կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-22 11:54
Առանց Կատեգորիա

Հարցազրույց ԱՄՆ Արևելյան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշավան Արք․ Դանիելյանի հետ

Հարցազրույց ԱՄՆ Արևելյան թեմի նորընտիր առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ. Անուշավան Արք․ Դանիելյանի հետ

Աղբյուրը՝ Hairenikweekly

Հ/ Առաջին հերթին «Հայրենիք»-ը կը շնորհաւորէ ձեր ընտրութիւնը իբրեւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Առաջնորդ։ Քաջածանօթ էք շրջանին, եւ այս գծով ի՛նչ պիտի ըլլայ ձեր յառաջիկայ աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնը։
Պ/ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայրենիքէն հեռու բայց Հայրենիքով առլցուն եւ Հայրենիքի անլռելի զանգակատուն՝ «Հայրենիք»-ի մեծ ընտանիքի շնորհաւորանքին համար։

Հ/ Կարելի՞ է հակիրճ կերպով ներկայացնել շրջանի ծուխերուն վիճակը։
Պ/ Արեւելեան շրջանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող թեմերու կարգին կը հանդիսանայ կարեւոր Թեմ մը իր գործօն 18 եկեղեցիներով, որոնց կողքին կ՛աւելնան արտահաս գաղութներ։ Աշխարհագրականօրէն տարածուն այս շրջանը անցնող վեց տասնամեակներուն ունեցած է յստակ ելեւէջներ, նախ՝ պատկանելիութեան յստակեցում, ապա՝ Միջին արեւելեան երկիրներու տագնապներու հետեւանքով քանակական եւ որակական աճ, իսկ ներկայիս՝ աւելի կայուն վիճակի յառաջխաղացք մը։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ համամերիկեան առումով, կարելի չէ որդեգրել «բացարձակ կայունութիւն» հասկացութիւնը, այլ խօսքով՝ Կրանիթ Սրթի (Իլինոյ) կամ Նայակարա Ֆոլզ (Նիւ Եորք) անցեալի նոյն գրաւչութիւնը չունին այսօր, եւ հետեւաբար հայ կեանքը եւս զերծ չէ տիրող բացասական կացութենէն։ Միւս կողմէ սակայն, Մեծն Պոսթընի արհեստագիտական, տնտեսական կեանքի բարգաւաճման հետեւանքով շրջանի քաղաքները եւս, ինչպէս օրինակ Ուսթըրը, որոնք ժամանակ մը վայրէջքի մէջ էին, աստիճանաբար կ՛օգտուին դրական այս աճէն։ Յամենայն դէպս, ուշագրաւ ու քաջալերական իրողութիւն մըն է, որ հակառակ տեղական պայմաններու անառարկելի ազդեցութեանց, երբ գաղութներու մէջ կը տիրէ առողջ եւ տեսլականով օժտուած ղեկավարութիւն, այդպիսիները զարմանահրաշ կերպով եթէ ոչ քանակական, սակայն որական հասկացողութեամբ կը գործեն որպէս օրինակելի համայնքներ։

Հ/Արդէն իսկ սկսած էք կարգ մը այցելութիւններ կատարել շրջանի զանազան գաղթօճախներ: Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի համայնքները:
Պ/ Այո՛, առաջնահերթութիւններէս մին նկատեցի անյապաղ այցելել մեր գաղութները, ըստ կարելւոյն։ Ճիշդ է, առողջապահական տեսանկիւնէն ո՛չ թելադրելի, բայց եւ այնպէս էական էր մեր բոլոր գաղութներուն՝ մեծ կամ փոքր, մօտակայ կամ հեռաւոր, տանիլ նոյն պատգամը, որ է՝ Առաջնորդարանի եւ համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող վաթսունամեայ կապի կենսունակութիւնը պահել աշխոյժ եւ անստուեր։ Աւելի քան երկու տասնամեակ, Առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնիս ընդմէջէն, նախ հոգելոյս Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի, եւ ապա Օշական Արքեպիսկոպոսի անունով միշտ փորձած եմ վստահեցնել մեր հաւատացեալներուն, որ

Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ

Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին բարօրութեան համար։ Իսկ ներկայ դրութեամբ, Ազգային առաջնորդարանը աւելի սերտօրէն ամրապնդելով այդ գիտակցութիւնը, կը հաւատամ որ Դպրեվանքի քայլերգի բառերու ոգիով՝ «Սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» պիտի շարունակէ ընթանալ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով։
Ինչ կը վերաբերի համայնքներու արժեւորման, մեծ կամ փոքր, բազմատեսակ յայտագիրներով չափազանց աշխոյժ կամ յարաբերաբար նուազ գործունեայ իւրաքանչիւր գաղութ ունի կրկնակի արժէք եւ ներդրում։ Առաջին՝ Հայ կեանքէն ներս, անմիջական կերպով գաղութի պահպանում առօրեայ հարցերու լուծումով՝ անդամակցութեան աճ, պիւտճէի հաւասարակշռում, ծրագիրներու գործադրում եւ թեմական մակարդակի ներդրում։ Իսկ երկրորդ՝ Ամերիկեան օրէնսդրութեամբ իւրաքնաչիւր նահանգ կամ շրջան վայելելով համապատասխան իրաւասութիւններ ընտրողական կեանքի մէջ, ամէն մէկ գաղութ քաղաքական իրաւակարգով իր անուրանալի նպաստը կը բերէ նաեւ համընդհանուր հայկական՝ սփիւռքեան թէ հայրենի հարցերու բարւօք լուծման։

Հ/Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի հայ համայնքի մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս սկսած է հեռանալ ծուխէն, անտեղեակ ըլլալու աստիճան։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս իրավիճակը։
Պ/ Լուռ մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, ամէնուրեք լուրջ մտահոգութեան առարկայ է ե՛ւ հայ ե՛ւ օտար ազգերու պարագային։ Աշխարհագրական, տնտեսական եւ շրջապատի հրամայականները անխուսափելի են։ Մեր իրականութեան մէջ կան նաեւ այլ պատճառներ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս առողջապահական կեանքի մէջ իւրաքանչիւր օրուան հետ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոր սպառնալիք-մանրէի (Virus) մը, եւ ինչպէս որ գիտութիւնը չ՛ընկրկիր այլազան սպառնալիքներու դիմաց, այլ միշտ համապատասխան լուծումներ կ՛որոնէ, նմանապէս, այսպէս կոչուած գիտակից զանգուածը, որքան ալ ըլլայ փոքրամասնութիւն, երբ այս մօտեցումով վերլուծէ նորանոր կացութիւններ եւ ըստ այնմ գործէ, նախ ահազանգի չի մատնուիր, աւելի՛ն՝ մարտահրաւէրները կ՛ընդունի որպէս առիթ՝ ինքնանորոգման եւ ինքնակատարելութեան։ Ուրախ եմ յայտնելու, որ ունինք գաղութներ որոնք համարեայ անդունդի եզրին հասած կը նկատուէին, սակայն ինչպէս վերեւ յիշեցի, շնորհիւ գաղութի հեղինակութեանց աջալուրջ եւ հետեւողական ծրագրումներու եւ աշխատանքներու, վերագտած են իրենց կենսունակութիւնը։

Հ/Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութները լրջօրէն կը դիմագրաւեն հայեցի դաստիարակութեան մարտահրաւէրը: Յատկապէս Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանէն ներս, այս իրավիճակը աւելի կ՛արտացոլայ։ Ինչպէ՛ս պիտի ընթանայ հայեցի դաստիարակութեան այս կարեւոր եւ սուրբ առաքելութիւնը:
Պ/ Իրաւացի է ձեր մատնանշած իրողութիւնը, եւ կը կարօտի լուրջ եւ երկարաշունչ գործընթացքի։ Այս ուղղութեամբ մեծ գոհունակութեամբ կ՛ուզեմ յայտնել որ մեր համդիպումներուն ընթացքին Հ․Օ․Մ․-ի եւ Համազգային-ի պատկան մարմիններու հետ, անդրադարձանք այս նիւթին եւ համագործակցութիւնը նկատուեցաւ հրամայական։ Այս ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատեմ չորս տարրերու դերակատարութիւնը․ ա) Առաջնորդարան/Հ․Օ․Մ․/Համազգային, բ) Գաղութ, գ) Ծնողք եւ դ) Զաւակ։

Այլ խօսքով, վերին մարմինները՝ գործակցաբար գաղութներու, երբ քաջալերեն ծնողները որ չթերանան իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութիւն ջամբելու մէջ, նաեւ նկատի ունենան նորահաս սերունդին մէջ արդիական մեթոտներով հետաքրքրութիւն արթնցնելու կարելիութիւնները, կը հաւատամ որ ներդաշնակ գործընթացքով կրնանք դրական արդիւնքներու հասնիլ, քաջ գիտնալով որ դժուարութիւնները անթիւ են ու անհամար։ Քաջալերելի է, որ անհատական ձեռնարկներ եւս կան՝ հրատարակչական թէ արհեստագիտական մարզերէն ներս, զանոնք եւս համախմբելով մեր շուրջ, աւելի շօշափելի արդիւնք կ՛ունենանք։ Այս ուղղութեամբ անշուշտ անուրանալի է հայրենի ներդրումին դերը, եւ մենք կ՛ակնկալենք որ այդ կապը երկուստեք աւելի հաստատ ըլլալ։

Հ/ Հայ եկեղեցին ներկայ օրերուն ի՞նչ կրնայ տալ, հաղորդել կամ հրամցնել ամերիկահայութեան:
Պ/ Հայ Եկեղեցին, ինչպէս անցեալին եւ ամէնուրեք, այսօր եւս իր անելիքը ունի՝ ընդհանրապէս, եւ Ամերիկահայ կեանքէն ներս՝ ի մասնաւորի։
Շատ յաճախ, Աստուած եւ մարդ յարաբերութիւնը կը նկատուի միայն որոշ տարիքի, խաւի կամ ասպարէզի անձերու կենցաղակերպ։ Մինչդեռ, անդրադառնանք կամ ոչ, այդ յարաբերութիւնը ձգողական ոյժի նման գոյ է Արարիչին եւ բանաւոր արարածին միջեւ, եւ այդ ներկայութիւնը զգալու համար ո՛չ եկեղեցական եւ ո՛չ ալ աստուածաբան ըլլալու կարիք կայ, այլ բաւ է ջինջ ու զուլալ հոգի ունենալ Համաստեղի նման, եւ իր հետ անվարան պիտի ըսենք՝ «Կը հաւատամ, որ կաս, Տէր, որովհետեւ կը զգամ քու շունչը ծաղիկներուն մէջ»։ Ուստի, Հայ Եկեղեցին հաւատարիմ իր երկհազարամեայ առաքելութեան, ճշմարիտ հաւատքի կորիզը հանդիսացող աստուածածանօթութեան եւ աստուածպաշտութեան պատգամը կը բերէ Հայու առօրեայ կեանքին մէջ։ Ամերիկեան ցամաքամասի վրայ, կամայ թէ ակամայ շրջապատուած ենք ամէն օր սունկի նման աճող կրօնական խմբակներով ու աղանդաւորական շարժումներով։ Եթէ կոյր ըլլանք, հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի տարբեր ալիքներէ պիտի լսենք հոգեւոր պատգամներ․ եթէ խուլ ըլլանք, ճամբաները մեզի պիտի յանձնեն կրօնական բովանդակութեամբ թղթիկներ․ եթէ տունը նստած ենք, մեր դուռը պիտի թակեն հոգեւոր խօսքի փերեզակներ։ Ահա այս թոհուբոհին մէջ Հայ Եկեղեցին կ՛ոռոգէ աստուածապարգեւ եւ լուսաւորչաւանդ հաւատքը Հայ հաւատացեալի կեանքին մէջ։
Երկրորդ՝ յստակ նպատակի հասկացողութիւն։ Գիտակից հաւատքը, իմ համոզումով, մարդկայնութեան՝ humanism-ի գերագոյն արտայատութիւնն է որ կը բնորոշէ մարդ արարածի առանձնայատկութիւնը եւ անոր կարողութեանց անպարագծութիւնը, որպէս Աստուծոյ պատկերը։ Այս ըմբռնումով, Եկեղեցին անլռելի զանգակատունի մը նման կը վերյիշեցնէ աշխարհի խժժալուր տեսակէտներու ու փիլիսոփայութեանց մէջ մարդուն իսկական արժէքը, եւ նաեւ ընկերութիւնը առողջ պահող արժէքները։ Այս արժէքները ինքնանպատակ չեն երբեք, ո՛չ ալ ժամանակի մէջ սահմանափակուած կենցաղակերպեր, այլ մեզի կը հայթայթեն յստակ ՆՊԱՏԱԿ, որ կ՛արդիւնաւորուի մեր անձնական, ընտանեկան, գաղութային, ազգային եւ ի վերջոյ՝ համամարդկային մակարդակներու վրայ։ Մարդկային մեր փորձառութենէն մեկնելով, ՆՊԱՏԱԿ-ն է մղիչ ոյժը փոքր կամ մեծ ծրագրի, աշխատանքի ու զոհաբերման։ Իսկ կեանքը իր ամբողջութեան մէջ ըմբռնուած, անդրանցնելով ժամանակի ու տարածութեան սահմանները, կ՛ընթանայ դէպի իր կիզակէտը՝ յաւերժական կեանք։ Այնքան դիպուկ ու զօրաւոր պատգամ կը պարփակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքի վերջին հանգրուանին արտասանուած սա խօսքը, թէ՝ «Հօրմէս ելայ եւ աշխարհ եկայ, դարձեալ կը թողում աշխարհը եւ կ՛երթամ Հօրս մօտ» (Յհ 16.28)։ Այո՛, մարդ արարածը երբ գօտեպնդուի յստակ նպատակով, ըստ այնմ ժամանակի մէջ պարփակուած իր երկրաւոր կեանքը լաւագոյնս կ՛արդիւնաւորէ, ի խնդիր յաւերժական եւ յարազուարճ իր գոյութեան։
