Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Նոյեմբեր 29ի այս օրը, 66 տարի առաջ, մեր աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ գրականութեան եւ հայ քաղաքական մտքի լուսապսակ դէմքերէն Լեւոն Շանթ, որ արժանաւորապէս յառաջապահ դրօշակիր կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին ազգային ներաշխարհը վերծանող՝ ՀԱՅուն հոգեմտաւոր հարուստ ԵՍը շնչաւորող մեծավաստակ մտաւորականներու փաղանգին մէջ։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ»ով անմահացած գրողն է Լեւոն Շանթ։ Բայց ճշմարտութեան դէմ մեղանչել պիտի ըլլար միայն իբրեւ մեծատաղանդ թատերագիր յիշել այնքա՜ն բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմքը Լեւոն Շանթի, որ հայկական հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճած է իբրեւ թէ՛ տաղանդաշատ գրագէտ, թէ՛ ներհուն մտաւորական, թէ՛ անձնուէր հասարակական գործիչ եւ թէ՛ սերնդակերտ մանկավարժ։
Այդ ամէնը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդն ու միաժամանակ Մեծ Հայն է Լեւոն Շանթ, որ շունչ եւ վեհութիւն, այլեւ՝ ազգային հնչեղութիւն տուաւ Հայու ԵՍին։
Մանաւանդ որ իր անխոնջ եւ առասպելական աշխատունակութեամբ ու ներքին կարգապահութեամբ՝ Լեւոն Շանթ նուաճեց պատկառելի հարստութիւն մը իր գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։
Իսկապէս ալ Նահապետեան Սեղբոսի զաւակը եւ հօր անունով Սեղբոսեան Լեւոն մկրտուած Լեւոն Շանթը, իր կեանքով ու գործով, այլեւ ու մանաւանդ իր աշխարհայեացքով՝ եղաւ ամբողջական անհատականութեան մը եւ լիարժէք ԵՍի մը ճառագայթող խտացումը, որ իր անձին, կեանքին ու գործին առինքնող օրինակով յաւերժացուց հայ գրականութեան եւ հայութեան Ազգային Ինքնութեան վսեմաշուք ԵՍը։
Ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման մնայուն ձգտումը, իբրեւ իր ողջ էութիւնը տոչորող ներքին կրակ, հանդիսացաւ շարժիչ ուժը եւ անխոնջ աշխատանքի կենարար աղբիւրը Շանթի ողջ կեանքին ու անոր ստեղծագործական թէ հասարակական գործունէութեան։
Շանթի կենսագրութիւնը ինքնին յուզիչ եւ բարդ պատմութիւնն է իբրեւ Մարդ եւ Հա՛յ Մարդ անոր ինքնակատարելագործման մնայուն պայքարին։
Պոլիս ծնած, Սկիւտարի վարժարանին մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստացած, մանուկ տարիքին որբացած եւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանի մուտքի քննութեան յաջողած Սեղբոսեան Լեւոնը, ամբողջական հայու իր ինքնազարգացման առաջին ոստումը կատարեց տակաւին ուսանող տարիքին, երբ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու կազմաւորումը լեզուամշակութային մէկ ու միակ շաղախի վերածեց եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ արեան կանչէ բխող այդ նուաճումին։
Խառնուածքով խոհուն եւ յուզաշխարհով բանաստեղծ Լեւոն Շանթի անբեկանելի անհատականութեան ինքնակատարելագործման օրրանը եղաւ Գերմանիան, ուր 1892էն մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց մէջ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։
Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնն էր։
Մինչեւ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումն ու մտաւորական հասունացումը, Լեւոն Շանթ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Պոլսոյ մէջ, միաժամանակ՝ իր բանաստեղծութիւններով ու արձակ վիպակներով դրսեւորեց ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձան հազիւ երիտասարդ Շանթին։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով՝ Շանթ աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը եսապաշտութեան՝ քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրազտելու իր պայքարը։
Յատկապէս թատերական իր գործերը լրիւ յագեցան Հայու ԵՍը իր ինքնահաստատման դարաւոր ձգտումով թեւաւորելու, հայու գեղջկական պարզութեամբ ու վեհութեամբ զարգացնելու, խորացնելու եւ կատարելագործելու բանաստեղծականութեամբ։
Լեւոն Շանթ երկար ապրեցաւ եւ հայ ժողովուրդի համար վերելքի, անկումի, վերականգնումի եւ տառապագին մաքառումներու այդ դժուարին ժամանակները ցմրուր ճաշակեց ու բառին ամբողջական առումով… ապրեցա՛ւ եւ վերապրումի անխորտակ վէմի վերածեց։
