կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-11-30 10:54
Քաղաքական

ՀՅԴ ծրագրերը կամրապնդեն մեր պետությունն ու Արցախի գոյամարտի ձեռքբերումները. ՀՅԴ Հարավային Ամերիկայի ԿԿ-ի հայտարարությունը

ՀՅԴ ծրագրերը կամրապնդեն մեր պետությունն ու Արցախի գոյամարտի ձեռքբերումները. ՀՅԴ Հարավային Ամերիկայի ԿԿ-ի հայտարարությունը

Մեր ժողովուրդը կը գտնուի կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ:

9 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, որուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի փորձառու եւ պատրաստուած թեկնածուներով, իրականացնելու համար այն ծրագիրները, որոնք վստահաբար պիտի ամրապնդեն մեր պետութիւնը եւ Արցախի գոյամարտի ձեռքբերումները:

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան ծրագիրները ուղղուած են նաեւ սոցիալական հիմնախնդիրներու լուծման, տնտեսութեան զարգացման եւ ՓՄՁ՛ներու (փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ) կայացման, համոզուած ըլլալով թէ այս ճամբաները կը ստեղծեն յստակ միջավայր աղքատութեան դէմ պայքարելու, տնտեսական աճ ապահովելու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակը բարձրացնելու համար:

Վստահ ենք նաեւ թէ ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդումը էական սիւներ են պետութեան գոյատեւման ու հզօրացման համար: Որպէսզի սկսուած ժողովրդական շարժումը իսկապես յաջողի եւ ժողովուրդի շարունակական վստահութիւնը ապահովուի, անհրաժեշտ է քաղաքական հետեւողական ծրագիր, որու հիմքերը ՀՅԴ՛ն յստակօրէն կը ներկայացնէ այս ընտրարշաւին ընթացքին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մէկ ու անբաժան համահայկական կազմակերպութիւն է Հայաստանի ու հայութեան բարօրութեան համար ամենուրէք աշխատող: Այս տեսլականին հաւատարիմ՝ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ընտանիքին անունով մեր զօրակցութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները կը յայտնենք Հայաստանի մեր կառոյցին եւ ընկերներուն խորհրդարանական արտահերթ ընտրարշաւին առթիւ, վստահ ըլլալով թէ մեր համահայկական ձգտումներն ու ազգային արժէքները իրենց միջոցաւ պիտի շարունակուին հնչել ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
29 Նոյեմբեր 2018