Երրորդ՝ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն։ Շատ յաճախ կ՛առարկուի թէ քրիստոնէկան մեր հաւատքը պատճառ կը դառնայ որ դիւրին ձուլուինք ապրելով քրիստոնեայ աշխարհի մէջ, ուր աւելի շրջապատուած ենք եկեղեցիներով, քան այլ կրօններու պաշտամունքի վայրերով։ Արդար մտահոգութիւն, սակայն ո՛չ ամբողջական կերպով հիմնաւորեալ։ Երբե՛ք չմոռնանք որ անցեալը ապրուած կեանքի կենդանի շտեմարան է, որմէ կրնան օգտուիլ բոլոր ժամանակներու սերունդները՝ պատրաստելու փայլուն ապագայ մը։ Արդարեւ, քրիստոնեայ աշխարհի մէջ ապրելու փորձառութիւնը նոր չէ։ 451թուականէն ետք երբ Հայ Եկեղեցին Քաղկեդոնի ժողովին պատճառաւ ինչ-ինչ վերիվայրումներէ անցաւ նախ հայրենի հողին վրայ, ապա Բիւզանդական կայսրութեան սահմաններէն ներս, իսկ աւելի ուշ՝ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, կը տեսնենք որ վերանորոգ տեսլականով եկեղեցին արդարացուցած է իր եկեղեցական եւ ազգային առաքելութիւնը։
Բաւ է միայն ակնարկ մը նետել Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին վրայ, եւ մենք պիտի նկատենք այնպիսի նրբութիւններ որոնք զարմանք պիտի պատճառեն ոչ միայն մեր հաւատքի, այլեւ մեր հայեցի ինքնութեան պահմանման վրայ անոնց ունեցած որոշադրիչ դրոշմին։ Դարձեալ խօսինք օրինակներով․ մեր հայրերը որքան որ պատմական հիմքերէ առաջնորդուած հաստատ մնացած են Քրիստոսի Ծննդեան թուականի անշարժութեան վրայ՝ զայն տօնախմբելով Յունուար վեցին, միւս կողմէ, երբ Աստուածամօր Վերափոխումն ու Խաչի Վերացման տօները անշարժ են Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ աշխարհին մէջ, մեր հայրերը փոխադրած են մօտիկ Կիրակին։ Ասիկա միթէ մտածել չի՞ տար յստակ ուղղութեան մը արտայայտութիւնը։ Նաեւ՝ Քրիստոնեայ աշխարհին հետ տօնելէ ետք Խաչի նուիրուած երեք տօներ, Հայ Եկեղեցին առանձնայատուկ կերպով կը տօնէ Վարագայ Խաչի տօնը, որ կը շեշտէ մեր առանձնայատկութիւնը, բայց մանաւանդ վառ կը պահէ մեր իրաւատիրութեան ոգին։ Իսկ Հոկտեմբեր ամիսը նուիրագործելով որպէս մշակոյթի ամիս, Հայ մշակոյթի կարեւորութիւնը շեշտելով՝ ովկիանոսներէն անդին ափ առած հայորդիին կը վերյիշեցնէ իր արմատներուն գիտակից ըլլալու եւ անով սնանելու այժմէականութիւնը։ Ցանկը չեմ ուզեր երկարել, որովհետեւ ամէն ամսուան տօնախմբուած սուրբերը կը միտին մեզ ամրապնդել մեր հաւատքին եւ ինքնութեան մէջ։ Այս ուղղութեամբ կարելի է խտացեալ դասընթացք՝ crash course մը ունենալ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, համալսարաններու մէջ ծանօթ՝ 101 անունով, եւ այս ամէնքը սերտելէ ետք պիտի տեսնենք հասարակաց գիծ մը, որ Հայ Եկեղեցին նախանձախնդիր՝ իր հօտի ինքնուրոյն պաշտպանութեան, ընդհանրականին մէջ առանձնայատկութիւն պահպանելու լուրջ մտահոգութեամբ կը գործէ, զերծ պահելու համար իր ոչխարները գայլերէ, նաեւ լուծումէ, ձուլումէ եւ մասամբ նոցին։ Եթէ Հայ ազատագրական երգի բառերով «Հայրիկին աղօթքները հանեցին մեզ լեռները» ճշմարտութիւն է, նոյնքան եւ աւելի այսօր Հայ Եկեղեցին իր աղօթքներով, հաստատ լերան նման որպէս ապաստան՝ կը գուրգուրայ հայու վճիտ եւ անաղարտ հաւատքի եւ գոյութեան պահպանման։

