Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր վարչութիւնը հոկտեմբեր 2017-ին պիտի ընտրէ միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի թեկնածուն եւ անոր անունը փոխանցէ նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունենալիք 39-րդ ընդհանուր ժողովին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին թեկնածու են 9 անձեր, որոնց շարքին` նաեւ 1988-2006 թուականներուն Ազրպէյճանի մշակոյթի նախկին նախարար Փոլատ Պիւլպիւլօղլու:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը, օգտուելով 2-էն 12 յուլիսի միջեւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի ժողովին առիթէն, նամակներ յղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայ ընդհանուր տնօրէն Իրինա Պոքովայի, յանձնախումբի ժողովին նախագահող, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցով Լեհաստանի ազգային յանձնախումբի նախագահ փրոֆ. Եաչեք Փուրչլայի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին թեկնածուներ առաջադրած տարբեր պետութիւններու դեսպաններուն:
Մարմինը զարմանք յայտնեց Պիւլպիւլօղլուի նման անձնաւորութեան մը առաջադրման գծով` նշելով, որ վերջինիս իբրեւ մշակոյթի նախարար պաշտօնավարութեան ընթացքին Ջուղայի մէջ մշակութային ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ` ազրպէյճանական բանակի զինուորները հիմնայատակ քանդեցին տեղւոյն հայկական խաչքարերը, աւելի՛ն` ազրպէյճանական պետութիւնը ոճիրի վայրը վերածեց «զինուորական գօտի»-ի` արգիլելով օտար առաքելութիւններու եւ դէտերու շրջան մուտքը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յիշեցուց, որ խաչքարերը մաս կը կազմեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ շօշափելի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին:
Հայ դատի մարմինը ազրպէյճանական արարքները փաստագրող լուսանկարներ պարունակող իր նամակին մէջ նշեց, որ Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան պետական մակարդակով քանդումը ոճիր մըն է ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ` հարց տալով, որ այդպիսի ստոր արարք մը գործած պետութեան մը թեկնածուն ինչպէ՞ս կրնայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն դառնալ: Մարմինը նշեց, որ Պիւլպիւլօղլուն այդ պաշտօնը ստանձնելու համար պէտք եղած բարոյական արժանիքներու տէր անձը չէ, եւ անոր ընտրութիւնը պիտի ականահարէ նոյնինքն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարոյական հիմերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր վարչութեան անդամներուն կոչ ուղղեց` միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնի ընտրութեան ընթացքին նկատի ունենալու իր ներկայացուցած փաստերը եւ մերժելու Պիւլպիւլօղլուի թեկնածութիւնը, որովհետեւ անհեթեթ է վարձատրել Ազրպէյճանի մշակոյթի նախկին նախարարը, որուն պետութիւնը անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին մշակութային ցեղասպանութիւն գործած է: