Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` Aztagdaily
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի հոգեւոր տեսուչ Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանի եւ խնամակալութեան անդամներուն, շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, այցելեց Ժիպէյլ-Պիպլոսի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին, սրբազանը հաստատեց, որ «Թռչնոց բոյն»-ը կը վայելէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգածութիւնը, ապա ընդգծեց, որ «Թռչնոց բոյն»-ը, թէ՛ իբրեւ հաստատութիւն եւ թէ՛ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, պատիւ կը բերէ ե՛ւ ամբողջ Լիբանանին, ե՛ւ համայն հայութեան: Ժիպէյլ-Պիպլոսի քաղաքապետը ըսաւ, թէ լիբանանահայ համայնքը Ժիպէյլի հասարակութեան անբաժան մէկ մասնիկն է, եւ քաղաքապետարանը պատրաստակամ է օգտակար հանդիսանալու «Թռչնոց բոյն»-ին, որ պահպանած է Ցեղասպանութենէն վերապրողներ եւ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ որբերուն` հոգալով անոնց կարիքները:
Ապա առաջնորդ սրբազանը այցելեց «Թռչնոց բոյն», ուր Մեսրոպ ա. քհնյ. Քէրքէզեանի եւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեանի ընկերակցութեամբ կատարեց տնօրհնէք: Հոգեւոր հայրերուն կը միանային Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի աշակերտները: Այս առիթով, «Թռչնոց բոյն» կը գտնուէր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հայր Անտրէ Սեպասթիան Մըհաննա, որ նախագահն ու հիմնադիրն է «Սրբուհի Ռաֆքա» մարդասիրական հաստատութեան: Առաջնորդ սրբազանն ու հայր Մըհաննա նուէրներ բաշխեցին «Թռչնոց բոյն»-ի եւ կիրակնօրեայի աշակերտներուն:
Աւարտին, Նարեկ արքեպիսկոպոս մասնակից դարձաւ «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտներու եւ անձնակազմի ճաշին: Սրբազանը իր օրհնութիւնը փոխանցեց երեխաներուն եւ պահպանիչ աղօթքով եզրափակեց իր այցելութիւնը: