Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Այս շաբաթ Լիբանան կը գտնուին Պոլսոյ Թարգմանչաց վարժարանէն երկու ուսուցիչներ` Ժերմեն Գանթարճըօղլուն եւ Դալար Քէօսէօղլուն: Անոնք շաբթուան մը տեւողութեան պիտի այցելեն Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, պիտի ծանօթանան հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, հայերէնի դասագիրքերուն եւ ներկայ ըլլալով հայոց լեզուի դասապահերուն` պիտի տեղեկանան դասաւանդուած հայերէնի ծրագիրին եւ մեթոտաբանութեան: Անոնց նպատակն է նոր գաղափարներով, ծրագիրներով եւ դասագիրքերով զինուած` վերադառնալ Պոլիս, որպէսզի նոր մեթոտներով կարենան դասաւանդել հայոց լեզուն եւ զայն սիրել տալ հայ աշակերտին:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` ներկայացուցէք Լիբանան ձեր այցելութեան նպատակը:
ԴԱԼԱՐ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒ.- Մենք Պոլսոյ Թարգմանչաց միջնակարգ վարժարանի ուսուցիչներ ենք: Մենք ունինք հայոց լեզուի ծրագիր մը, բայց կ՛ուզենք ա՛լ աւելի յառաջացնել եւ զարգացնել զայն: Դժբախտաբար հայերէնի դասագիրքերու շատ աղբիւրներ չունինք, մանկական կամ պատանեկան պատմութեան մեր գիրքերը բազմաթիւ չեն: Մտածեցինք, որ գիրքերը տեղէ մը պէտք է առնենք եւ մեր աշակերտներուն հայերէնը տարբեր աղբիւրներով ներկայացնենք եւ սիրել տանք: Մտածեցինք, որ այս դասագիրքերը կամ հայերէն տարբեր գիրքեր առնելու ամէնէն յարմար վայրը Լիբանանի Համազգայինի գրատունն է: Իմանալով նաեւ, որ Լիբանանի Համազգայինի ճեմարանը իր մեծ տեղն ու դերը ունի լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ, ուզեցինք անոր հետ շփման մէջ մտնել, զրուցել Ճեմարանի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն հետ, ներկայ ըլլալ անոնց դասապահերուն, հայոց լեզուի կիրարկուած մեթոտաբանութիւնը տեսնել եւ անոնց հետ հայերէնի ծրագիր մը մշակել: Ուրեմն այս բոլորը որոշեցինք ընել մեր վարժարանի յաջողութեան ու վերելքին համար եւ այս նպատակով ալ եկանք Լիբանան:
ԺԵՐՄԵՆ ԳԱՆԹԱՐՃԸՕՂԼՈՒ.- Մեր ունեցած հայերէնի դասագիրքերը բաւական հին են: Իմ մանկութեան եւ կրնամ ըսել, որ մայրիկիս մանկութեան դասագիրքերն են: Հին գիրքեր են, որոնք բաւարար չեն այս օրերուն հայերէն դասաւանդելու համար: Ըսեմ, որ յատուկ դասագիրք մը չենք օգտագործեր. մենք` հայոց լեզուի ուսուցիչներս, օգտուելով տարբեր աղբիւրներէ, կը պատրաստենք հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրք մը, որով կը դասաւանդենք: Չորս տարի առաջ խումբ մը ուսուցիչներ քով-քովի եկանք եւ անգլերէն գիրքերուն զուգահեռ, հայերէն դասագիրք մը պատրաստեցինք իր վարժութեան տետրակով, երկրորդ դասարանին համար: Նիւթերը պատրաստեցինք կենսագիտութեան նիւթերու հետ առնչելով: Չորրորդ տարին է, որ այս դասագիրքով կը դասաւանդենք: Առաջին դասարանցիները աւելի շատ գրավարժութիւններ կը կատարեն եւ կը սորվին հայերէնի տառերը: Մանկապարտէզին մէջ մենք կը սկսինք սորվեցնել տառերը եւ անոնց ուսուցումը կ՛աւարտենք առաջին դասարանին: Որքան շատ եւ հարուստ ըլլան մեր ձեռքին տակ եղած աղբիւրները, մենք գանձ գտածի պէս կ՛ըլլանք: Մեր աշակերտներուն աւելի հաճելի կրնանք դարձնել հայերէնը:
Դ. Ք.- Լիբանան այցելութեան մեր առաջին օրը առիթ ունեցանք այցելելու Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մանկամսուրը, շատ հաճելի էր, փոքրիկները շատ անուշիկ են: Վաղը արդէն Ճեմարանի դասարանները պիտի այցելենք ու ծանօթանանք հայերէնի ծրագիրին ու ուսուցիչներուն: Մեզի համար հետաքրքրական ծրագիր մըն ալ պատրաստուած է` այցելելու հայկական կրթական եւ մշակութային կարեւոր հաստատութիւններ Լիբանանի մէջ:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ արեւմտահայերէնի պահպանման ընթացքը Պոլսոյ մէջ:
