Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
asbarez.com-Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի շրջանի նախագահ Արթին Մանուկեան Հինգշաբթի, 17 Օգոստոսին, «Ամերիքանա»ի դիմաց տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հետեւեալ ուղերձը յղեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման իր վարքագիծը վերանայած ու «Ուրացման Ճարտարապետները» շարժապատկերի պաստառը չծանուցելու որոշումը փոխած «Ամերիքանա»ի պատասխանատուներուն.
«Եկէք յստակ ըլլանք. «Ամերիքանա»ն կը ծառայէ Կլենտէյլ քաղաքին եւ անոր քաղաքացիներուն, ոչ թէ հակառակը: «Ամերիքանա»ն իր որոշումը կը մեկնաբանէր թրքական կառավարութեան շահերու դիտանկիւնէն. շահեր, որոնք դէմ են հանդուրժողութեան, այլ մշակոյթներու հանդէպ յարգանքի եւ պատմութեան իրողութիւնները ճանչնալու սկզբունքներուն: Ցեղասպանութեան փաստի յայտարարութիւնը երբեք պէտք չէ քողարկուի: Մենք կը գնահատենք «Ամերիքանա»ի եւ «Քարուսօ» ընկերութեան այս առաջին դրական քայլերը: Այսուհանդերձ, այս քայլերով «Քարուսօ» ընկերութիւնը չի կրնար բաւարարել իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները: Կ՛ակնկալենք, որ ընկերութիւնը աւելի շօշափելի ձեւերով ցուցաբերէ իր սերտ յարաբերութիւնները շրջանի բնակչութեան հետ: Մենք կը սպասենք, որ յառաջիկայ շաբաթներուն հանդիպում մը իրականանայ պարոն Քարուսոյի, իր կառավարիչներու խումբին եւ մեր միջեւ, քննարկելու համար, թէ ինչ յստակ քայլերով կարելի է աւելի սերտ յարաբերութիւն մշակել «Ամերիքանա»ի հետ:»