենալ Իրանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Իրանի հիւսիսը կը բնակին մօտ 17 միլիոն ազերիներ:
Միւս կողմէ, Իրանի մէջ ազգայնական տարրեր միշտ ալ ձայն բարձրացուցած են` ըսելով, որ Ազրպէյճան կեղծ երկիր է եւ Իրանի մաս կը կազմէ: Հոս պէտք է յիշեցնել, որ ռուս-պարսկական պատերազմէն ետք Թիւրքմենջայի համաձայնագիրով 1813-ին Պարսկաստանը Կովկասը զիջեցաւ ցարական Ռուսիոյ: Իսկ 1918-ին, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ թաթարները յայտարարեցին Ազրպէյճանի անկախութիւնը, Իրան բողոքեց եւ չճանչցաւ նորաստեղծ պետութիւնը:
Վերջապէս, Իրան բազմիցս մտահոգութիւն յայտնած է Իսրայէլ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն պատճառով: 2016-ին Իրանի պաշտպանութեան նախկին նախարար գնդապետ Հուսէյն Տեհղան ամբաստանեց Ազրպէյճանը` իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր Իրան ուղարկելու յանցանքով («Ալ-Մինիթոր», 12 փետրուար 2018):
Հակառակ այս պատմական լարուած յարաբերութիւններուն` կրնանք ըսել, որ իրանեան-ազրպէյճանական կապերը հիմնուած են շահերու եւ ոչ թէ բարեկամական յարաբերութիւններու վրայ, եւ Իրանի դիրքորոշումը Արցախի հարցին նկատմամբ միշտ ալ եղած է ի նպաստ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան:
Սակայն վերջերս թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորական Մոհամետ Պաղերի կատարած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, Իրան կը յարգէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով: Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի տարածքային ամբողջականութեան միջազգային օրէնքներուն չափանիշներով («Անատոլու» լրատու գործակալութիւն, 16 յունուար 2019):
Բնականաբար այսօր մտահոգութիւններ կան հայ-իրանական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, սակայն նաեւ չափազանցելը անհիմն է: Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն ճեղք մը յառաջացնել ռազմավարական այս յարաբերութիւններուն մէջ: Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք կը թափեն այս ճեղքը յառաջացնելու, եւ Հայաստանի նոր իշխանութեանց մէջ շատերը կը թուին քաջալերուած ըլլալ այս իմաստով, ինչպէս որ պարզուեցաւ Ազգային ժողովին մէջ:
Այսօր հայկական կողմը դիւանագիտական եւ տնտեսական հսկայ գործ ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս իրանահայ համայնքը պէտք է խորհրդաժողովներու եւ տեսակցութիւններու միջոցով բարձրացնէ թուրանական վտանգին հարցը: Այստեղ նաեւ միջինարեւելեան հայկական գաղութները իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ունենան` Իրանի մէջ թէ՛ թուրանական եւ թէ՛ազրպէյճանական իսրայէլամէտ քաղաքականութեան վտանգին մասին խօսելու առումով: Իրանական կողմին եւ իրանեան հասարակութեան մէջ պէտք է ստեղծուի այն գաղափարը, որ արցախեան հիմնահարցը կը հետապնդէ զուտ ազգային ու ռազմավարական դատ եւ երբեք կրօնական պայքար չէ: Անոնք պէտք է հասկնան, որ հիւսիսային Իրանի անվտանգութիւնը կապուած է Արցախի անվտանգութեան: Հայաստանը իր կարգին պէտք է սիրաշահի Իրանը` դառնալով Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ միակ կամուրջը: Հայաստանի նոր իշխանութիւնները այս առաւելութիւնը ունին եւ պէտք է օգտագործեն զայն, նախքան որ Պաքուն նոյնանման քայլեր առնէ:
Օգտագործուած աղբիւրներ.-
– Rahim Rahimov, Armenia-Iran versus Azerbaijan-Israel: Where is Russia? JamesTown Foundation, 30/1/2017 https://jamestown.org/program/armenia-iran-versus-azerbaijan-israel-russia/?fbclid=IwAR3aZp8stOTLqXL8bvP3hHkeirU_ZNGtCMiNFC-gMrHc2mypTj44RUzsJCg
– Ruslan Rehimov, Iran: Karabakh belongs to Azerbaijan, Anadolu Agency, 16/1/2019 , https://www.aa.com.tr/en/asia-pacific/iran-karabakh-belongs-to-azerbaijan/1366528
– Saeid Jafar, Iran, Azerbaijan war up ties after years of frost, Al-Monitor, 12/2/2018, https://www.al-monitor.com/pulse/originals/2018/02/iran-azerbaijan-relations-warmer-armenia-caspian-sea.html
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