Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կրօնական իր բովանդակութեան առընթեր հասարակական ու համամարդկային արժէք կը ներկայացնէ անկասկած:
Կրնայ արտասովոր թուիլ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն Ծնունդի մասին աշխարհական ու քաղաքական մարդու գրառումը, սակայն ըստ էութեան կրօնականէն անդին անհրաժեշտ է նաեւ Քրիստոսի Ծնունդը դիտարկել մերօրեայ պայմաններուն, կատարուող փոփոխութեանց, արժէքներու ըմբռնողութեանց կամ ապարժէքային նորաստեղծ հեղեղումներու, սկզբունքներու, սովորութեանց եւ աւանդութեանց զարգացման, երբեմն ոտնակոխման ու յաճախ նենգափոխման անկիւնէն:
Եւ դեռ, դիտարկել Քրիստոսի ծնունդէն 2018 տարի ետք, քրիստոնէութեան եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ապրած հոլովոյթէն բխող հիմնական դրոյթներուն դիմափոխումը, խօսքի եւ իրականութեան բախումը եւ քրիստոնէութիւնը իբրեւ առօրեայ կենցաղ ապրելու դժուարութիւնը:
Ու մանաւանդ, իբրեւ հայ մարդ ու հայ եկեղեցւոյ զաւակ, քրիստոնէութիւնը ապրելու, քրիստոնէութեամբ հայ մարդու դիմագիծը ամրապնդելու, ու հայ մարդու քրիստոնէական յանձնառութեամբ հաւաքական յաղթանակ տանելու հրամայականը` առանց հակադրուելու այլ կրօններու եւ հաւատալիքներու:
Քրիստոս ինք մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն յեղափոխականը եղաւ: Իր ծնունդը մարդկութեան երկունքէն եկաւ, մարդու կեանքը յեղափոխելու եւ անոր տալու ընդհանրական արժէքներ` սէր, արդարութիւն, խաղաղութիւն, հաւասարութիւն եւ ծառայութիւն:
Թշուառութենէ եկող մանուկ Յիսուս ծնաւ մսուրի մէջ` խանձարուրով: Բեհեզեայ զգեստներ եւ ադամանդակուռ զարդեր չունեցաւ Ան:
Մինչեւ 33 տարեկան Աստուծոյ Որդի Քրիստոս աշխատեցաւ իր օրինակով համոզել մարդոց:
Ինք փնտռեց իր աշակերտները` ձկնորսներ եւ ոչ մեծատուներ:
Ինք շրջեցաւ ոտաբոպիկ` առանց ոսկի գաւազանի, ու փնտռեց աղքատը, հիւանդը, թշուառը, մանուկը, մոլորածը, անդամալոյծն ու բորոտը:
Ինք գոհացաւ պատառ մը հացով, բայց կերակրեց հազարներ:
Մտաւ տաճար ու Ինք խարազանեց եւ արտաքսեց սեղանաւորներն ու մաքսաւորները, վաշխառուներն ու տաճարը առեւտրական կեդրոնի վերածողները:
Եղաւ խոնարհ ու համեստ, լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը` իբրեւ նշան հեզութեան ու աշակերտներու մեծութեան:
Եղաւ ներող նոյնիսկ անոնց, որոնք դաւաճանեցին Իրեն:
Գործեց հրաշքներ, մի՛շտ Իր Հօր անունով, առանց պարծենկոտութեան, առանց ինքնագովութեան, առանց ցուցադրամոլութեան:
Ու միշտ ձգտեցաւ տալ աւելի՛ն: Իր տկարութեան վայրկեաններուն մէջ իսկ, հեռու մնաց ինքնագոհութեան բարդոյթէն:
Ու հաւատալով Իր Հօր կողմէ Իրեն տրուած առաքելութեան, հալածուեցաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, բայց միշտ մնաց հաւատարիմ Խօսքին, հաւատացեալ` Գործին ու մարդկութեան ազատագրութեան:
Եթէ կը տօնենք Քրիստոսի Ծնունդը, աստուածաբանական ըմբռնումներու եւ վերլուծումներու կողքին, ճանչնանք այդ Ծնունդը նաեւ իբրեւ ընկերային արդարութիւն հաստատող, սէր ու միութիւն սերմանող, խաղաղութիւն բերող, ստրկութեան տարբեր կապանքները քանդող, հաւասարութիւն պահանջող մարդու ծնունդ:
Ճանչնանք այդ Ծնունդը իբրեւ աստուածային առաքելութիւն, որ եկաւ ծառայելու ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն` առանց ծափի ու թմբուկի:
Ճանչնանք այդ Ծնունդը իբրեւ խոնարհութեան, հեզութեան, պարզութեան, անկեղծութեան ու համեստութեան հիմնական արժէք, թելադրանք եւ կեանքի ընթացք:
Ու մանաւանդ ճանչնանք իրա՛ւ յեղափոխական Նազովրեցին, որուն Վարդապետութիւնը քսան դարերէ ի վեր կը շարունակէ ապրիլ, երբեմն տկարութեամբ, երբեմն գունաթափումով, երբեմն կասկածով, բայց միշտ կը շարունակէ մնալ մարդու ուղղութիւնն ու տեսակը ճշդող փարոս:
Իրաւ յեղափոխականի, գործով յեղափոխականի անձնական վարակիչ օրինակով: Յեղափոխականի լաւագոյն, մեծագոյն տիպարն է Քրիստոս:
Ու աշխարհով մէկ տարածուած հայ մարդը, իր ժողովուրդի գոյատեւման հաւատացող հայ մարդը, եկեղեցականն ու աշխարհականը, երէցն ու երիտասարդը, կինն ու այր մարդը, երեխան ու ալեհերը, հայախօսն ու օտարախօսը, հարուստն ու աղքատը, առողջն ու հիւանդը, պետական այրը կամ պարզ քաղաքացին, բայց մանաւանդ ու առաջին հերթին մեր ժողովուրդի ճակատագիրը իր պատասխանատուութիւնը նկատած ու նկատող կղերական ու աշխարհական դէմքերը իրենք պարտին Քրիստոսի մէջ տեսնել ընկերային արդարութիւն ճառագայթող յեղափոխական մարդն ու քալեն այդ ճանապարհէն խոնարհութեամբ եւ մանաւանդ հաւատքով` առանց պարծենկոտութեան ու ինքնագոհութեան:
Այդ ժամանակ միայն կ՛արժեւորուին Ծննդեան աղօթքներն ու բարեմաղթութիւնները,
Հայ մարդու բերնէն ելած հայադրոշմ աղօթքը:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com