Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Այսռր ծննդեան օրն է մեր ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՈՅի (Գարեգին Փաստրմաճեան)։ Ան ծնած էր Կարին՝ Փետրուար 9, 1872-ին։ Ան յաւիտենապէս աչքերը փակեց Մարտ 23, 1923ին, հայրենիքէն հեռու՝ Ժընեւի մէջ։ Իր վերջին բաղձանքն էր թաղուիլ իր պաշտելի Հայաստանի հողին վրայ, որուն ազատագրութեան եւ վերականգման ի խնդիր նուիրած էր իր ողջ կեանքը։
Արմէն Գարօ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցին հարազատ ծնունդն էր։ Ան մեր ազգային ազատագրական պայքարի ամբողջական յեղափոխականն էր։ Ֆէտայի, Պանք Օթոմանի գրաւման պատասխանատու, կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ, քաղաքական գործիչ, օրէնսդիր եւ դիւանագէտ, նաե՛ւ Նեմեսիս Գործողութեան պատասխանատու։
Իր վերջին գործը եղաւ ծառայել իբրեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, եւ շարունակել կազմակերպել Նեմեսիսը...։
Գործի եւ իրագործումներու յեղափոխականն էր Արմէն Գարօ։ Ժամանակ չունեցաւ համապարփակ եւ սպառիչ կերպով գրի առնել իր յուշերն ու իր փորձառութիւնը, որոնք անքակտելի մասը կը կազմեն մեր արդի պատմութեան։ Սակայն իր կեանքի վերջին տարիներուն ան կարողացաւ գրի առնել պատառիկներ իր յուշերէն։ Ան գրեց ու աւարտեց իր «Ապրուած Օրեր»ը 1920ին՝ Ուաշինկթընի մէջ։
«Ապրուած Օրեր» գործը պէտք է պարտադիր ընթերցանութիւն ըլլայ իւրաքանչիւր հայու, մանաւանդ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի, որ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունի առաջնորդելու մեր ազգային կեանքը։ Քաղաքական ու ազգային հարցերու դաստիարակութեան շտեմարան մըն է Արմէն Գարոյի մօտ 150 էջնոց այս յուշագրութիւնը։
Արմէն Գարոյի իսկ բառերով, ան իր «Ապրուած Օրեր»ը գրեց իր միակ որդիին՝ Հրանդին համար, որ 17 տարիքը նոր բոլորած էր։
Յառաջաբանին մէջ Հրանդին ուղղելով իր խօսքը, Արմէն Գարօ կը գրէ.- «Հիմա արդէն 17 տարեկան կը լինիս, բայց այս 17 տարուան մէջ չորս ու կէս տարի իրար հետ եղանք։ Ինչո՞ւ կեանքը այսքան անարդար եղաւ մեր երկուքին համար – դժուար է բացատրել։ Իրականութիւնն այն է, որ մենք իրար չափազանց սիրելով հանդերձ՝ իրարմէ հեռու ապրելու ստիպուեցանք։»
Սեփական զաւակին հանդէպ մեր յեղափոխականներու ապրումներու թարգմանն են Արմէն Գարոյի այս խօսքերը։ Հայր մը, որ իր զաւակին մեծնալը չտեսնելով հանդերձ՝ հայրութիւն ըրաւ։ Հայր մը, որ իր զաւակին սէրն ու կարօտը կրծքին կրելով՝ Հայաստանի ազատագրութեան նուիրուեցաւ։
«Ապրուած Օրեր»ու ընդմէջէն, Արմէն Գարօ նաեւ իր խօսքը կ՚ուղղէ մեր ժողովուրդի բոլոր Հրանդներուն, մեր ժողովուրդի «գալիք սերունդ»ին։
Պէտք է կարդալ «Ապրուած Օրեր»ուն կցուած վերջին հատուածը՝ «Գալիք Սերունդին» խորագրութեամբ։ Գալիք սերունդը Արմէն Գարոյի «անգին պալիկներ»ն են։ Ապագան՝ խօսքով եւ գործով կը պատկանի այդ «բալիկներուն»։
Եւ Արմէն Գարօ կ՚ըսէ իր բալիկներուն, «Դէ՛, շո՛ւտ ըրէք, մեծացէ՛ք, որ ձեր արդար ժառանգութեան տէր դառնաք եւ մեզ ազատէք այդ լուրջ վտանգէն։ Բայց մի՛ մոռնաք ձեր մեծ եղբօր խնդիրքը՝ չմոռանալ անցեալը, մանաւանդ թափուած արեան արժէքը, եւ արժանի յաջորդները լինել այն սերունդին, որ ձեզ այսպիսի մեծ ժառանգութիւն թողուց։»
Սեդօ Պոյաճեան