կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-08-15 13:57
Հասարակություն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսության դպրեվանքն օժտվել է «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» վերանորգված մատենադարանով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսության դպրեվանքն օժտվել է «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» վերանորգված մատենադարանով

Աղբյուրը` armenianorthodoxchurch

Ուրբաթ, 10 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը վերանորոգեալ «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանին, որուն բարերարութիւնը ստանձնած է քուէյթահայ ազգային՝ Տէր եւ Տիկին Անուշաւան եւ Անահիտ Նազարեան ամոլը։ Յայտնենք, որ մատենադարանը կը կրէ անոնց դուստրերուն անունները։

Ժապաւէնի հատումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը։ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բարերար ամոլին, յատկապէս ընդգծելով Անուշաւան Նազարեանին գործօն մասնակցութիւնը Քուէյթի եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։ Հայրապետը ըսաւ, որ պարոն Նազարեան իր ժամանակն ու նիւթական աջակցութիւնը կը տրամադրէ եկեղեցաշինութեան ու ազգաշինութեան առաքելութեան, ու այս անգամ ան իր ներդրումը դրած էր Դպրեվանքին մատենադարանին վերանորոգման։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ արհեստագիտութիւնը որքան ալ փոխէ կեանքի արժէքները, սակայն մատենադարանը կը պահէ իր անփոխարինելիութիւնը։ Հակառակ թուայնացած աշխարհին պարգեւած դրութիւններուն, աշակերտին զարգացումը կ՚ամբողջանայ մատենադարանի մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, անոր փորձառութենէն օգտուելով եւ անոր դարաններէն գիրքեր պրպտելով։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց կրթական հաստատութիւններուն մէջ մատենադարաններու գոյութեան անհրաժշտութիւնը, իսկ Դպրեվանքին մէջ այդ մէկը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ հոնկէ կը ծնին եկեղեցւոյ ու ազգին ծառաները։ Մատենադարանը ունի կարծրացած միտքերը իրենց սահմաններէն դուրս հանելու կարելիութիւնը, ինչպէս որ մեր եկեղեցին կը ջանայ պատերը քանդելով երթալ քարացած սահմաններէն անդին։ Հայրապետը եզրափակելով իր խօսքը՝ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Նազարեան ընտանիքին յաջողութիւն ու արեւշատութիւն պարգեւէ։

Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր, ուր Նունէ ու Նինարէ քոյրերը արտասանեցին «Ընկերը» եւ «Հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնները։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը բարերարներուն յանձնեց յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ հրապարակուած «Նոր Արեւ» շարականներու խտասալիկին առաջին օրինակը։