Ժ. Գ.- Ըսեմ, որ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու աշակերտները թրքերէնը կը նախընտրեն, որովհետեւ իրենց համար ամէնէն պարզ լեզուն է, անոնք հեռատեսիլ կը բանան` թրքերէն կը լսեն, այ փատ-ը ձեռք կ՛առնեն եւ թրքերէն կը կարդան, զուարճանալու համար տեղ մը կ՛երթան եւ թրքերէն կը լսեն, տան մէջ ալ եթէ ընտանիքը հայախօս չէ, հետեւաբար աշակերտները բնականաբար թրքերէն պիտի խօսին: Մենք կ՛աշխատինք այս մտայնութիւնը փոխել եւ այդ պատճառով ալ հոս եկած ենք: Մեր կարելի բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնենք, որ հայ աշակերտներուն սիրել տանք հայոց լեզուն:
Դ. Ք.- Պոլսոյ մէջ այսօր կը գործեն 19 երկրորդական, միջնակարգ եւ նախակրթարան վարժարաններ: Այս դպրոցները ունին իրենց վարչութիւնները, որոնք կ՛աշխատին կարելի եղածին չափ օգտակար դառնալ թէ՛ ուսուցչաց կազմին, թէ՛ աշակերտներուն: Ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի հայկական վարժարանը իր գոյութիւնը պահէ: Բայց ըսեմ, որ հակառակ այս բոլոր աշխատանքներուն` հայ աշակերտներուն թիւը օրէ օր կը նուազի: Ծնողները կը նախընտրեն ոչ հայկական վարժարաններ ղրկել իրենց զաւակները: Կրնամ ըսել, որ տան մէջ հայերէն խօսող ընտանիքներուն թիւն ալ հետզհետէ կը նուազի, նաեւ` հայերէն թերթ կարդացողներունը: Հետեւաբար Պոլսոյ մէջ հայոց լեզուի գործածութիւնը կը նուազի: Անցեալին Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականութիւն կար, գրագէտներ, բանաստեղծներ, բայց հիմա բանաստեղծներ չեն հասնիր, բնական է, որ հայերէնի գրական մակարդակն ալ նուազի: Հայոց լեզուի պահպանման ընթացքը այնքան ալ լաւ չէ, բայց մենք` հայերէնի ուսուցիչներս, չենք յուսահատիր եւ կ՛աշխատինք մեր կարելին ընել` նոր մեթոտներով հայ աշակերտներուն հայերէն դասաւանդելու եւ սիրել տալու համար, որպէսզի իրենք ալ իրենց հերթին մայրենիին տէր ըլլան:
Ժ. Գ.- Այսօրուան աշակերտները վաղուան ծնողներն են, եթէ կրցանք իրենց մէջ սէր մտցնել մայրենիին նկատմամբ, վստահաբար ատիկա մեծ դեր պիտի ունենայ հետագային հայ մշակոյթի պահպանման գործընթացին` հայ ընտանիքին մէջ:
«Ա.».- Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ քանի՞ պահ հայոց լեզուին յատկացուած է:
Դ. Ք.- Դասարանէ դասարան կը փոխուին պահերը, բայց ընդհանուր առմամբ, շաբաթը` 8-10 դասապահ: Որքան բարձրանան կարգերը, այնքան հայոց լեզուի դասապահերը կը նուազին: Պոլսոյ հայ իրականութեան մէջ կը գործէ Ուսուցչաց հիմնարկը, որ կը համարուի ուսուցիչներուն կեդրոնը: Ուսուցչաց հիմնարկը ինքն է, որ կը պատրաստէ հայերէնի դասագիրքեր` օգտուելով տարբեր աղբիւրներէ: Հիմնարկը ունի իր վարչութիւնը եւ ամէն տարի կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ դասընթացքներ` թէ՛ հայոց լեզուի, թէ՛ մնացեալ ուսուցիչներուն համար: Ըսենք նաեւ, որ հայոց լեզուի ուսուցիչները կը մասնակցին նաեւ Վենետիկի մէջ կազմակերպուած հայոց լեզուի դասընթացքին:
Ժ. Գ.- Կ՛արժէ նշել, որ վերջերս հայերէնի չորս ուսուցիչներով Վաքըֆլը գիւղը գացինք եւ ամիս մը մնացինք, որպէսզի տեղի մեծահասակներուն եւ փոքրերուն հայերէն սորվեցնենք, որովհետեւ գիւղին մէջ հայկական վարժարան չկայ: Կրնանք ըսել, որ գիւղին մէջ հայերէնի հանդէպ կարօտ մը տեսանք: Մէկ խօսքով, կ՛աշխատինք թէ՛ հայերէն դաս տալ, թէ՛ ալ դասընթացքներու մասնակցիլ` թարմացնելու համար մեր գիտելիքները:
«Ա.».- Խօսինք Պոլսոյ հայկական մշակութային կեանքին մասին:
Դ. Ք.- Պոլսոյ մէջ ունինք հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներու միութիւններ, որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Պոլսոյ մէջ: Կան երգչախումբեր եւ պարախումբեր ալ, որոնք լուրջ աշխատանք կը տանին եւ զանազան ելոյթներով հանդէս կու գան: Միութիւններ կը կազմակերպեն թատրոններ, որոնց կը մասնակցին նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտները: Կրնանք ըսել, որ Պոլսոյ հայ մշակութային կեանքը բաւական աշխուժ է:
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