Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ընդառաջելով իրեն ուղղուած խնդրանքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի ունեցան Երեւանի մէջ։
Այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ուղղած իր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը գրէր.- «Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր աշխարհացրիւ կառոյցներով ու անդամներով եղաւ տիրական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու գանձարանը ու դպրոցը դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը։ Ազգին ու հայրենիքին պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ եւ այդ պատկանելիութիւնը անձնառուծառայութեան վերածելու նախանձախնդրութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կարեւոր ներդրում բերաւ մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս»։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը կ’արտայայտէր գրելով՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ գնահատողը եղած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններու շարքին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Իր առաքելութեան 100-ամեակի սեմին, վստահ ենք որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պիտի վերանորոգէ իր հաւաքական ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Հայաստանի առաւել ծաղկման, Արցախի անկախութեան առաւել ամրապնդման, Սփիւռքի առաւել կազմակերպման եւ պահանջատիրական պայքարին առաւել զօրացման»։