Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մենք քաղաքակիրթ եւ քաղաքավար ժողովուրդ ենք։ Մենք ազնիւ եւ վեհանձն ժողովուրդ ենք։ Մենք յարգալիր եւ սրտբաց ժողովուրդ ենք։
Մենք նաեւ պահանջատէր ժողովուրդ ենք՝ յանուն արդարութեան եւ քաղաքակրթութեան։ Մենք նաեւ պայքարող ժողովուրդ ենք՝ յանուն մեր իրաւունքներու հատուցման եւ հայրենական բռնագրաւուած հողերու ազատագրման։
Հետեւաբար, ունինք պայքար՝ հակաթուրք պայքար։ Ինչպէս որեւէ քաղաքական պայքար, քաղաքավարական նրբազգացութիւններէն վեր ու անդին է մեր հակաթուրք պայքարը։
Ուստի, թրքական դրօշակ այրելը նաեւ մաս կը կազմէ հակաթուրք պայքարի պահանջատիրական ելոյթներուն։
Յարգելի են բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք յանուն քաղաքավարութեան կ՚անհանգստանան՝ ի տես թրքական դրօշակի հրկիզումին։ Անոնք կ՚ուզեն քաղաքավարութեան սիրոյն քաղաքավարութիւն խաղալ հակաթուրք պայքարի մէջ։ Շատ բարի։ Ազատ են։ Այդ մէկը իրենց գիտելիքն ու իրաւունքն է։
Բայց անոնք պէտք է գիտնան յարգել եւ ընդունիլ հակաթուրք պայքարի թրքական դրօշակ այրող «անքաղաքավարներուն» իրաւունքը։
Եթէ անոնք կ՚ուզեն մնալ «քաղաքավար» եւ թրքական դրօշակ չ՚այրել, թող չայրեն։ Բայց քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ անոնցմէ նաեւ պահ մը մտաբերել այն «քաղաքավարութիւնը» որ ցուցաբերուեցաւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մեր բիւրաւոր նահատակներուն նկատմամբ։ Անոնք նաեւ պահ մը «քաղաքավարութեան» մասին հարց տան անցեալ տարուան Ապրիլեան պատերազմին մեր նահատակուած երիտասարդներուն։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