կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-11-24 17:40
Հասարակություն

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Մարտի ամպամած ցուրտ օր մըն էր, խենթ քամի մը կը փչէր, երբ երեկոյեան գործէս վերադարձայ:

Հազիւ տուն մտած` հեռաձայնը հնչեց: Մայրս էր, հարց կու տար, թէ այդ օր առաւօտ Պուրճ Համուտի մէջ պատահած ոճիրին տեղեա՞կ էի, արդեօք յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունէի՞, թէ հօրաքրոջ թոռը` Պուրճ Համուտի ծանօթ գոհարավաճառ Հրանդ Քիւրքճեանը իր գործատեղիին մէջ սպաննուած էր:

Պատասխանեցի, որ պատահած ոճիրէն տեղեակ չէի` խոստանալով անմիջապէս հետաքրքրուիլ եւ զինք տեղեակ պահել:

 

Սարգիս Զէյթլեան

Պատահած ոճիրին մասին հարցնելու եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար անմիջապէս հեռաձայնեցի Երուանդ Մոնոֆարեանին, որ ԿԿ-ի հերթապահն էր: Ընկ. Երուանդը մտահոգ ու ձայնի ծանր կշռոյթով մը ըսաւ.

– Այդ ոճիրին կողքին ծանրակշիռ եւ հրատապ այլ խնդիր ալ կայ. ընկ. Սարգիսը մէջտեղ չկայ, շուտ «Սարդարապատ» եկուր, ժամը 7:00-ին ԿԿ-ը եւ երեսփոխանական պլոքը բացառիկ նիստի հրաւիրած եմ, հեռաձայնով երկար չխօսինք, ունեցած տեղեկութիւններս ժողովին կը փոխանցեմ:

Անձկութիւն մը պատեց զիս: Մտաբերեցի ընկ. Մարուխեանին մէկ արտայայտութիւնը, որ առիթով մը ինծի ըսած էր. «Սարգիսին կ՛ըսեմ կոր, որ քալելով տունէն ակումբ չգայ, որ` ընկերակիցը իբրեւ վարիչ չգործածէ, որ` այս օրերուս բոլորս անխտիր թիրախ ենք, մտիկ չ՛ըներ կոր»:

Անմիջապէս ուղղուեցայ «Սարդարապատ» ակումբ` մտածելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ լիբանանահայ գաղութը ծանր կացութիւններ կը դիմագրաւէ` ընկ. Աբոյի առեւանգում, ընկ. Էպլիղաթեանի մահափորձ, ընկ. Նշան Ճոզիկեանի առեւանգում, ընկ. Խաչիկ Պասմաճեանի սպանութիւն: Դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն կուսակցական պայքարներու հին օրերը, երբ առաջնահերթութիւնը այսօր գաղութի ապահովութիւնն է, հայութեան միասնականութիւնն ու Հայ դատի պայքարը:

Ինծի համար ընկ. Սարգիսը առեւանգողներուն հասցէն յստակ էր: Այդ մէկը Գաղտնի բանակի ծայրայեղ ձախակողմեան թեւն էր, որ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ծայրայեղական խմբակներու հետ գործակցաբար` միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալ դարձած էր եւ Դաշնակցութիւնը հարուածելով` կը միտէր ոչ միայն տկարացնել սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութը, այլեւ` արգելակել Հայ դատի հետապնդումը:

Քշած ատենս կը մտածէի հակադարձ միջոցներու կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի կարենայինք ընկ. Սարգիսը ազատել: Նման խառն մտքերով Պուրճ Համուտի մութ փողոցներով մտայ «Սարդարապատ» ակումբ, ուր արդէն ներկայ էին ընկ. Երուանդը, ընկ. Ազնաւորեանն ու տոքթ. Մանուկեանը:

Ընկ. Ազնաւորեանի դէմքը իր սովորական, անժպիտ, խիստ ու լուրջ բնոյթը ունէր: Ընկ. Մոնոֆարեանը սիկարեթ կը ծխէր` ջղային իւրայատուկ մտահոգութեամբ, որ իր մօտիկները միայն կրնան տեսնել ու կռահել:

Քիչ ետք հասան ԿԿ-ի միւս ընկերները, Բիւրոյի Լիբանան գտնուող ընկերն ու պրն. Խաչիկ Պապիկեանը:

Նիստը բանալով` ընկ. Երուանդը զեկուցեց, որ ժամը 4:30-ի մօտերը Սագոյին (Սարգիսեան) կինը` Զուարթը, իր գրասենեակը հանդիպած է ըսելու համար, որ ընկ. Զէյթլեանենց տունէն կու գայ եւ յայտնած` տիկ. Սոնային մտահոգութիւնը, թէ ընկ. Սարգիսը կէսօրին ճաշի համար տուն չէ գացած եւ մինչեւ այդ ժամը անկէ ոչ մէկ լուր ունի:

Ընկ. Երուանդը հեռաձայնած է «Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմի տղոց եւ անոնցմէ հաստատած, որ այդ առաւօտ ընկ. Սարգիսը գրասենեակ չէ գացած: Ընկերները ընկ. Սարգիսի բացակայութիւնը նկատած են, սակայն մտածելով, որ այդ մէկը այլ զբաղմունքի պատճառով կրնայ ըլլալ, չեն մտահոգուած: Ընկ. Երուանդ նաեւ կարելիութիւնը ունեցած է հեռաձայնային կապով խօսիլ տիկ. Սոնային հետ, որ փոխանցած է կարգ մը տեղեկութիւններ, յատկապէս` շէնքի պահակէն քաղուած:

Շարունակելով զեկուցումը` ընկ. Երուանդը ըսաւ, որ առեւանգումը կատարուած է Ճեմարանի մուտքէն քիչ առաջ, ՀՄԸՄ-ի ակումբ տանող Տաուտ Փաշա ճամբուն վարի անկիւնը: Ըստ ականատեսներու, որոնցմէ մէկը` մօտակայ խանութպան մը, երկու ինքնաշարժներ առաւօտեան ժամը 9:30-10:00-ի ատենները ընկ. Սարգիսի ինքնաշարժին առջեւը կտրելով` ստիպած են, որ իրենց հետեւի եւ Հիւսէյն Պէյհում փողոցով ուղղուած են դէպի մզկիթի ուղղութեամբ:

Զեկուցումի լոյսին տակ տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում: Շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն թիւը մեծ էր` պաղեստինեան այլազան հոսանքներու խմբաւորումներ, ղովմիներ, համայնավարներ, յառաջդիմականներ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր բազմաթիւ ճիւղաւորումներ, որոնք յաճախ կը գործէին իրենց կեդրոնէն անկախ: Առեւանգումը կրնար կատարուած ըլլալ այս ճիւղաւորումներէն որեւէ մէկուն կողմէ, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնները վերիվայրումներ ունէին:

Առաջարկուեցաւ խօսիլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Փիեռ Ժեմայէլի հետ` գիտնալու համար, թէ իրենց գաղտնի սպասարկութիւնները արդեօք որեւէ տեղեկութիւն ունէի՞ն կատարուած առեւանգման մասին, ինչպէս նաեւ` տեսակցութիւն մը ունենալ Ընկերվար- յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Յառաջդիմականները շրջանի ազդեցիկ գլխաւոր ուժը կը հանդիսանային եւ անպայման կրնային տեղեակ ըլլալ իրենց շրջանին մէջ կատարուած գործողութիւններէն:

Իմ կարգիս ձայն առնելով` արտայայտուեցայ, որ ցարդ կատարուած դէպքերու շղթան նկատի ունենալով` ընկ. Սարգիսի առեւանգումը պէտք է տեսնել Գաղտնի բանակին կողմէ կատարուած արարքներու շարքին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք կարճ ժամանակ մը առաջ Պուրճ Համուտի մէջ, «Սարդարապատ» ակումբէն ոչ հեռու, կուսակցական երեք ընկերներու խանութներուն ականահարումը, ինչ որ նախանշան պէտք է նկատել այդ գործակալներու արարքներուն, եւ առաջարկեցի, որ ընկ. Սարգիսը անմիջապէս վերադարձնել կարենալու համար պէտք չէ վարանինք մեր հասողութեան ծիրին մէջ գտնուող Գաղտնի բանակի անդամները «Սարդարապատ» ակումբ բերել, դիմակազերծել տեղական լրատուամիջոցներու ներկայութեան ու սպառնալ անոնց` պայմանաժամ տալով, որ ամենակարճ ժամանակամիջոցին ընկ. Սարգիսը ազատ արձակեն:

Առաջարկս կարգ մը ընկերներու եւ Բիւրոյի ընկերոջ կողմէ շատ ծայրայեղ թուեցաւ: Անոնք նման գործողութիւն մը կը նկատէին մեր կողմէ ներազգային համերաշխութեան պառակտումի նախաձեռնութիւն, որ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ եւ նպաստել միջազգային ուժերու նկրտումներուն:

Այն ատեն ՀՅԴ ղեկավարութեան մօտ առկայ էր այն մտածողութիւնը, որ Գաղտնի բանակը կրնար սխալներ գործել եւ ունենալ տարբեր ուղի եւ գործելաոճ, սակայն ինքզինք իբրեւ հայկական շարժում նկատող հաւաքականութիւն` չէր կրնար այնքան սնապարծ ու տհաս ըլլալ, որ իրենց հիմնական նպատակներէն շեղելով` հարուածէին հայեր, մանաւանդ` դաշնակցական ղեկավարներ:

Դաշնակցութիւնը պէտք էր մնար իր բարոյական սկզբունքներու բարձունքին եւ ըլլար զուսպ: Մեր հակազդեցութիւնները պէտք էր ըլլային կշռադատուած, հեռու` եղբայրասպան կռիւներէ, որովհետեւ հայութիւնը թեւակոխած էր քաղաքական հասունացման փուլ, եւ համազգային խնդիրներու համար ստեղծուած էր համահայկական մտածողութիւն, որ դրսեւորուած էր քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայկական կուսակցութիւններու կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեամբ, եւ պէտք էր արգիլել, որ հայութեան այդ ազգային դրական կեցուածքը տժգունէր անպատասխանատու տարրերու գործունէութեամբ: Դաշնակցական ղեկավարութեան վերոնշեալ վարքագիծը պատճառ եղաւ, որ շատ սուղ վճարենք, որովհետեւ հայանուն գործակալներուն անարգ արարքները շարունակուեցան, եւ մենք կորսնցուցինք Սարգիս Ազնաւորեանի, Վիգէն Պետրոսեանի, Թաթուլ Սուրեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Ներսէս Խուտավերտեանի, Յակոբ Պարսումեանի եւ Զաւէն Թաշճեանի նման արժէքաւոր ընկերներ:

Ընկ. Սարգիսը առաջին անգամ տեսած էի Ճեմարան, 1965-66 տարիներուն, երբ Օննիկ Մելիքսեթեանի մահէն ետք կարճ ժամանակ մը կը վարէր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւնը:

Ինչպէս ժողովրդական լեզուով կ՛ըսեն, ընկ. Սարգիսը «գունտ ու կլոր», ճաղատ գլխով, կլոր ու լեցուն դէմքով, հաստ ակնոցներով, անպաճոյճ հագուածքով անձ մըն էր: Յաճախած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ապա Նշան Փալանճեան Ճեմարանի հայագիտական բաժանմունքը` Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեանց օրով: 1954-ին հրաւիրուած էր Գահիրէ` «Յուսաբեր»-ի խմբագրակազմին մէջ իբրեւ Վահան Նաւասարդեանի օգնական: 1958-ին նշանակուած էր «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ գործած` վաստակաւոր ընկերներ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի կողքին:

