Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ապրիլ 2ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան անկիւնադարձային ընտրութիւններ: Նորընտիր Ազգային Ժողովը պատմական պատասխանատուութիւն մը պիտի ունենայ մէկ տարուայ մէջ իրականացնելու համակարգային փոփոխութիւնը ընդ որում Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ըլլայ խորհրդարանական վարչակարգ: Համակարգային այս փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ անշուշտ: Անոր սատարողները, առաջին հերթին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմած է խորհրդարանական վարչակարգը դեռեւս 1991ին, կը հաւատան որ այս ձեւով առաջքը պիտի առնուի իշխանութեան կեդրոնացման եւ պետական մակարդակով որոշումները պիտի կայացուին շատ աւելի համախոհական հոլովոյթով:
Ինչպէս անցեալի իւրաքանչիւր խորհրդարանական ընտրութեան պարագային, այս անգամ ալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ բացառաբար կուսակցական ցանկով, իրեն յատուկ ծրագրով եւ քաղաքական իրագործումներու երկար շարքով:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իմաստազուրկ են առանց բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ զարգացման հնարաւորութեանց լիարժէք հաւասարութեան ձգտող յարատեւ ճիգին: Ժողովրդավարութեան կարողականութիւնը որպէս ժողովուրդի իշխանութիւնը ամբողջականօրէն կ՚արտայայտուի միայն ընկերային արդար համակարգի մէջ: Ընկերային արդարութեան իրականացումն է որ բարացուցական պիտի դառնայ համակարգային այն փո-փոխութեան որ առաջադրուած է նոր Սահմանադրութեամբ:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ պատմութեան յառաջդիմական ընթացքին եւ որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն դերակատար է անոր: Այս կը նշանակէ ի գործ դնել եւ զօրավիգ կանգնիլ պետական այն քաղաքականութեան որ կ՚երաշխաւորէ անհատի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները, հանրային կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը, տնտեսական զարգացումն ու հարստութեան արդար վերաբաշխումը եւ միջավայրի պաշտպանութիւնը:
Հայաստանի եւ հայութեան զարգացումը պիտի հիմնուի մեր ազգային հաւաքական արժէքներու եւ իւրաքանչիւր հայորդիի յանձնառութեան վրայ: Ոչ մէկ քաղաքականութիւն իմաստ ունի առանց նպատակաուղղուած ծրագրի: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայրենի քաղաքացիական հասարակութեան կը ներկայանայ այն ծրագրային սկզբունքներով որոնց հետամուտ եղած է միշտ եւ որոնց իրականացումը փաստացի օրինակներով ցոյց կու տայ:
Ազգի եւ հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ անվտանգութենէն մինչեւ տնտեսական զարգացում եւ պատմական իրաւունքներու իրականացում բազմաթիւ են: Մեր հաւաքական գոյավիճակը անհրաժեշտ կը դարձնէ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ մը, ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ մը որուն իրականացման համար պէտք է ձայն տալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