Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Տարբեր են պայմանները այսօր, աւելի դժուարին ու մաշեցնող անկասկած, բայց ոչ մէկ նոր դաւ, ոչ մէկ նոր սադրանք ու խաբէութիւն պիտի կարենայ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը շեղել Հայ դատի անխոնջ ու բազմակողմանի հետապնդման առաջնորդի իր առաքելութենէն, կամ զայն տկարացնել հայ ազգային իրաւունքներու վճռական իր պահանջատիրութեան մէջ․․․»
Հրաչ Տասնապետեան (1928-2001)
Առաջին անգամ Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ Հ․Յ․Դ․ 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին (1919) մասնակցողները
Անտեղի է նոյնիսկ քանիերորդ անգամ ըլլալով կրկնել, թէ ժամանակին ամէն բան գաղտնաբար կը կատարուէր։ Հ․Յ․Դ․ ընդհանուր ժողովները կ՛աւարտէին եւ միայն շաբաթներ ետք կը յայտարարուէր, թէ ժողովը կատարուած էր։ Իսկ ժամացոյցի սլաքը շատ աւելի ետ տանելով, ընդհանուր ժողովի վայրն ու ընտրուած մարմինն ալ կը մնային գաղտնի։
Ներկայ համացանցային կայքերու եւ համակարգչային ծրագիրներու դարաշրջանին, նոյնիսկ կարելի է «բաց պատարագ»-ի բնոյթ ունեցող ընդհանուր ժողովներու նման ելեկտրոնային հաւաքներ կատարել՝ դիմատետրային, դայլայլային կամ ինսթակրամեան միջոցներով։
Այս մէկը իրականութիւն մըն է, որուն դէմ չի կրնար պայքարիլ նոյնիսկ վերոյիշեալ խօսքը յայտնած Հ. Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» գրքոյկը կրկին ու կրկին անգամ կարդացող կուսակցականը։ Հաւանաբար, ընկեր Տասնապետեան իր պայծառ ու վտիտ բացատրականով պիտի պարզաբանէր, թէ անհրաժեշտ է կատարել համազգային քարոզչութիւն, լսելի դարձնել դաստիարակիչ խօսք եւ նախաձեռնել օրինակելի գործերու, անշուշտ յարգելով վերամշակուած եւ մի՛շտ ալ վերամշակուելիք ծրագիր-կանոնագիրը եւ չանցնելով կարմիր գիծը։
Դժուար ժամանակաշրջան կ՛ապրին ո՛չ միայն Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը, այլեւ աշխարհի բոլոր կուսակցութիւնները։
Համաշխարհայնացում կոչեցեալ «ցունամի»-ն հարուածած է եւ դեռ կը հարուածէ թէ՛ հասկացողութիւն եւ թէ՛ կառոյց։ Շարժումներն ու հոսանքները, կամ անոնց նման եւ անոնց հովանիին տակ կուսակցութիւններու նման կազմակերպութիւններ սկսած են գերակայել եւ ծանր պարտութեան մատնել աւանդական կուսակցութիւնները։ Ցայտուն օրինակ մըն է Ֆրանսայի ներկայ իրավիճակը, որ անշուշտ երկար ու անծայրածիր վիճաբանութիւններու դուռ բացած է «Դեղին Բաճկոններ»-ու շարժումով։
Բազմաթիւ, յառաջդիմական երկիրներու մէջ, նոյնինքն կուսակցութիւնները ստեղծած են իրենց շարժումը, ներմուծուելով այդ ընթացքին մէջ։
Բացառութիւն է բռնատիրական երկիրներու մէջ ցայսօր կիրարկուող գործելաձեւը։ Անշուշտ իւրայատուկ է Միացեալ Նահանգներու պարագան, ուր երկու կուսակցութիւններու քմահաճոյքին մնացած է ամօթի պատ մը կառուցելը Մեքսիքայի սահմանին շուրջ կամ անմեղ կառավարական պաշտօնեան ամսականէ զրկելը։
Դժբախտաբար, ներկայ դաժան նէօ-լիպերալ մտածելակերպով կլանուած զանգուածին դիմաց, ընկերվարութեան հասկացողութիւնն ալ աղաւաղած է։ Պաղ պատերազմի օրերուն, եթէ ան կը բաղդատուէր համայնավարութեան հետ, այսօր՝ շատ աւելի արդիականացած ապրելակերպի բովին մէջ, զոհը դարձած է համաշխարհայնացման։
Միթէ անգամ մը եւս կարելի չէ՞ մէջբերել Հ․Յ․Դ․-ի գաղափարախօսութիւնը, թէ մարդկութիւնը հասած է ներկայ հանգրուանին ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային նուաճումներու հոլովոյթով: Մարդկութեան յառաջդիմութիւնը, սակայն, անկատար է այնքան ժամանակ, քանի բոլոր անհատները, ընկերային հաւաքականութիւնները եւ ազգերը
դեռ մարդկային մտքի եւ աշխատանքի նուաճումները ի նպաստ իրենց բարօրութեան գործադրելու հաւասար հնարաւորութիւն չունին:
Տիրապետութեան եւ շահագործման տարբեր ձեւերն են դրամատիրութիւնը, կայսերապաշտութիւնը, ամբողջատիրութիւնը, գաղութատիրութիւնը, որոնք կը դրսեւորուին ռազմապաշտութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, սակաւապետութեամբ, տնտեսական, գաղափարական, ընկերային եւ մշակութային ծաւալապաշտութեամբ:
Տեղին է վերադառնալ Հրաչ Տասնապետեանի վերոյիշեալ առաջնորդող խօսքին, որ Յունուար 18, 1987-ին, բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ արտասանած է Աբրահամ Աշճեանի առեւանգման օրերուն։ 35 տարի ետք, այս անգամ այլ պայմաններու տակ, այս խօսքերը կը մնան ի զօրու, ճիշդ եւ ազդեցիկ։
Կրկին անգամ պէտք է շեշտել, թէ Ընդհանուր Ժողովն է բացարձակ գերակայողը։ Ընդհանուր ԺողովԷն է որ կը բխին, կ՛առաջնորդուին եւ ուղղութիւն կը ստանան մարմիններն ու ղեկավարները։ Անոնք համարատու են ժողովին։
33-րդ Ընդհանուր Ժողովէն առաջ, շա՜տ առաջ եւ վերջ, Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը պիտի չբաժնուի «դուրս»-ի եւ «ներս»-ի, պիտի չշեղի իր առաքելութենէն, այլ պիտի պայքարի իբրեւ պատմական-մշակութային, լեզուական եւ ընկերային-քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն։
hairenikweekly.com