Իբրեւ Ճեմարանի ուսանող, ապա «Յուսաբեր»-ի խմբագրական կազմի անդամ` ընկ. Զէյթլեան առիթը ունեցած էր մօտէն ծանօթանալու Շանթի, Վրացեանի, Նաւասարդեանի եւ այդ օրերու հեղինակաւոր բազմաթիւ մտաւորականներու, որոնց գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական մտածողութիւնը կարեւոր եւ հիմնական ազդեցութիւն ունեցած էին իր գաղափարական կազմաւորումին ու ապագայ հասարակական գործունէութեան ուղին գծելու տեսակէտէն:

Ընկ. Սարգիսին հետ իմ ու ընկերներուս գործակցութիւնը կը սկսի 1967-ին, երբ ինք տակաւին «Ազդակ»-ի խմբագիր էր, իսկ ես, Սագօ Սարգիսեանն ու Վիգէն Յովսէփեանը (այժմ Քանատա)` Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչական: Այդ գործակցութիւնը անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ իր առեւանգումը: Մինչ այդ մեր խմբակը ուռճացած էր Վաչէ Տարագճեանով ու Բենօ Թոնդեանով: Մեր գործակցութիւնը այնքան սերտ էր, որ նշեալներս կը ճանչցուէինք իբրեւ «Սարգիսի տղաքը»:

Այդ օրերուն ընկ. Սարգիսը գաղութին մէջ արդէն ճանչցուած հեղինակութիւն էր, մէկը` դաշնակցական գաղափարապաշտ, մտաւորական, ղեկավար այն սերունդէն, որ Երկրէն տարագրուած պատմական ղեկավարութեան տերեւաթափէն ետք ստանձնեց մեր կուսակցութեան գերագոյն պատասխանատուութիւնը:

Այդ շրջանին, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, կուսակցութեան ղեկավար դիրքերու տիրանալու համար ներկուսակցական պայքարներ կլանած էին Լիբանանի բոլոր շարքերը:

Տեղայնական նեղ հարցերու եւ լիբանանեան բարքերով առաջնորդուելու գործելաոճը դարձած էր համատարած սովորութիւն` կուսակցութիւնը հեռացնելով իր հիմնական առաքելութենէն ու գաղափարական եւ բարոյական սկզբունքներէն:

Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած այս նոր սերունդը ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումները գործնականացնելով` հանդիսացաւ մեր կուսակցութեան վերանորոգման ու վերաթարմացման շարժումը նախաձեռնողը: Այս շարժումին մղիչ ուժը եղաւ ընկ. Սարգիսը, որ իր կորովն ու շունչը բերաւ Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական մտքի բիւրեղացման, յատկապէս` իր գաղափարական հմտութեան, անհատականութեան, վճռակամութեան ու կազմակերպական կարողութիւններուն շնորհիւ:

Սփիւռքեան պայմաններու պատճառած այլասերիչ մթնոլորտին, սովորութիւններուն, մտածելակերպին ու տկարութիւններուն դէմ Դաշնակցութեան գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն վերադառնալու աշխատանքը ճիգ, հետեւողականութիւն, ժամանակ, յարաբերականութիւն, նոր մտածելակերպ, նոր գործելաոճ ու մարդուժ կ’ենթադրէր: Կարելի չէր արագ ձեւով թաղային նեղ, տեղայնական հասկացողութեամբ ղեկավարուելու սովորութիւնները թօթափել եւ համահայկական մտահոգութիւնները իբրեւ տեսլական ունենալ, մանաւանդ որ այդ շրջանին Դաշնակցութեան ծրագիրը փոխարինուած էր մէկ էջնոց «Հաւատամք»-ով, որուն հիմամբ սերունդներ դաստիարակուած էին` անտեղեակ մեր ծրագրի ազգային, ընկերային, տնտեսական, վարչական ու կազմակերպական մտածողութեան:

Ընկ. Զէյթլեանի ներկայութեամբ պարբերաբար կը հանդիպէինք «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկերներէն մէկուն տունը: Ընկ. Զէյթլեանի կողքին կ՛ըլլային` Եդուարդ Բատոյեանը, Վռամ Եղբայրեանը, Սեդրակ Պալեանը, Նազօ Գարագաշեանը եւ ուրիշներ: Ընկ. Զէյթլեան մեր կատարելիք աշխատանքներուն գծով ուղղութիւններ կու տար, ինչպէս նաեւ կը լսէր կատարուած աշխատանքներուն մասին շարքերուն ընկալումն ու հակազդեցութիւնը: Այս հանդիպումները միայն «Քրիստափոր»-ի եւ «Զաւարեան»-ի տղոցմով չէին սահմանափակուեր, երբեմն ներկայ կ’ըլլային նաեւ այլ կոմիտէութիւններէ ընկերներ, ինչպէս` Գէորգ Գանտահարեան, Յովհաննէս Պէրպէրեան, Յովհաննէս Քէլէշեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Վարուժան Աղասարգիսեան եւ ուրիշներ:

Այդ հանդիպումներու ընթացքին ընկ. Զէյթլեանը առաջ կը մղէր այն թեզը, որ կուսակցութիւն մը պէտք է պատրաստ ըլլայ հաւատարմօրէն ու լիակատար կերպով ծառայելու իր կոչումին ու առաքելութեան եւ ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնէ իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու արժէքներուն պաշտպանութեան համար:

Մեր շարքերն ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլան յանձն առնելու հարկ եղած աշխատանքն ու զոհողութիւնները:

Այս աշխատանքները իրենց արդիւնքը տուին, ու կարելի եղաւ շրջաններուն մէջ նուիրեալ, գաղափարական պատրաստութեամբ ու կազմակերպական կարողութիւններով օժտուած ընկերներ կազմերու մէջ ներառել, ինչպէս նաեւ, ընկ. Զէյթլեանի հերթապահութեամբ, Լիբանանի շրջանի կազմակերպական կեանքը նոր հունի մէջ դնելու կարող ԿԿ-ի կազմ մը յառաջացնել:

Հոկտեմբեր 2017-Մոնրէալ
(Շար. 1)

aztagdaily.com
11 Նոյեմբեր 2017

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ լիբանանահայ գաղութը իր դրուածքով կրնար յատուկ դերակատարութիւն ունենալ սփիւռքահայ միւս գաղութներու կազմակերպական ու Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ` մասնաւորաբար գաղութներու կրթական, մամուլի, վարչական եւ այլ բնագաւառներէ ներս մարդուժ տրամադրելով: Այդ համոզումով ալ աշխատանքի լծուեցաւ:

Իր հերթապահութեան օրով «Ազդակ»-ը օժտուեցաւ նոր տնօրէնով` Երուանդ Փամպուքեան:

Խմբագրութեան միացաւ Պօղոս Սնապեանը:

Աշխատանքի հրաւիրուեցան երիտասարդ աշխատակիցներ, ու թերթը սկսաւ հրապարակուիլ ութ էջերով:

ԼՕԽ-ի շարքերը երիտասարդականացան:

Համալսարանաւարտ ընկերուհիներ վարչութիւններու մաս կազմեցին:

Կրթական կեանքին մէջ համալսարանական բարձր ուսման տէր երիտասարդ ընկերներ ստանձնեցին ազգային վարժարաններու տնօրէնութեանց պաշտօնները: Դպրոցներու կրթական մակարդակը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ գործող նախակրթարանները կարելի եղաւ երկրորդականի բարձրացնել:

Կազմակերպական կեանքին մէջ կոմիտէութիւնները ունեցան աշխուժ գործունէութիւն, յատկապէս շարքերու դաստիարակութեան ու ակմբային կեանքի աշխուժացման գծով` մշակութային նոր ձեռնարկներով ներգրաւելով երիտասարդութիւնը:

Յատուկ վերելք արձանագրեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ո՛չ միայն անդամներու թիւի յաւելումով, այլեւ` Հայ դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս նոր ձեռնարկներու կազմակերպումով (սեմինարներ, որմազդներ, քայլարշաւ, թրքական դեսպանատան դէմ ուսանողական ցոյց եւ այլն): Այս բոլորը աշխուժացուցին համալսարանական կեանքը` Հայ դատի ծանօթացման տեսանկիւնէն:

Վերատեսութեան ենթարկուեցաւ Պատանեկան միութիւններու կազմակերպական կառոյցը, եւ ուսումնասիրուեցաւ զանոնք երկսեռ երիտասարդական միութեամբ մը փոխարինելու ծրագիրը:

Ընկ. Զէյթլեան ջերմօրէն կը հաւատար հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ գործակցութեան: Հատուածականէն վեր կը կարեւորէր ազգային համախոհութեան ու գործակցութեան ստեղծումը: Մեր իրաւունքներու ձեռքբերման համար հայկական միասնական ճակատով արտաքին աշխարհին ներկայանալը կենսական կը նկատէր:

Իր հերթապահութեան օրով Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս կարեւորուեցաւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար` հայ համայնքի իրաւունքներու ձեռքբերման առնչութեամբ, յատկապէս` առաջին կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակման գծով, հայկական երեսփոխանական պլոքի վերանորոգմամբ, ներառեալ` աւետարանական աթոռը. այս բոլորին համար լիբանանահայ քաղաքական հոսանքները ներկայացնող յարգելի ազգայիններ նշանակուեցան:

Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ ազգի մը գլխաւոր ուժը, յատկապէս` անոր ապագայի կերտման գծով, երիտասարդութիւնն է: Ուրեմն պէտք էր աշխատիլ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան, անոր բարոյական, կազմակերպական եւ կարգապահական ոգիի խորացման, ազգային ու քաղաքական մտածողութեան զարգացման, գաղափարական վերաթարմացման ու յեղափոխական աւանդներու վերադարձման համար:

1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, երբ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը դարձաւ զինեալ ներկայութիւն, Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս ստեղծուեցաւ փափուկ կացութիւն: Ձախակողմեան ուժեր, վստահելով այդ կազմակերպութիւններու զինեալ ներկայութեան, սկսան խոչընդոտներ ստեղծել ու քաղաքական պահանջներ դնել երկրի գործադիր իշխանութիւններուն դիմաց, յատկապէս` գործող նախագահին, պաշտօն մը, որ քրիստոնեայ մարոնի համայնքին վերապահուած է:

Ի տես ստեղծուած կացութեան` Փաղանգաւոր եւ Ազատական կուսակցութիւնները սկսան զինուիլ եւ զինավարժութեան դասեր տալ իրենց ուսանող ու երիտասարդ անդամներուն` Լեռնալիբանանի մէջ զինավարժութեան յատուկ բանակավայրեր հաստատելով: Տեղական կուսակցութիւններու այս աշխատանքը մեր` զաւարեանականներուս ուշադրութենէն չէր վրիպած: Սագօ Սարգիսեանն ու ես տեղացի ուսանող ընկերներու ընկերակցութեամբ պատեհ առիթով մը այցելեցինք Հարիսայի մէջ փաղանգաւորներու բանակավայրը եւ ներկայ եղանք անոնց փորձերուն:

Բանակողները, որոնց մէջ կային կարգ մը հայ տղաք, յատուկ համազգեստներ հագած եւ լիբանանեան բանակի սպաներու հսկողութեամբ, զանազան տրամաչափի զէնքերու յատուկ վարժութիւններ կ՛ընէին:

Օրին փաղանգաւորներու բանակավայր մեր այցելութեան մասին տեղեակ պահեցինք ընկ. Զէյթլեանը: ԿԿ-ը տեղեակ էր քրիստոնեայ կուսակցութիւններու նախաձեռնութիւններէն եւ քաջալեր էր, որ զինավարժութեան փորձերու սկսինք գէթ մենք` զաւարեանականներս, նկատի ունենալով, որ պաղեստինցի զինեալներու եւ լիբանանեան բանակին կամ կուսակցութիւններուն միջեւ բախումներու պարագային արեւմտեան Պէյրութի մեր հաստատութիւնները` առաջնորդարան, դպրոցներ եւ ակումբներ, կրնային թիրախ դառնալ, եւ հարկ էր զանոնք պաշտպանել եւ արգիլել, որ զինեալներ մեր կեդրոնները մուտք գործեն:

Ընկ. Զէյթլեանի հետ մարզումի աշխատանքներուն համադրումը, իբրեւ «Զաւարեան»-ի ատենապետ, վստահուած էր Սագօ Սարգիսեանին: Ժամանակ մը ետք Սագոն վարչութեան տեղեկացուց, որ ընկ. Զէյթլեանը կարգ մը զաւարեանականներ գիշեր մը յատուկ հանդիպումի մը կը հրաւիրէ:

Հանդիպումը կայացաւ Անթիլիաս բնակող մեր պատասխանատու ընկերներէն մէկուն տունը: Այդ տարիներուն Անթիլիասը տակաւին քաղաքէն հեռու, նարնջենիի պարտէզներով շրջապատուած արուարձան մըն էր, ուր քանի մը հայ ընտանիքներ կը բնակէին միայն:

Որոշեալ ժամուն շուրջ 15 ընկերներ մէկ առ մէկ հասանք ճշդուած բնակարանը: Տան հիւրասրահը կիսով լուսաւորուած էր, պատուհաններուն եւ պատշգամի դրան փեղկերը փակ: Տանտէրը տունէն կը բացակայէր` մեզ ազատ ձգելով: Ընկ. Զէյթլեանի կողքին նստած էին յիսունի մօտ, լուրջ դէմքերով երկու անձեր: Մէկը ճաղատ, սեւ աչքերով, սեւ պեխերով, խաղաղ դէմքով: Երկրորդ անձը սրճագոյն բաճկոնով եւ սրճագոյն թաղիքէ ամերիկեան գլխարկ մը գլխուն, դէմքին ոչ մէկ արտայայտութիւն:

Քիչ ետք, երբ բոլոր տղաքը հասան, ընկ. Զէյթլեանը խօսք առնելով` ներկայացուց երկու ընկերները` Սարգիս Ազնաւորեան եւ Անդրանիկ Պաղտասարեան (Քաուպոյ Անդրանիկ), որոնք պիտի ըլլային մեր մարզիչները: Ընկ. Զէյթլեանը թելադրեց, որ մեր մարզումներուն մէջ ըլլանք հետեւողական, ճշդապահ, գաղտնապահ, լուրջ կարեւորութիւն ընծայենք ընկերներու ցուցմունքներուն, որովհետեւ լուրջ առաքելութիւններ մեզ կը սպասեն:

Վստահաբար ընկեր Սարգիսը մեզմէ մեծ ակնկալութիւններ ունէր կուսակցութեան ապագայ ծրագիրներուն գծով: Մենք բաժնուեցանք երկու խումբի, մէկը` քաղաք բնակողներս, ընկ. Ազնաւորեանի գլխաւորութեամբ, միւսը` Պուրճ Համուտ բնակողները, ընկ. Պաղտասարեանի առաջնորդութեամբ: Մեր մարզումները շարունակուեցան շուրջ երկու տարի, եւ 1969-ին ու 1973-ին պաղեստինեան կազմակերպութիւններ-լիբանանեան բանակ բախումներու ընթացքին մեզի վստահուեցաւ ազգային հաստատութիւններու հսկողութիւնը: Հետագային մարզուող ընկերներէն Սագօ Սարգիսեանն ու Վաչէ Տարագճեանը կարեւոր դեր ունեցան համակուսակցական մարտական աշխատանքներուն մէջ` ընկ. Սարգիսին ակնկալութիւնները ի դերեւ չհանելով:

Ընկ. Սարգիսը յատուկ համարում ունէր Սագոյին նկատմամբ, որուն մէջ կը տեսնէր դաշնակցական ապագայ ղեկավարը: Կը գնահատէր անոր զոհաբերութեան ոգին, զօրեղ անհատականութիւնն ու կազմակերպական կարողութիւնները: Ընկ. Հրայրը առիթով մը ինծի ըսած է. «Սարգիսը` Սագոյին մէջ կը տեսնէ իր նմանակը»:

