ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետըհովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ Հալէպ կը ժամանէ Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017ի կէսօրուանժամը 13:00ին:

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցական եւ ժողովրդային թափօրով պիտի դիմաւորուի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017ին, Վեհափառ Հայրապետը պիտի պատարագէ եւ պատգամէ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յետ պատարագին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս պիտի ընդունի աջահամբոյր եւ Ս.Ծննդեան շնորհաւորութիւն:

Շաբաթ, 7 Յունուար 2017-ի առաւօտուն պիտի այցելէ ազգային- եկեղեցական կառոյցներ` վերահասու դառնալու համար անոնց իրողական վիճակին:

Երեկոյեան ժամը 4:00ին պիտի այցելէ Հայ Կաթողիկէ Ս.Երրորդութիւն եկեղեցի, իսկ ժամը 5:00ին` Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի եւ հանդիպում ունենայ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ:

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