Հ/ Ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդութիւնը ներգրաւել Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին մէջ: Կամ այլ խօսքով՝ քրիստոնէական կրօնքի դաստիարակութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է կատարել։

Պ/ Մեր օրերուն մեթոտները եւ միջոցները բազմազան են։ Վստահ եմ որ միատեսակ լուծում չկայ, բայց հիմնական ու հասարակաց յայտարարը բոլոր լուծումներուն՝ գործակցութիւնն է, ինչպէս կ՛ըսենք՝ teamwork։ Խորապէս կը հաւատամ որ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու առաքելութիւնը կը կարօտի մնայուն եւ լուրջ համագործակցութեան ։Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, Ազգային Առաջնորդարանը Կիրակնօրեայ վարժարաններու կողքին երեսուներկու տարիէ ի վեր հաստատած է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի՝ «Տաթեւ» անունով ճանչցուած լսարանը, իսկ վերջին տարիներուն Youth Mission-ը։ Որքան որ վերոյիշեալները իրենց դրական գործունէութիւնը ունին եւ անոնց արդիւնքները կը վայելենք եկեղեցիներու մէջ, խորապէս կը հաւատամ, բառին ամբողջական իմաստով, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է յառաջ տարուի համազգային տարողութեամբ։ Նկատի ունենալով որ մարդ արարածի կազմութեան մէջ առանց բացառութեան եռեակ տարրեր առկայ են՝ մարմին, միտք ու հոգի, հետեւաբար այս երեքին համահաւասար աճումն ու զարգացումը հրամայական են։ Ինչպէս որ մարմնով կամ մտքով թերաճ մը ընկերութեան լուրջ հոգածութեան առարկայ կը դառնայ, նոյնքան պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք որ մեր մէջ հոգեկանը թերաճ չմնայ։ Ուստի, դրական հասկացողութեամբ, վարակիչ երեւոյթ պէտք է դառնայ ԱՌՈՂՋ մարմին, միտք ու հոգի գործընթացքը։ Այս մօտեցումը կը հաւատամ որ կարելիութիւն է եւ գործնական․ խօսինք օրինակներով։ Երկու ամիսներու վրայ տարածուած «Քեմփ Հայաստան» ամառնային ծրագրին երբ հերթաբար հրաւիրուած են Թեմիս մէջ ծառայող հոգեւորականները, երկկողմանի բարիքով օրհնաբեր եղած է սոյն ձեռնարկը, նախ՝ Հայ հաւատքի եւ ինքնութեան առողջ կերտում յառաջացուցած է, իսկ երկրորդ՝ արուեստական պատուար մը վերացուցած է, այլ խօսքով՝ Հայ պատանին մօտիկ զգացած է եկեղեցականին, անմիջական կերպով շփման մէջ ըլլալով անոր հետ, եւ միւս կողմէ հոգեւոր հովիւները աւելի ծանօթ՝ մեր նորահաս սերունդին։ Այս փորձառութեան կոթողական այլ վկայութեան ականատես եղանք երբ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոս 2015-ի հովուապետական իր այցելութեան շրջանին յատուկ կերպով այցելեց Փիցպըրկի մէջ կայացած Հայ Երիտասաևդաց Դաշնակցութեան ամառնային սեմինարը։ Աւելի քան հինգ հարիւր մանուկ պատանիներու ուշագրաւ հարցումները, մանաւանդ իրենց պարզ ու անկեղծ փոխ յարաբերութիւնը Նորին Սրբութեան հետ այնքան խանդավառիչ էին, որ ներշնչեցին Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս երիտասարդութեան համար հեղինակելու “The Armenian Church” հատորը։ Այս ուղղութեամբ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի թէ Հ․Ե․Դ․-ի ողիմպիական խաղերու առթիւ եկեղեցական հայրերու խրախուսիչ ներկայութեան կողքին, երբ դաստիարակչական տարբեր առիթներ ստեղծուին հոգեմտաւոր պաշարի հարստութեան մտահոգութեամբ, ես քաջ կը հաւատամ որ այդ ցանուած սերմերը Աւետարանի բառերով կը պտղաւորուին մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր համեմատութեամբ։ Այս հասկացողութեամբ եզրափակելով մտածումս, կ՛ըսեմ․ որպէս մեծ ընտանիք՝ կրօնական, քաղաքական, մարդասիրական, մշակութային, մարմնակրթական մեր բոլոր հիմնարկներով երբ ֆիզիքականի ու մտաւորականի կողքին նաեւ հոգեւոր դիմադրականութեամբ (immune system) օժտենք մեր երիտասարդութիւնը, ան կրնայ դիմագրաւել տեսանելի եւ անտեսանելի մարտահրաւէրներ եւ քաջառողջ ջահակիրը կը դառնայ բազմադարեան մեր ժողովուրդի արժէքներուն ու երազներուն։