Երիտասարդութեան նկատմամբ ընկ. Սարգիսին ունեցած հաւատքը, անոնց հետ ուղղակի կապ ստեղծելու, անոնց աշխատանքին մղում տալու եւ երիտասարդութեան ու իրենց սերունդին միջեւ բնականոն գործակցութիւն ծաւալելու համոզումներն էին, որ անոր մղումով ու ընկերներ Մարուխեանի եւ Տասնապետեանի աջակցութեամբ Լիբանանի 1979-ի Շրջանային ժողովը ԿԿ-ի երիտասարդ կազմ մը ընտրեց, որուն յաջորդեց 1981-ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ Բ.ի կազմի երիտասարդականացումը:

Ընկ. Սարգիսի նկարագրային յատկանիշներէն էին` պարզութիւնը, ուղղամտութիւնը, նրբազգացութիւնն ու ընկերներու նկատմամբ հոգածութիւնը, որ իրեն հետ շփումով կը զգացուէր միայն` ներգրաւելով գործակից ընկերները:

Այդ մէկը ես զգացեր եմ, երբ 1978-ին, կիրակի մը, առաւօտ կանուխ հեռաձայնս հնչեց: Օր մը առաջ Լիբանանի կազմակերպութեան Շրջանային ժողովի բացումը կատարուած ու նիստերը սկսած էին: Այդ գիշեր, նիստերու աւարտէն ետք Սագոն տուն հասնելուն` սրտի տագնապ անցուցեր եւ հիւանդանոց փոխադրուեր էր: Ընկ. Սարգիսը, ընկ. Հրայրն ու ընկ. Հրաչը տեղեակ ըլլալով, առաւօտուն ուզած են հիւանդանոց այցելել` Սագոյի տեսութեան:

Ընկ. Սարգիսը գիտնալով, որ ես Սագոյին շատ մօտիկ եմ, ուզած էր զիս տեղեակ պահել, որ ես ալ իրենց ընկերանամ: Ընկերներու ցաւերուն լուռ բաժնեկից էր ան:

Հաճելի զրուցակից էր ընկ. Զէյթլեան:

Խօսակիցներուն ու իր միջեւ զուարթ մթնոլորտ ստեղծող: Ծաւալած այդ անկաշկանդ խօսակցութիւններու ընթացքին կը ջանար առաւելագոյն տեղեկութիւններ քաղել, մանաւանդ` այն նիւթերուն շուրջ, որոնք իր գործադաշտէն ու հետաքրքրութիւններու անմիջական ծիրէն դուրս էին: Կ՛ուզէր տեղեկանալ` կարենալ ճշդորոշուելու, մտքերը համադրելու եւ զանոնք կարենալ հիմնաւորելու համար:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան էր: Ընկերոջ մը հետ լուր ղրկած էր, որ կիրակի մը իր մօտ` Այնճար ելլեմ: Երբ հասայ, ընկ. Սարգիսը տան բակը նստած` ընկ. Նգրուրեանին հետ կը զրուցէր: Անոնք Ճեմարանի մէջ դասընկերներ եղած էին եւ համագիւղացի, ու շատ բան ունէին իրարու փոխանցելիք: Ընկ. Սարգիսի մտահոգութիւնը փաղանգաւոր զինեալներու Պուրճ Համուտէն սանձարձակ ելումուտն էր, որ երբեմն անհաճոյ դէպքերու տեղի կու տար՝ մեր կազմակերպութեան վարկը խնդրոյ առարկայ դարձնելով, միեւնոյն ատեն` ազդելով հայ ազգաբնակչութեան հոգեվիճակին վրայ: Կը մտածէր մեր զինեալ տղոց կողմէ երկու անցարգելներ դնել տալ, մէկը` Պէյրութ գետի կամուրջին վրայ, երկրորդը Անթիլիաս` վանքին մօտ` մայրուղիին վրայ, որպէսզի արգիլեն Փաղանգաւոր զինեալներու Պուրճ Համուտ ելումուտը: Այս գծով, իբրեւ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամի, կ՛ուզէր կարծիքս ունենալ:

Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում։