Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7ին կայացած խորհրդաժողովին ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ յայտարարած են, թէ նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման համար «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն յաւելեա՛լ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերուն՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեան:
Քոնկրեսականները այս հաստատումը կատարած են «Փոլիթիքօ»ի քաղաքական խմբագիր Չարլի Մահտեսեանի համադրութեամբ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին։
Ռոյս յայտնած է, թէ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին ներդրումը կրնայ մեծապէս նպաստել Հայաստանի հետ առեւտուրի զարգացման ջանքերուն՝ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ նշեալ մարզերուն մէջ Հայաստան մե՛ծ կարողականութիւն ունի։
Իր կարգին, Շիֆ յայտնած է, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ին կողմէ նախապէս Հայաստանին տրամադրուած օժանդակութիւնը յատկանշական կերպով նուազեցուցած էր գիւղական շրջաններուն մէջ չքաւորութեան մակարդակը՝ աւելցնելով, որ կրթական մարզէն ներս նման նոր յատկացում մը կատարելու գաղափարին ինք մեծապէս կը զօրակցի: «Հայաստան ինչո՞ւ չի կրնար Սիլիքոնեան հովիտին նմանիլ», հարց տուած է ան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, իր կարգին ողջունած է Ռոյսի եւ Շիֆի ցուցաբերած խանդավառ աջակցութիւնը՝ շեշտելով, որ առնուազն 100 միլիոն տոլարի ներդրում մը յատկանշական պիտի ըլլայ երկրին մէջ չքաւորութեան նուազեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար, միաժամանակ սերտացնելով Ամերիկա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները:
«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004ին հաստատուած ու անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Անիկա ցարդ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրած է՝ ի միջի այլոց նաեւ Հայաստանին, որ 2006ին ստացած էր գիւղական շրջաններու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով 200 միլիոն տոլարի յատկացում մը:
Այս աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն եւ քոնկրեսականներուն հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ ամերիկեան համալսարաններու հետ, որոնք կրնան դեր ունենալ ծրագիրի իրականացման մէջ։
Նշենք, որ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան դասաւանդման ծրագիրներուն համար, նախապէս Վրաստանին յատկացուած էր 140 միլիոն տոլար օժանդակութիւն մը, որուն արձանագրած յաջողութիւնները կրնան օրինակ հանդիսանալ նման ծրագիր մը Հայաստանի մէջ եւս իրականացնելու շուրջ Հայ Դատի ջանքերուն, յատկապէս՝ որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մարզը զարգացման մեծ կարելիութիւններ ունի:
Քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Շիֆի ելոյթներէն հատուածներ դիտելու համար, այցելել https://youtu.be/eFShJtcBBko կայքէջը։
asbarez.com