Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Յունական հին դիցաբանութեան մէջ, ձիթենիի ճիւղը թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ՛ յաղթանակի խորհրդանիշն էր, իսկ այս վերջին նշանակութիւնը մինչեւ օրս պահպանուած է։ Ներկայ դարուս, Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ու սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանը որոշած է իր կարգին զայն իբրեւ կարգախօս գործածել՝ յաչս իր ղեկավարած երկրին եւ, ընդհանրապէս, շրջանին։ Այս նշանախօսքով, ան Սուրիոյ յատկապէս հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ յարձակում գործած է՝ Անգարայի կողմէ ահաբեկիչ նկատուող քրտական ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանները չէզոքացնելու համար:
Այսպէս, յունական չաստուածները այժմ փոխարինուած են Էրտողաններու նման խորամանկ տիպարներով, որոնք առիթը լաւապէս օգտագործելով դիմեցին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան, որ հաւանաբար շատ աւելի հարազատօրէն պիտի նկարագրուէր եթէ կոչուէր «Փշածաղիկ» գործողութիւն:
Այդ ձիթենիի ճիւղը չէր յայտնուէր խաղաղութեան հոմանիշ ճերմակ աղաւնիի կտուցին մէջ, այլ ռմբաձիգ օդանաւերով, հրասայլերով եւ ծանր հրետանիով:
Սակայն, այս «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ետին կանգնող մութ հաշիւները այնքան շատ են, որ նոյնիսկ ամէնէն աւելի հմուտ քաղաքագէտը կրնայ շուարիլ ու մոլորիլ:
Արդ, երկար տարիներէ ի վեր, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի դէմ բռնօրէն պայքարող Էրտողանի բանակին ներխուժումը տեղի կ՚ունենար… գերմանական արդի հրասայլերու գործածութեամբ։
Հաւանաբար, քանի մը հարց-պատասխաններով շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ բացատրել այս լաբիւրինթոսային կացութիւնը Սուրիոյ նման երկրի մը մէջ, ուր օդային սահմանները բաց կը մնան զինուորական ամէն տեսակի եւ ամէն դրօշ պարզող օդանաւերու առջեւ:
Առաջին հերթին, տեղին է հարցադրել, թէ ինչո՞ւ համար եւ ի՞նչ պայմաններու տակ կատարուեցաւ այս թրքական ներխուժումը: Յստակ էր, թէ այն օրը, երբ Ուաշինկթըն որոշեց վերանորոգել իր օժանդակութիւնը մեծամասնութեամբ քիւրտերէ կազմուած խմբակցութիւններուն, լայն յարձակում մը շղթայազերծելու սկզբնական պատրաստութիւնները տեսնուեցան:
Արդեօք կանաչ լոյս տրուա՞ծ էր շրջանին մէջ տիրապետող երկիրներուն կողմէ՝ ազատ ու համարձակ ներխուժում մը իրագործելու: Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ վերջերս համաձայնութիւն մը կնքած էր Անգարայի հետ, կազի խողովակներ զետեղելու Սեւ ծովու արեւելեան ափին մօտ, Ձիթենիի «ճիւղ» գործողութենէն օր մը առաջ, յատուկ հրամանագրով հրահանգած էր այդ շրջանը զետեղուած ռուսական ուժերը, որ ապահովական պատճառներով հեռանային։
Իսկ Սուրիոյ համար, այնքան ատեն որ այս ներխուժման թիրախը Միացեալ Նահանգներու հետ գործող քիւրտերն էին, կարելի էր աչք գոցել քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերէն թիւ մէկ թշնամի Անգարային, որ նախապէս Դամասկոսի դռները հասնելու կոչ կ՚ընէր, մինչդեռ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ միայն իր սահմանները կը փորձէր ամրապնդել:
Այսպէս, անգամ մը եւս քիւրտերը զոհ դարձան մութ հաշիւներու, որոնց մէջ, վերջին շարունակական օժանդակութիւն կատարող Միացեալ Նահանգներն ալ կորսնցուցած են Միջին Արեւելքի մէջ իրենց քաղաքական ներկայութիւնը:
hairenikweekly.com