կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-25 20:46
Աշխարհ

Ֆրանսիայի հայկական դպրոցների հանձնաժողով կհիմնվի

Ֆրանսիայի հայկական դպրոցների հանձնաժողով կհիմնվի

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (ՖԿՀԽ-CCAF) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ գիտակցելով հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան առաքելութեան մէջ հայկական վարժարաններու կարեւոր դերին՝ որոշած է անոնց զարգացման ուղղուած միջոցներու ձեռնարկել:

Այսպէս, ՖԿՀԽը Ֆրանսայի հայկական բոլոր վարժարանները հրաւիրած էր միասնաբար աշխատելու՝ անոնց կարիքները ճշդելու, պահանջները համադրելու եւ համակարգելու նպատակով, միաւորելու համար այն ցանցերն ու ուժերը, որոնք ներդրելով իրենց փորձառութիւնը՝ կրնան դիւրացնել վարժարաններու գործունէութիւնը:

Ուստի, մանկավարժներն ու խնամակալ մարմինները,- իւրաքանչիւրը իր բնագաւառին մէջ,- առիթը ունեցան խորհրդակցելու զիրենք յուզող հասարակաց խնդիրներու շուրջ, համադրելու իրենց կարիքները, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու զարգացման իրենց հեռանկարները, որոնք կը տարածուին միջին եւ երկար ժամանակներու վրայ:

Կազմուած են խորհրդածութեան երեք խումբեր.

– Ֆրանսայի մէջ, հայ 4րդ/5րդ սերունդի աշակերտութեան մասին խորհրդածութեան խումբ մը.

– Մանկավարժական հարցերու եւ այդ բնագաւառին մէջ վարժարաններու միջեւ լաւագոյն ներդաշնակութեան մասին խորհրդածութեան խումբ մը.

– Վարչական եւ ելեւմտական յանձանձումի (gestion) մասին խորհրդածութեան խումբ մը:

Հանդիպումները առիթ ընծայեցին բարելաւման աւելի թեքնիք միջոցներու, ինչպէս օրինակ՝ CAPES եւ CRPE վկայականով օժտուած ուսուցիչներ պաշտօնի կոչելու կամ հայերէն դասագիրքերու տպագրութեան, թուայնացման հարցերու կամ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդման շուրջ կարծիքներու փոխանակումներ կատարելու:

Ընդառաջելով կատարուած դիմումներուն՝ կոչ կը կատարուի նաեւ միօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներուն՝ կապ հաստատելու CCAF-ի հետ, գրելով [email protected] հասցէին։

Վերոնշեալ հաղորդագրութեան կցուած զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, թէ հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու յանձնաժողովի առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ 2018, 22 Դեկտեմբերին, ՀԲԸՄի փարիզեան կեդրոնին մէջ:

Այդ ժողովին ներկայ եղան Սթեֆան Ասլանեան (Իսիի «Համազգային-Թարգմանչաց»), Ժագ Յակոբեան (Լիոնի «Մարգարեան-Փափազեան»), Համբիկ Յովսէփեան (Վալանսի ապագայ վարժարան), Հայկ Սարգիսեան (Ռենսիի «Դպրոցասէր»), Աղաւնի Սարըքայա (Ռենսիի «Դպրոցասէր»), Նորվան արք. Զաքարեան (հրաւիրեալ), Անահիտ Յակոբեան (CCAF-ի գործադիրի օգնական), Սամուէլ Շնորհոքեան (CCAF-ի քարտուղար): Յանձնաժողովի ներկայացուցիչներ նշանակուեցան հետեւեալները.

Ալֆորվիլի Արապեան վարժարանի՝ Գարին Լեռեան, Իսիի «Համազգային-Թարգմանչաց»ի՝ Սթեֆան Ասլանեան եւ Մարալ Քարաօղլանեան, Արնուվիլի «Հրանդ Տինք»ի՝ Կարապետ Տագէսեան, Լիոնի «Մարգարեան-Փափազեան»ի՝ Ժագ Յակոբեան, Ռենսիի «Դպրոցասէր»ի՝ Աղաւնի Սարըքայա եւ Հայկ Սարգիսեան, Վալանսի ապագայ վարժարանին՝ Համբիկ Յովսէփեան եւ Մարի-Անժ Սիրանոսեան, CCAF-ի՝ Սամուէլ Շնորհոքեան եւ Անահիտ Յակոբեան:

Խորհրդածութեան վերոնշեալ երեք խումբերուն համար առաջարկուած են հետեւեալ անունները.

– Ֆրանսայի մէջ, հայ 5րդ սերունդի աշակերտութեան մասին խորհրդածութեան խումբին համար՝ Կարապետ Տագէսեան, Ժագ Յակոբեան եւ Համբիկ Յովսէփեան.

– Մանկավարժական հարցերու խորհրդածութեան խումբին համար՝ Հայկ Սարգիսեան, Մարալ Քարաօղլանեան, Նորվան արք. Զաքարեան:

– Ինչ կը վերաբերի վարչական եւ ելեւմտական յանձանձումի խորհրդածութեան խումբին՝ առաջին փուլին Հայկ Սարգիսեան եւ Սթեֆան Ասլանեան CCAF-ի քարտուղարութեան պիտի ներկայացնեն ամէնէն հրատարապ հարցերը, որոնք արդէն յանձնուած են Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան ուշադրութեան: Սթեֆան Ասլանեան եւ Անահիտ Յակոբեան միասնաբար պիտի մշակեն հաղորդակցութեան առաջին ձեւերը:

Մարտ ամսուն նախատեսուած է յաջորդ ժողովը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին խորհրդածութեան խումբերու առաջին հաշուեկշիռները:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»