Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Ակօս
Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի դարձեալ երկրի զանազան վայրերուն եւ արտասահմանի մէջ իր մահուան 12-րդ տարելիցին առթիւ կը յիշատակուի «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք։ աւանդութեան համաձայն գլխաւոր միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ «Ակօս»ի խմբագրատան մուտքին 19 Յունուար շաբաթ, ժամը 15.00-ին, ուր ինկած էր Հրանդ։
Իսկ միջոցառումներու շարքը մինչեւ թերթի տպագրութեան նախորդող ժամերուն տուեալով կը սկսի Տուր-Տէ հարթակի 17 Յունուար հինգշաբթի օր Ճեզայիրի շէնքին մէջ կազմակերպած ասուլիսով։ «12-րդ տարին է եւ դեռ արդարութիւն կը պահանջենք» խորագրեալ միջոցառումին ելոյթ կ՚ունենան Ճանան Ճոշկուն, Մելեք Ուլակայ, Բագրատ Էսդուգեան, Ռոնի Մուրկուլյէս եւ Շենոլ Քարաքաշ։
18 Յունուար ուրբաթ, Անգարա «Աքատէր» միութեան կազմակերպած միջոցառման ատենախօսներն են՝ ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Միթհատ Սանճար եւ Բագրատ Էսդուգեան։
Նոյն օր Իսթանպուլ Պողազիչի համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու, Քաղաքական գիտութիւններու, Ընկերաբանութեան եւ Պատմութեան բաժիններու համատեղ նախաձեռնութեամբ կը կայանայ «Հրանդ Տինք՝ մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան բանախօսութիւն»ը։ Ժամը 15.00-ին համալսարանի Ալպերտ Լոնկ Հոլ դահլիճին մէջ կայանալիք բանախօսութեան համար հրաւիրուած է պաղեստինցի գրող, իրաւագէտ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռայա Շեհատէ։
19 Յունուարի երեկոյեան այս անգամ «Աքատէր» միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի Գատըգիւղի կեդրոնին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Բագրատ Էսդուգեան։
Հրանդ Տինքի մահուան յիշատակումը Գերմանիոյ մէջ միշտ կ՚արժանանայ յատուկ ուշադրութեան եւ զանգուածային մասնակցութեան։ Արդարեւ Պեռլինի նշանաւոր Մաքսիմ Կորքի թատրոնին մէջ ժամը 17.00-էն սկսեալ ծրագրուած է զանազան միջոցառումներ, ինչպէս ֆիլմի ցուցադրութիւն, երաժշտական ելոյթներ եւ բեմարուեստի տարբեր ներկայացումներ։ Այս առթիւ հանրածանօթ լրագրող Ճան Տիւնտար Հրանդ Տինքի կեանքէն հատուածներ պիտի ներկայացնէ, որուն պիտի ընկերակցին արուեստագէտներ Սեսետէ Թերզիեան, Մեհմետ Աթէշճի եւ Ֆրանսուա Ռէժի։ Ելոյթ պիտի ունենան Ֆեթհիյէ Չեթին եւ Քարին Քարաքաշլը։ Զրոյց մը պիտի կատարուի վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ Նետիմ Հազարի հետ։ Պիտի ցուցադրուի «Ծիծեռնակին բոյնը» ժապաւէնը եւ համերգով մը հանդէս պիտի գան, Ստեփան Կանտրալեան եւ Օլիվյա Նոյեմի Փէյլեր։ Այս միջոցառումը պիտի հեռարձակուի՝ (http://www.youtube.com/watch?v=PI4QKpSv2YU)
Նոյն Պեռլինի այս անգամ «Աքիպի» միութիւնը Լորի-Վիյէներ Շթրասէ 69 հասցէին մէջ ժամը 20.30-ին կը կազմակերպէ «Երգերս Հրանդին» խորագրեալ միջոցառում մը։
Հրանդ Տինք 19 Յունուարին կը ոգեկոչուի նաեւ Քոլոյն քաղաքի մէջ, ուր ելոյթ կ՚ունենան Ճելալ Պաշլանկըչ, Ասլը Էրտողան, Միհրան Տապաղ, Ռաֆֆի Քանթեան եւ Կիւնթեր Կէուֆերթ։ Այս միջոցառման բեմ կ՚առնէ նաեւ Փարիզի «Քոլեկտիֆ մեծ պազար» երաժշտական խումբը։
19 Յունուարին միջոցառում մըն ալ կազմակերպուած է Տաթչայի մէջ։ Այստեղ կը ցուցադրուի «Մի կորէք երեխէ՛ք» ֆիլմը, որուն ստեղծման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Թուզլայի ճամբարի սաներէն Կարապետ Օրունէօզ։ Օրունէօզ եւս կը մասնակցի այս միջոցառման։ Տեղի կ՚ունենայ նաեւ Սունա Սէօնմեզ եւ Ճենկիզ Կիւլի երաժշտական ներկայացումը։
Հայ երաժշտութեան ժամանակակից առաջատար մենակատար Պարթեւ Կարեան 19 Յունուար շաբաթ երեկոյ Պէյօղլու «Հանճը Սահնէ» դահլիճին մէջ համերգով մը կը ներկայանայ, ուր իրեն կ՚ընկերակցին սաքսաֆոնահար Սայաթ Տալտալ։
ԱՄՆ Լոս Անճելըսի մէջ Պոլսահայ միութիւնը եւս ձեռնարկած է միջոցառում մը, ուր ելոյթ կ՚ունենան Զաքարիա Միլտանօղլու, Հայքօ Պաղտատ եւ Կարօ Ղազարեան։
Պրիւքսէլի հայկական միութիւններէն «Ժողովրդավար հայոց միութիւն»ը 20 Յունուար կիրակի օր Սուրբ Մարիամ Մակտաղենացի հայոց եկեղեցւոյ մէջ հայր Զատիկ Աւետիկեանի մատուցած Ս. Պատարագէն ետք, երթով մը պիտի հասնի Հենրի Միշէօ հրապարակի հայկական խաչքարին գով, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հրանդ Տինքի յիշատակին։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի ալ Հրանդ Տինք հոգեհանգստեան արարողութիւնով պիտի յիշատակուի Պալըքլըի գերեզմանատան իր հողակոյտին վրայ 20 Յունուար կիրակի, ժամը 14-ին։