Հ/ Զանազան բնագաւառներէ ներս յատուկ գործադրուելիք ծրագիրներ գոյութիւն ունի՛ն։ Այս գծով կարելի՞ է յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել։
Պ/ Անկասկած որ կան, որովհետեւ մայր բնութիւնն իսկ կը սորվեցնէ մեզի, թէ ուր որ լճացում կը տիրէ, ուշ կամ կանուխ այդտեղ մահը վրայ կը հասնի։ Ծրագիրներ կան որոնք պարզ բարելաւում են ունեցող աշխատանքներու, ինչպիսին է մեր ելեկտրոնային լրատուի՝ Crossroads-ի հայերէն տարբերակի վերջերս սկսած հրատարակութիւնը։ Իսկ առհասարակ հոգեւոր, կրթական եւ բարեսիրական մեր առաքելութիւնը կարելի եղած չափով ժամանակի ընթացքին պատկան մարմիններու հետ մշակելով՝ հանրութեան պիտի ներկայացնենք։

Հ/ Բազմիցս խօսուած է Առաջնորդարանի վերանորոգման մասին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի՞ է փոխանցել։ Նաեւ, եթէ այլ ծուխերէ ներս այլ աշխատանքներ կան, կարելի՞ է մատնանշել։
Պ/ Ուրախ եմ որ այս մասին հարցուցիք, որպէսզի այժմէական տեղեկութիւն փոխանցէք մեր պատուական ժողովուրդի զաւակերուն։ Հարցը սոսկ շէնքի մը վերանորոգում ըլլալէ աւելի՝ առաքելութեան մը արդիւնաւորման մասին է։ Ներկայ շէնքը աւելի քան հարիւր տարիներու, ճշգրիտ ըլլալու համար հարիւր չորս տարիներու ծառայութիւն ունեցած յոգնաբեկ կառոյց մըն է, որ 1972-էն ի վեր կը կրէ Ազգային Առաջնորդարանի անունը՝ եռագոյն եւ ամերիկեան դրօշներու ծածանումով։ Շէնքը գնուած է Հրանդ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին, Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական նուիրակ՝ Խորէն Արքեպիսկոպոսի (ապա կաթողիկոս) անձնուէր ջանքերով։ 1987-ին շէնքը մասնակի նորոգուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի օրով։ Աւելի ուշ, Օշական Արքեպիսկոպոս ունեցաւ նոր կարելիութիւններով լրիւ նոր շէնք կառուցանելու ծրագիրը որ ներկայացուեցաւ 2012ի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին, եւ այնուհետեւ ծրագիրը աւելի համեստ կերպով մշակուեցաւ։ Ահա այս երկրորդ ծրագիրն է որ կ՛ուզենք կեանքի կոչել՝ այն հասկացողութեամբ, որ եթէ կը հաւատանք «առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» ասացուածքին, ուստի Առաջնորդարանի այնքան լայնատարած առողջ գործունէութիւնը յանուն մեր Թեմի, Միջին Արեւելքի մեր քոյր թեմերու, եւ Հայրենիքի հզօրացման