կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-22 12:45
Հասարակություն

Արամ Ա-ն Նոր տարվա և Սուրբ Ծնունդի առիթով այցելել է Ազգային բուժարան և «Թռչնոց բույն» որբանոց

Արամ Ա-ն Նոր տարվա և Սուրբ Ծնունդի առիթով այցելել է Ազգային բուժարան և «Թռչնոց բույն» որբանոց

Աղբյուրը՝ Aztagdaily

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով այցելութեանց ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, ականջալուր դարձաւ մամիկներուն ու պապիկներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ այս բուժարանը սովորական բուժարան չէ, այլ ազգայի՛ն բուժարան է ու կը պատկանի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, իսկ հոն ցուցաբերուած խնամքն ու սէրը այլ բուժարաններու մէջ գտնել կարելի չէ: Խօսելէ ետք ընտանեկան սրբութեան եւ հայկական դիմագիծի պահպանման մասին` վեհափառ հայրապետը գնահատեց հաստատութեան ցուցաբերած բծախնդիր հոգատարութիւնը մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անոնց պարգեւէ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն: Ապա օրհնեց բուժարանն ու հոն ապաստանողները:

Հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց բոյն»-ի որբերուն, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Գայեանեան քոյրերուն կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց մանուկներուն կողմէ կաթողիկոսին համար պատրաստուած Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ աւարտին անոնց նուէրներ բաժնեց: