Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր Թուրքիա յարձակողական իր նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ: Պատերազմի սկզբնական փուլերուն, սուրիական քաղաքներու ու աւաններու վրայ յարձակումներ հրահրելով, Թուրքիա կը սպառնար երկրի ինքնիշխանութեան, ան չէր վարաներ իր ախորժակները յայտնելու, նոյնիսկ երկրի առաջին դէմքին` Էրտողանին Դամասկոս հասնելու եւ Օմայատ մզկիթին մէջ աղօթելու յաւակնութեամբ: Թուրքիոյ յաջորդ դաւը սուրիական հողերուն վրայ 30 քմ երկարութեամբ ապահով գօտիի մը հաստատման նկրտումն էր, որ կրկին ի դերեւ ելաւ սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն ռազմավարութեան շնորհիւ: Շրջան մը վերջ, «Եփրատի վահան» ծրագիրով, Թուրքիա քիւրտերու հաւանական ներխուժման դէմ ապահովական շրջան մը յառաջացնելու փորձ կատարեց, որուն կողքին, Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին պատ մըն ալ բարձրացուց: Այս բոլորը, սակայն, բաւարար չեղան Թուրքիոյ ապահովութեան համար:
Սուրիական բանակին սրընթաց յառաջխաղացքը եւ Իտլիպի գիւղերը հասնիլը Սուրիոյ մէջ թրքական ազդեցութեան վերջին գօտիներու չէզոքացման ահազանգը հնչեցուցին, իսկ Միացեալ Նահանգերու` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ զինեալ քրտական ջոկատներու մարզումին ձեռնարկումն ու այդ իմաստով կատարած յայտարարութիւնները սուրիական տագնապի թնճուկին մէջ թրքական քաղաքականութեան ամբողջական ձախողութիւնը երեւան բերին:
Այժմ Թուրքիա, խաղաղութեան խորհրդանիշը` ձիթենիի ճիւղը ձեռին, մէկ կողմէ քրտական գործօնը այլ երկրի մը` այս պարագային Սուրիոյ մէջ տկարացնել կը փորձէ, հաւանաբար ենթադրելով որ դուռը փակելով վտանգէն փրկուած պիտի ըլլայ, առանց հաշուի առնելու քրտական գործօնին երկրէն ներս ունեցած ազդեցութիւնը, առաւելաբար վստահելով իր բիրտ ուժին: Միւս կողմէ Սուրիոյ մէջ իր գործակալներուն ծաւալումին համար պարարտ հող ստեղծել կը փորձէ, յատկապէս` սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի մօտալուտ ազատագրումին հետեւանքը գուշակելով:
Սուրիական բանակը բնականաբար իր առաջնահերթութիւններուն համաձայն կը յառաջանայ: Ան չի ներքաշուիր թրքական դաւերուն մէջ: Այժմ բանակը Իտլիպ նահանգին աւելի քան 300 գիւղերն ու տեղւոյն զինուորական օդակայանը ազատագրած է արդէն: Սուրիոյ պետութիւնն ու ժողովուրդը քաջ գիտեն, որ թրքական ներխուժումը երկրին ու անոր բազմերանգ ընկերութեան ոչ մէկ նպաստ կը բերեն: Ընդհակառակն` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով կը սպաննեն Սուրիոյ քաղաքացիները, կը քանդեն բնակարաններ, գիւղեր ու քաղաքներ եւ միայն թրքական շահերուն կը ծառայեն:
Սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն, աւելին, միասնական ու ամբողջական Սուրիոյ պահպանման համար տագնապի միակ լուծումը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ համախմբուիլն է Սոչիի մէջ: Պահի լրջութիւնը չըմբռնող կողմերը հասկնալու են վերջապէս, որ երկրին մէջ սուրիական բանակն է միակ երաշխիքը արտաքին սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանուելու:
Ձիթենիի այս ճիւղը խաղաղութիւն չի խոստանար:
«Գ.»
kantsasar.com