Շարունակ կանգուն մնաց ու գործեց հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ, Թիֆլիսի գրական-մշակութային զարթօնքին մեծարժէք դրօշակիրներէն դարձաւ, հայ ազգային-ազատագրական շարժումին հաւատաւոր եւ լուսաւոր առաջնորդներէն եղաւ, սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու հոգեմտաւոր զարգացման մեծ դաստիարակը հանդիսացաւ եւ երբ հնչեց նորանկախ Հայաստանի քաղաքական-պետական կեանքին գործնապէս տիրութիւն ընելու ժամը՝ անվարան նետուեցաւ անձնուէր աշխատանքի ասպարէզ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական ամէնէն դժուարին բանակցութիւններուն իր ներդրումը բերելով ու մեր ազգային անկորնչելի արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ շահերուն անզիջող պահապանը դառնալով։
Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, Լեւոն Շանթ իր կարգին վերցուց տարագրութեան ցուպը եւ շրջեցաւ գաղթաշխարհով մէկ։ Նախ գործեց Եգիպտոսի մէջ, Աղբալեանի հետ հիմը դրաւ Համազգային Մշակութային Միութեան։ Ապա՝ երկուքով հաստատուեցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր հիմնեցին Հայ Ճեմարանը ու իբրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ միասնաբար լծուեցան նոր սերունդներու հայեցի կազմաւորման եւ մտաւորական թրծումին՝ նուաճելով Ճեմարանական Աւանդը, որ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ծառայել սփիւռքահայ հոգեմտաւոր զարգացման ոգորումներուն։
Տարագրութեան շրջանին Լեւոն Շանթ ոչ միայն շարունակեց ստեղծագործել գրականութեան մէջ, այլեւ թուղթին յանձնել մանկավարժութեան տեսաբանի, լեզուագէտի եւ ազգային-հասարակական գաղափարախօսի իր գիտական եւ մտաւորական լայն պաշարը։ Լոյս ընծայեց հայոց լեզուի դասագիրքեր, Ազգային Հարցին, Անկախութեան գաղափարին եւ Անհատի ու Դասակարգի տեսաբանութեան գիտական մշակումին նուիրուած աշխատութիւններ։
Եւ ո՛ւր որ ալ ճակատագիրը տարաւ զինք՝ Լեւոն Շանթ ողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման արդի՝ այժմէակա՛ն զէնքերով մշակուած ու յղկուած էր եւ միշտ յառաջ կը մղուէր Ամբողջական Հայն ու Ամբողջական Մարդը միաձոյլ շնչաւորելու ձգտումով։
Լեւոն Շանթի յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման այս էջը հաղորդութեան պահ մը թող ըլլայ անոր բանաստեղծական յուզաշխարհին հետ, ուր քերթողական վրձինի այնքան զուսպ, այլ դիպուկ հպումներով կը ներկայանայ ՀԱՅու ամբողջական՝ լիարժէք ԵՍին խոհուն դէմքը։
ԵՍ ՊԱՏՐԱՆՔԸ ՍԻՐԵՑԻ
Շուրջիս տափակ ու չոր կեանքէն զայրացկոտ,
Կանչեցի ես իտէալս կենսածին.
Բայց ետեւէս կծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին.
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Մենութեան մէջ լուռ, մթնշող սենեակիս՝
Չիրագործուող երազներու մէջ թաղուած՝
Հեռո՜ւ ու վե՜ր սաւառնեցաւ միշտ հոգիս,
Հո՛ն, ուր կեանքիս գոհար յոյսերն են մաղուած.
Ես, մօր մը պէս, անուրջներս գգուեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Երբ գեղեցիկ թարմ աղջիկը ժպտեցաւ,
Սիրտս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ.
Սիրեցի ալ, միայն ո՛չ ան, որ անցաւ.
Այլ անոր նուրբ յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը, որ մտքէս հոն անցուցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Հայրենիքի հուր կարօտը բնածին
Երբ բռընկցուց յուզուած լանջս տենդօրէն,
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հծծեցին.
Ես դառնացայ, բայց ալ ուժգին այդ օրէն
Իմըս չեղող հայրենիքս պաշտեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշնչուած ստեղծեցի միշտ անգոյ,
Բայց անձնուրաց ազնիւ դէմքեր սիրեկան,
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ,
Իտէալի կեանքէն երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:
ԺԱՆԳԸ
Գզրոցիս մէջ գրիչս ինկած է հիմա
գրած-ջնջած թղթերուս մէջ ցանուցիր.
ժանգէ պատանք մը աճած է իր վրայ
ու ալ հպարտ չ՚առկայծիր։
Մինչ նայուածքս այդ հին գրչին է յառած,
մէջըս միտք մը զիկզակ կու տայ՝ մի՞ գուցէ
անշարժ կեանքէս զգացումներս ալ յանկարծ
ժանգի խաւ մը գայ գոցէ։
ԼՈՒՌ
Շուրջս խաւար, հանդարտ ու քուն.
Շուք մը անգամ չի դողդղար.
Հոն դիմացս շշուկներուն
Մահացումն է լիակատար։
Միակ ձայնը իրարու քով
Ժամացոյցս ու սիրտս է հո՛ս,
Որ կը համրեն պինդ-պինդ զարկով
Կեանքիս քայլերն արագահոս։
Ն.