կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-08-28 14:29
Հասարակություն

Սփյուռքը փորձանօթ չէ, պարոնայք

Սփյուռքը փորձանօթ չէ, պարոնայք

Աղբյուրը՝ arfd.am

Քանի մը շաբաթէն, Սեպտեմբեր 18ին, Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստան ֊ Սփիւռք 6րդ համագումարը։ Մամուլին մէջ ցարդ երեւցած կիսաներբողական լրատուութենէն կ’իմանանք, թէ կ’ակնկալուի «քանի մը հազար» հոգիի մասնակցութիւնը եւ թէ այս համագումարին պիտի քննուի (այսինքն… պիտի յայտարարուի) «համազգային խորհուրդ»ի մը կազմութիւնը։

Այս յօդուածագիրը կ’ուզէ սկիզբէն իսկ յստակացնել, թէ հայրենիքէն դուրս ապրողներու եւ հայաստանածին ու հայաստանաբնակ հայերու միջեւ կապը, շփումները միշտ ալ օգտակար են՝ բոլոր իմաստներով։ Այնպէս որ, Հայաստան ֊ Սփիւռք համագումարի մը կարելի չէ ընդդիմանալ, գէթ սկզբունքային գետնի վրայ։ Ոչ ալ կարելի է նման համագումարներու նկատմամբ մեր տեսակէտները եւ կեցուածքները հիմնել վարչակազմին նկատմամբ մեր համակրանքին կամ հակակրանքին վրայ։
Խնդիրը շատ աւելի խորքային է։

Այն լուրը, որ յառաջիկայ համագումարին կը ծրագրուի յայտարարել «համազգային խորհուրդ»ի մը կազմութիւնը, իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ հարցականներ։ Գաղափարի ընկերներէս Կարօ Արմէնեան քանի մը օր առաջ դիմատետրի վրայ դիտել կու տար, որ նման խորհուրդի մը կազմութիւնը «վաղուց պէտք է դրուած ըլլար հանրային քննարկման»։ Մեր կողմէ աւելցնենք, որ հարցական կը մնայ այն, որ բազմահազարնոց համագումար մը ինչպէ՞ս «պիտի քննէ» նման առաջադրանք մը. արդեօք պիտի չնմանի՞ Չինաստանի, կամ Խ. Միութեան Համայնավար կուսակցութեան համագումարներուն, ուր որոշումները կը տրուէին ձեռամբարձ եւ նոյն ձեւով ալ «կ’ընտրուէին» պետութեան ղեկավար մարմինները։ Դեռ կայ աւելին. չենք գիտեր, թէ ի՞նչ է նման խորհուրդի մը պատկերացումը, ի՞նչ են ատոր պարտականութիւնները եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ են այդ պարտականութիւններուն գաղափարական հիմնաւորումները։

Այս ընդհանուր խորապատկերին մէջ, անցնինք մեր այսօրուան բո՛ւն ըսելիքներուն։

Յստակ է, որ Սփիւռքը համահայկական իրականութեան մէկ անբաժան մասն է, որ հայ ժողովուրդին ու անոր հայրենիքի ներկային ու ապագային նկատմամբ ռազմավարական դերակատարութիւն ունի (կամ պէտք է ունենայ)։

Այս դերակատարութեան ինչ պատկերացում կամ պիտակ կ’ուզէք տուէք՝ մշակութայի՞ն, ընկերայի՞ն, տնտեսակա՞ն, թէ կրօնական։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ այս բոլորին հիմքը, ներքին տրամաբանութիւնը եւ մղիչ ուժը քաղաքականն է, որովհետեւ առանց քաղաքական մտածողութեան, վերոնշեալները պարզապէս անիմաստ ու ինքնանպատակ մանրամասնութիւններու կը վերածուին։

Տրուած ըլլալով, որ կարելի չէ համահայկական խնդիրները վերլուծել առանց հաշուի առնելու համաշխարհային խմորումները, ուրեմն փորձենք տեսնել, թէ ի՞նչ ջուրերու մէջ նաւարկելու պարտադրանքներուն տակ ենք բոլորս ալ։

ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊՈԼՇԵՒԻԶՄԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ

Աւելի քան քսանամեակէ մը ի վեր, Պիլ Քլինթընի օրերէն սկսեալ, Արեւմուտքի մէջ սկսաւ քաղաքական գործընթաց մը, ուր անդրազգային ընկերութիւնները եւ ելեւմտական հաստատութիւնները սկսան իրենց ամբողջական հակակշռին տակ առնել քաղաքական ուժի կեդրոնները։ Խ. Միութիւնը տապալած էր արդէն եւ այս ընկերութիւնները (ինչպէս քարիւղի հսկաները, Ռէյթէոն, Լաքհիտ ֊ Մարտին, Կոլտման Սաքս, Միջազգային դրամական հիմնարկը եւայլն) առիթը յարմար նկատեցին իրենց յարձակողականին համար, միաբեւեռ դարձած աշխարհի մը մէջ։ Այսպէս, Ուաշինկթընը, Լոնտոնը, Պրիւքսելը (ԵՄի կեդրոն) եւ Պերլինը այսօր ինկած են քարիւղ արտադրող, զէնք արտադրող, կամ երրորդ աշխարհի երկիրներուն տոկոսով գումարներ պարտադրող ելեւմտական հաստատութիւններու գրեթէ ամբողջական հակակշռին տակ։

Անոնք աշխարհը կը տեսնեն իբրեւ մէկ ու միակ շուկայ մը, ուր կարելի է թէ՛ երկիրներու բնական հարստութիւնները կողոպտել եւ թէ՛ իրենց արտադրութիւններուն համար շուկայի (այսինքն միայն սպառողի) կարգավիճակ պարտադրել անոնց։ Այս մէկը ընելու համար, անոնք նաեւ ի հարկին գործի կը լծեն իրենց զինուորական թեւը՝ ՆԱԹՕն։
Այս ուժերը առաջ կը մղեն համաշխարհայնացման գաղափարախօսութիւնը, անտեսելով ժողովուրդներու, երկիրներու ազգային, մշակութային առանձնայատկութիւնները, որպէսզի իրենց հակակշիռը ընդարձակեն։ Ըստ իրենց, վայ անոր որ կը դիմադրէ… Յունաստանը, Լիպիան, Սուրիան, Սուտանը, Վենեզուելլան եւ ուրիշներ այս վայրագ դրամատիրական գաղափարախօսութեան (աւելի ճիշդ՝ դրամատիրական պոլշեւիզմի) «ապրող» զոհերն են։

Մէկ խօսքով, բոլոր այն ժողովուրդները կամ երկիրները, որոնք չեն ենթարկուիր այս համաշխարհայնացման հարթիչ գլանին, հետամուտ են իրենց ազգային շահերուն, կը մնան ենթակայ նոյն այս գաղափարախօսութիւնը առաջ մղող ուժերու հարուածին։

Ենթարկուիլ համաշխարհայնացման գաղափարաբանութեան ջատագով այս ուժերուն, պիտի նշանակէ կորսնցնել ազգային դիմագիծ, ազգային շահեր, ինքնուրոյն մշակոյթ եւ մանաւանդ՝ ազգային դատ։

ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Սփիւռքի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը արդէն իսկ յօթանասունականներու կէսերուն գտած էր այս խնդիրներուն գաղափարական պատասխանը։ Այդ ալ քաղաքականացումն էր՝ փոխան հայապահպանումին։

Հայապահպանումը այդ օրերուն արդէն ինքզինք սպառած էր, իբրեւ վարքագիծ ու մտածողութիւն։ Իրաւազրկուած հայութեան համար, հայապահպանումը այլեւս ոչ մէկ լուծումի կրնար առաջնորդել, ոչ մէկ ձեւով կրնար իրաւատէր հայութեան համար գաղափարական ուղեցոյց հանդիսանալ, որովհետեւ անոր կը պակսէր ներգործօն նկարագիրը, որուն պէտք ունէր (ու այսօր ալ ունի) հայութիւնը՝ իր հողային ու այլ իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն վրայ։

Հայապահպանումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ եղածը պահպանելու զուր ճիգ մը, զուրկ՝ քաղաքական որեւէ հեռանկարէ ու զսպանակէ։

Հետեւաբար, քաղաքականացումի առաջադրանքը, որ այդ օրերուն առաջ մղուեցաւ դաշնակցական քաղաքական միտքին կողմէ, այսօ՛ր եւս կը պահէ իր այժմէականութիւնը՝ յատկապէս ներկայ համաշխարհային դրուածքին լոյսին տակ (տեսնել նախորդ ենթախորագիրի վերլուծումը)։

Իսկ քաղաքականացումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գործընթաց մը, ուր ենթական, կամ հաւաքականութիւն մը (այս պարագային հայութիւնը), կը գիտակցի իր քաղաքական շահերը, կրնայ զանազանել իրեն համար նպաստաւոր ու աննպաստ զարգացումները եւ ազդակները ու կը հետապնդէ իր ուրոյն ազգային նպատակները։

Իսկ այս ազգային նպատակներու հիմնաքարը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր հաւաքական դատը, Արեւմտահայաստանի վերատիրացման խնդիրը։

40 տարի առաջ, երբ հայութիւնը տակաւին զրկուած էր անկախ Հայաստանի մը ընձեռած առաւելութիւններէն, քաղաքականացման գործընացը (յատկապէս երիտասարդութեան մօտ) կրցաւ այժմէականացնել Հայ դատը, կրցաւ վերստին զայն զետեղել համաշխարհային քաղաքական թատերաբեմի քարտէսին վրայ։

Իսկ այսօր, երբ գոյութիւն ունի անկախ Հայաստան մը, հայութեան ու մանաւանդ Սփիւռքի քաղաքականացումը աւելի քան երբեք կը դառնայ անհրաժեշտութիւն, ոչ միայն Հայաստանի զօրակցութեան առումով, այլ նոյնինքն Սփիւռքի վերակազմակերպումը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու համար։

Սփիւռքի հայութեան մօտ իր համազգային քաղաքական շահերու գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումը ինքնաբերաբար կը լուծէ նաեւ նոյն այդ Սփիւռքին ազգային դիմագիծի ուժեղացման խնդիրը, դէպի երկրորդական կամ երրորդական գիծեր մղելով «լեզո՞ւ, թէ ինքնութիւն» հարցադրումը։ Այն տրամաբանութեամբ, որ լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը արդէն քաղաքական գիտակցութեան մը բաղկացուցիչ տարրերն են։

Հետեւաբար, Սփիւռքի քաղաքականացումը ռազմավարական արժէք ունեցող «մայր բանալի» մըն է, որ կոչուած է բանալու բազմաթիւ դուռներ։

Ասկէ անդին, Սփիւռքը իբրեւ պատմամշակութային, կրօնամշակութային կամ զուտ պատմական յիշողութեամբ բնորոշելու ճիգերը անպէտք ու վնասակար մօտեցումներ են, զուրկ՝ որեւէ քաղաքական արժէքէ։

Այնպէս որ, Հայաստան ֊ Սփիւռք յառաջիկայ խորհրդաժողովէն առաջ, կ’ուզենք յիշեցնել մեր պետական այրերուն, որ Սփիւռքը քաղաքական փորձանօթ չէ, «լապորաթուառ»ի մուկ կամ նապաստակ չէ, որոնց վրայ փորձարկումներ կը կատարուին։ Սփիւռքը համահայկական խնդիրներու, ամէնէն առաջ՝ հայութեան հողային խնդրին համար ռազմավարական արժէք ներկայացնող ազդակ է, որուն համար սակայն, անհրաժեշտ է վերստին թափ տալ անոր քաղաքականացումին։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
26 Օգոստոս 2017