եւ յառաջդիմութեան, վստահ որ կը կարօտի առողջ մարմնի՝ շէնքի մը։ Ներկայ շէնքը եթէ լեզու ունենար եւ խօսէր, «ալ հերիք է – enough is enough» պիտի բացագանչէր, եւ խորհուրդ տար, որ եթէ կ՛ուզէք ընդ երկար ձեզի ծառայեմ, ժամանակն է որ դուք ալ ինծի հոգ տանիք: Կը հաւատամ որ Աստուծոյ օրհնութեամբ, մեր կառոյցներու անվերապահ աջակցութեամբ, եւ ոսկեսիրտ մեր ժողովուրդի անսակարկ օժանդակութեամբ յառաջիկայ տարի կը ձեռնարկենք շինարարական աշխատանքի, քաջ հաւատալով որ առողջ Առաջնորդարանը գրաւականն է առողջ գաղութներու։
Ինչ կը վերաբերի ծուխերէն ներս նման աշխատանքներու, կան մասնակի եւ հիմնական ծրագիրներ։ Վստահ ենք որ համապարփակ ծանօթութիւն ունենալէ, եւ գաղութներու պատկան մարմիններու հետ խորհրդակցելէ ետք, աշխատանքային մեր անմիջական ծիրին մաս պիտի կազմէ նման անյետաձգելի ծրագիրներու իրագործումը։

Հ/ Որպէս եզրակացութիւն այս հարցազրոյցին, ի՞նչ ունիք ըսելիք:
Պ/ Երբեք չյուսահատիլ, այլ մեր ժողովուրդի բազմադարեան գոյապայքարի հարուստ փորձառութենէն օգտուելով միշտ դրական կերպով նայիլ ապագային։ Չեմ ուզեր հռետորական կամ զգացական թուալ։ Մեր մօտիկ անցեալի դառնագոյն փորձառութիւնը քննելով կը տեսնենք որ Յովհաննէս Թումանեան, ի տես ցեղասպանութեան ստեղծած արհաւիրքին երբ կը մարգարէանայ ու կը հաստատէ «Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած․․․», բայց մանաւանդ Եղեռնի զոհ Դանիէլ Վարուժան կը մարգարէանայ ակնարկելով «վարդահեղեղ գալուստին արշալոյսի, արշալոյսի՛ մը՝ որուն (…) ես ոտնաձայնը կառնեմ»: , մենք՝ որպէս ժառանգորդները այս ոգիին, ո՛չ մէկ իրաւունք ունինք ընկրկելու ժամանակակից վերիվայրումներուն դիմաց։ Հրատապ այս հարցին եթէ ուզենք մօտենալ այսպէս կոչուած գիտական՝ Տարուինեան «Տեսակներու ծագում»ի (Origin of Species) մեթոտով, թէ այդ տեսակները (species)՝ մարդկային, կենդանական թէ բուսական, կը գոյատեւեն համակերպելով իրենց շրջապատին, Հայ ժողովուրդի նուազագոյն հինգ հազար տարիներու երթը պատմութեան մայր ուղիին վրայ նո՛յնը կը վկայէ։ Ուստի, երբե՛ք չընկրկինք անձնական, թէ հաւաքական ու ազգային մակարդակներու վրայ դրական մտածելէ, բայց մանաւանդ միասնաբար գործակցելէ, միշտ նշանաբան ունենալով «զօրաւոր Սփիւռք՝ զօրաւոր Հայաստան, եւ փոխադարձաբար, զօրաւոր Հայրենիք՝ զօրաւոր Սփիւռք»։