Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ՑՈԼՔ
- Ի՞նչ է քեմալականութիւնը:
Աթաթուրքի հաստատած քեմալականութիւնը կարելի է խտացնել 6 գաղափարներու մէջ.
1.- Հանրապետականութիւն, որ փոխարինեց Օսմանեան կայսրութեան խալիֆայական դրութիւնը,
2.- Ժողովրդականութիւն, որուն միջոցով ժողովուրդը եղաւ քաղաքացի` ձերբազատելով մենիշխանական սուլթաններէ, կրօնաւորներու իշխանութենէն եւ ցեղախմբային դրութենէն,
3.- Ազգայնականութիւն, որուն միջոցով թուրք ցեղին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացի են,
4.- Աշխարհականութիւն, որ կ’արգիլէ կրօնական միջամտութիւններ` պետական եւ կառավարական գործերուն,
5.- Պետականութիւն, որ պետութեան կու տայ տնտեսական գործերը վարելու իրաւունքը,
6.- Յեղափոխականութիւն` աւանդականը նոր համակարգի սկզբունքներու համաձայն յեղաշրջելու համար:
Ներկայիս Թուրքիոյ քեմալական կուսակցութիւնն է Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը, որ 2015-ի ընտրութիւններէն ետք գլխաւոր ընդդիմութիւնը ներկայացնող կողմն է: Հարկ է ըսել նաեւ, որ քեմալականութիւնը պատմութեան ընթացքին ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճիրներու պատիժներէն փախչելու` Սեւրի դաշնագիրը փոխարինելով Լոզանի դաշնագիրով:
– Ի՞նչ է Էրտողանականութինը:
Էրտողանականութիւնը կարելի է սահմանել հետեւեալ ձեւով. թուրք պահպանողական իսլամական մենիշխանութիւն մը, որ կը մերժէ քեմալականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը կ’օգտագործէ միայն Էրտողանին նպատակներու իրականացման համար եւ կ’աշխատի օսմանեան «փառքը» վերականգնելու:
– Ի՞նչ պատճառներով տկարացաւ քեմալականութիւնը:
Քեմալականութիւնը ստացաւ իր համբաւը` շնորհիւ Օսմանեան կայսրութեան անկման: Քեմալականութեան կիրարկումը արդէն իսկ ինքնահակասական էր: Պետական փոփոխութիւնները յանկարծակի էին ու բռնութեամբ եւ ոչ` հանգրուանային: Աթաթուրքի մահէն ետք երկիրը մնաց նոյն, մէկ կուսակցական համակարգի մէջ. ճիշդ է, որ քաղաքական մարդիկ կ’ընտրուէին, սակայն ղեկավարներ չէին եւ ոչ ալ կառավարել գիտէին: Քեմալականութեան օրերուն Թուրքիա ականատես եղաւ զինուորական 3 յեղաշրջումներու, ակադեմականներ եւ լրագրողներ ձերբակալուեցան, 30 տարուան պատերազմ մը բռնկեցաւ քիւրտերուն հետ, Կիպրոսը բաժնուեցաւ յարձակող թուրքերու եւ կիպրացի յոյներուն միջեւ ու այդպէս մնաց մինչեւ օրս, հայ եւ յոյն փոքրամասնութիւնները խեղդող քաղաքականութիւն մըն ալ որդեգրուեցաւ: Տկար կառավարական դաշնակցութիւնները եւ փտածութիւնն ու տնտեսական նահանջը ա՛լ աւելի տկարացուցին այս վարչակարգը:
– Ի՞նչ պատճառներով էրտողանականութիւնը փոխարինեց քեմալականութիւնը:
2002-ի ընտրութիւններուն Թուրքիոյ ժողովուրդը ա՛լ յուսալքուած էր քեմալականներու սուտ խոստումներէն եւ յոյսեր կապեց նոր` էրտողանական գաղափարներուն հետ: Էրտողանի կուսակցութեան ընտրական յաղթանակը «հրաշք» մըն էր կարծես Թուրքիոյ ժողովուրդին համար, յաջորդող տասնամեակը վերելքի տարիներ էին, մանաւանդ` տնտեսական գետնի վրայ: Այս ձեւով Էրտողան շահեցաւ թուրք ժողովուրդին վստահութիւնը, սակայն բոլոր հաշիւները փոխուեցան, երբ 2011-ին Էրտողան յայտարարեց, որ ժողովրդավարութիւնը պարզապէս միջոց մըն է` նպատակներ իրականացնելու: Դիմակը ինկած էր այլեւս…
– Ինչպէ՞ս կրնանք սահմանել էրտողանականութիւնը 2011-էն ետք:
Վերելքին յաջորդեց փտածութիւն, 2014-ին Էրտողան ընտրուեցաւ նախագահ, 2015-ի ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն չհաւաքեց իր կուսակցութիւնը, որովհետեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը կրցած էր բաւարար ձայներ հաւաքել եւ ընդդիմութիւն ըլլալ: Սակայն այս ընտրութիւնները չեղեալ նկատուեցան: Էրտողան գիտէր, որ այս մէկը արգելք պիտի ըլլար սահմանադրական իր փոփոխութիւնները իրականացնելու, այդ պատճառով սուտ յեղաշրջում մը կազմակերպեց. սուտ, որովհետեւ, եթէ ենթադրենք, որ Ֆեթուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան` «ՖԵԹՕ»-ի յայտարարութիւնը սուտ չէր եւ իսկապէս «ՖԵԹՕ»-ն չէր յեղաշրջման փորձ կատարողը, եւ որովհետեւ բանակը այլեւս քեմալականներու ազդեցութեան տակ չէր ու հիմնականին մէջ Էրտողանի հրահանգներով է, որ կը շարժի, ապա այն ատեն կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ Էրտողան «ինքնիր դէմ» յեղաշրջման փորձ կատարեց 15 յուլիս 2016-ին: Այս «յեղաշրջման» շնորհիւ` ան ձերբակալեց բոլոր անոնք, որոնք իր անձնական վերելքին արգելք էին` քրտամէտ ընդդիմութիւնը, քեմալականները, Կիւլենի հետեւորդները, ակադեմականներ, լրագրողներ եւ դատաւորներ:
– Վերջապէս, ինչո՞ւ քեմալականութիւնն ու էրտողանականութիւնը վերջ ի վերջոյ պիտի անհետանան:
Երկուքն ալ մէկ անձէ եւ ոչ հաւաքական ուժէ ծնած երեւոյթներ են, որոնց կիրարկումը միայն հնարող անձերը կ’իրականացնեն եւ երբեմն իրենք իսկ լիովին չեն կիրարկեր: Երկուքն ալ ժողովուրդը ճնշող ուժեր են, ինչ որ զիրենք կը դնէ ժողովուրդի ըմբոստացման վտանգին տակ, սակայն էրտողանականութեան դէմ ըլլալիք յեղափոխութիւնը շատ աւելի կաշկանդիչ է, քան` քեմալականութեան օրերու պատահած պետական յեղաշրջումները, որովհետեւ էրտողանականութեան ոչ ժողովրդավարութենէն ետք յեղափոխութիւնը կը վերածուի քաղաքացիական պատերազմի եւ Թուրքիան` արտաքին շահերու դաշտ: Այժմ էրտողանականութեան կայուն մնալուն միակ պատճատը Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալն է եւ` արտաքին յարաբերութիւններու ամուր հիմքը (որ Էրտողանը չէր, այլ Տաւութօղլուն էր հաստատողը), որոնց միջոցով կրնայ ճնշել այլ երկիրներու` Թուրքիոյ ապագային վերաբերող որոշումներուն վրայ: Սակայն այս երկուքը միշտ ալ ենթակայ են փոփոխութիւններու…