Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` arfd.am
Մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետոթեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչ ու հայոց պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուին՝ «Արամ Մանուկեան. Նամականի» հատորին շնորհանդէսը, պատուոյ ներկայութեամբ եւ մատուցումով հատորի խմբագիր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:
Պատմաբանը ժողովածուն կազմած է՝ հաւաքելով Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն Արամ Մանուկեանի եւ անոր ուղղուած մեծ մասամբ անյայտ նամակները՝ գրուած 1904-1915 թուականներուն:
Շնորհանդէսին ներկայ էին Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը (յանուն Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին), ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանը, վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը, Հայոց Բանակի զինուորներն ու հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:
Հանդիսականները շնորհանդէսի բացումը կատարեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով անկախութեան կերտումի ընթացքին հայ զոհերուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան: Ան ըսաւ. «Արամ Մանուկեանի կանչին ընդառաջելով, հայ ժողովուրդը դէմ դրաւ արիւնարբու թուրքին՝ մղելով Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը, որոնց արդիւնքով կերտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ որուն կը պարտինք այսօրուան Հայաստանի գոյութիւնը: Ա. Մանուկեան այդ յաղթանակի ոգին էր: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է վառ պահել Մանուկեանի յիշատակը: Այսօր մեզմէ պահանջուած է հետեւողական ըլլալ ներկայ եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ, տոգորել զանոնք հայրենասիրական ոգիով՝ պատրաստելու Ա. Մանուկեանի արժէքները մարմնաւորող սերունդներ»:
Գեղարուեստական բաժինը կ’ընդգրկէր ասմունք՝ «Արամեան», կատարողութեամբ քերթուածի հեղինակ Յուշիկ Ղազարեանի: Մեներգ՝ «Քանքարաւոր Ընկեր», կատարողութեամբ Մարիա Չիչեանի:
Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեան ներկայացուց հատորի խմբագիր ընկ. Երուանդ Փամպուքեանի կենսագրականը, որմէ ետք ընկ. Փամպուքեան հրաւիրուեցաւ բեմ՝ ներկայացնելու հատորը:
Փամպուքեան ողջունելով ներկաները, պարտք զգաց յարգանքի տուրք մատուցել հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան, որ վեց տարիներու ընթացքին դիմագրաւեց ահռելի դժուարութիւններ եւ տուաւ զոհեր:
Փամպուքեան յայտնեց, որ ժողովածուն կ’ամփոփէ հայ ազատագրական պայքարի պայծառ դէմքերէն Արամ Մանուկեանի աւելի քան տասը տարիներու վրայ երկարող (1904-1915) նամակները, Նամակներ, որոնք լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Արամ Մանուկեանի ունեցած բախտորոշ դերակատարութեան մասին: Պրպտումներ կատարուած է հիմնականօրէն ՀՅԴ-ի կեդրոնական արխիւներուն մէջ: Այս նամականին Փամպուքեանի հետաքրքրութիւնը շարժած է այն իմաստով, որ պաշտօնական նամակներ, գրութիւններ եւ կուսակցութիւններու ու միութիւններու վերաբերող տեղեկագիրներ մարմիններու կողմէն գրուած են, սակայն այդ պաշտօնականին ետեւ կը գտնուին շատ աւելի ցայտուն վկայութիւններ պատմական դէպքերու մասին, որոնց հեղինակները այդ օրերու դերակատարներն են: Անոնցմէ մէկն է Արամ Մանուկեանը: Նամակներուն մէջ արձանագրուած վկայութիւնները անկեղծ եւ հարազատ ձեւով կը ներկայացնեն Օսմանեան Կայսրութեան ներքեւ ապրող հայութեան հետ կապուած դէպքերն ու դէմքերը:
Անդրադառնալով Արամի անձնաւորութեան, Փամպուքեան ըսաւ, որ Մանուկեան պատմութեան մէջ առաւելաբար ծանօթ է Վանի ինքնապաշտպանութեան իբրեւ ղեկավար, իբրեւ հայկական բոլոր ուժերը միաւորող, բռունցք կազմող ղեկավար, որ կը պայքարէր պաշտպանելու Վանը եւ փրկելու Վասպուրականի հայութիւնը թուրքերուն հայաջինջ ծրագիրներէն: Ան իր զինուորական եւ կազմակերպական յատուկ տաղանդին շնորհիւ պիտի յաջողէր այս գործին մէջ:
Փամպուքեանի համաձայն, այս նամականին ցոյց կու տայ, թէ Արամ Մանուկեան ի՛նչպիսի ուղիներէ անցած է դառնալու բոլորիս ճանչցած Արամ Մանուկեանը: Հեղինակին համաձայն, այս նամակներուն մէջ կը յայտնաբերենք նաեւ հանրութեան անծանօթ Արամ Մանուկեանը՝ աւելցնելով որ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար հիմնական հարցը անոր զինումն էր, որուն համար որքան մելան հոսեցուցած է Մանուկեան, ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ նամակներ յղած է պատկան մարմիններու, զինուորական դէմքերու: Այս նամակներէն կ’իմանանք, թէ ան ինչպիսի՛ հիանալի հմտութեամբ կազմակերպած է արտասահմանէն զինամթերքի ապահովումը: Մանուկեան բծախնդիր էր այն աստիճան, որ օրը օրին կը հաշուէր հասած փամփուշտներուն քանակը ու զայն կը համեմատէր հեռագիրներուն մէջ յիշուած քանակին հետ, իսկ քանի մը փամփուշտի տարբերութիւնն իսկ տագնապի կը մատնէր զինք ու ան նամակով կը դիմէր պատկան կողմերուն՝ իմանալու թէ ո՛ւր կրնան ըլլալ այդ քանի մը փամփուշտները:
Հեղինակը ըսաւ. «Դժբախտաբար 1914-1915 թուականներուն Արամ Մանուկեանէն սակաւաթիւ գրութիւններ պահպանուած են: Այդ տարիներուն Վասպուրականի, ինչպէս նաեւ միւս հայկական շրջաններու կուսակցութեան արխիւները ժամանակին Ժընեւ չփոխադրելու իբրեւ արդիւնք ոչնչացուած են»: Ապա ան անդրադարձաւ նամակներու արտագրման ընթացքին իր յաղթահարած դժուարութիւններուն:
Եզրափակելով հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի Պետական Համալսարանին այս գիրքին հրատարակութիւնը ստանձնելուն համար՝ դիտել տալով, որ տպագրութիւնը բարձրորակ է, իսկ գիրքը ինքնին որպէս սկզբնաղբիւր կրնայ ծառայել գիտաշխատողներուն եւ պատմաբաններուն:
Ապա Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան իր սրտի խօսքը արտասանելով բարձրօրէն գնահատեց Երուանդ Փամպուքեանի վաստակն ու մասնագիտական որակը՝ զայն կոչելով հայ ժողովուրդի նահապետ: Տէր Տաթեւ դիտել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին 4 յայտնի հարստութիւններուն կողքին ունեցած է երկու այլ հարստութիւն եւս՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած հարստութիւնը՝ այսինքն հայոց այբուբենը եւ 8 Մայիս 1918-ին կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Քահանայ հօր խօսքով Փամպուքեան այս հատորին հրատարակումով կամրջած եղաւ այդ երկու հարստութիւնները:
Հուսկ տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, մասնակցութեամբ հատորի հեղինակ Երուանդ Փամպուքեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Եիւզպաշեանի եւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի:
Աւարտին գիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան ներկաներուն, որուն հասոյթը, հեղինակին փափաքին համաձայն, յատկացուեցաւ Հայ Դատի ֆոնտին:
Նշնք, որ հատորը լոյս տեսած է Երևանի պտական համալսարանի հրատարակչութեան կողմէ:
kantsasar.com