կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-29 17:42
Մշակույթ

Բանանցի դէմ յանդիման

Բանանցի դէմ յանդիման

Բանանցը գիւղ մըն է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Դաշքեսան շրջանին մէջ, Բանանց կամ Արութիւն (կամ Արթինաջուր կամ Կոշկար՝ ըստ Վիքիպեդիայի) գետակի ձախ ափին, երկու բլրակներու վրայ՝ երեք կողմէն շրջապատուած լեռներով։ Այսպէս կը բնորոշէ Հայասատնի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարանը այս պատմական հայաբնակ գիւղը, որ Արցախի Գարդման գաւառին մաս կը կազմէր, հիմնադրուած՝ Գանձակի հետ միասին, եւ հարուստ էր քարի ու երկաթի հանքերով եւ երկաթաձուլարաններով, այդ պատճառաւ ալ կոչուած է նաեւ Բանանոց (այսինքն աշխատելու վայր)։ Այժմ կը կոչուի Բայան։ Գերեզմանատան մէջ ԺԲ. դարէն խաչքար կար։ Միւս կողմէ բաւական լայն տեղ յատկացուած է այս գիւղին Վիքիպեդիա առցանց հանրագիտարանին մէջ, որմէ կը տեղեկանանք, թէ 1989 յուլիս 27-ին, ահա ուղիղ 30 տարի առաջ, գիւղի վերջին բնակիչները ենթարկուեցան բռնագաղթի։

Երբ ցուցասրահէ մը ներս մտնես եւ առաջին արագ հայեացք մը սկսիս նետել շուրջդ, եւ, կամքէդ անկախ, աչքերդ գամուին կեդրոնանան կտաւներէն մէկուն վրայ, վստահ կրնաս ըլլալ, որ պատահականութեան արդիւնք չէ այդ, եւ զօրաւոր պատճառ մը կամ պատճառներ ըլլալու են, այդ կլանումիդ, առինքնումիդ ետեւ։ Իսկ երբ կողակիցդ ալ նոյն տպաւորութիւնը ունեցած է՝ առանց հետդ խօսած ըլլալու, կասկած չի մնար։

Այդ կտաւը Բանանց գիւղի համայնապատկերն էր։ Բայց ի՞նչ էր մեզ այդպէս կլանող-առինքնողը։ Հեռաւոր լեռներու աղօտ խորանկարին վրայ՝ ներդաշնակ ձեւերով ու գոյներով երկթեք տանիքներու համադրութի՞ւնը, հայրենի լուսաթաթախ բնութեան գեղեցկութի՞ւնը, գրեթէ վերացական արուեստի վերածուած այնքան իրապաշտ մատուցո՞ւմը հայ գիւղին, թէ ոչ այն լռութի՞ւնը որ կը ճառագայթէր ծաղկած բնութեան իսկ մէջ անմարդաբնակ բնակավայրի այդ պատկերէն, որ քեզ կը տխրեցնէր, միաժամանակ կը հմայէր։   

Հակառակ անոր, որ ինծի անծանօթ անուն մը չէր Բանանցը, այսուհանդերձ ստիպուած էի քիչ մը պրպտել՝ յիշողութիւնս թարմացնելու համար։ Այդ պրպտումէն ետք աւելի հասկնալի դարձաւ արուեստագէտին մօտեցումը, որովհետեւ միայն տխրութիւն մը չէ, որ կը բխի այդ կտաւէն։ Ո՛չ, աննպատակ չի կրնար եղած ըլլալ կարմիր գոյնի այդպէս ուժեղ ներկայութիւնը հաւանաբար ժանգոտած թիթեղէ այդ տանիքներուն վրայ։  Արեան գոյն կայ այնտեղ, Եղեռնի՛ գոյն։ Իսկ հեռուն, կապոյտներուն մէջ կորսուող լեռները կարծես կանչ մը կը հանդիսանան, սեփական բնակիչները՝ գիւղին իրաւատէրերը ետ կանչելու կամք մը, զիրենք ետ՝ իրենց պապենական հողերուն վրայ տեսնելու տենչ մը, պահա՛նջք մը։

Վստահ եղէք, պարզ գեղանկար մը չէ այս՝ տանդ պատերը զարդարելու, հայրենի շունչ մը բերելու համար, այլ պահանջատիրակա՛ն գործ մըն է՝ մեզ տեւաբար յիշեցնելու համար մեր պարտքը՝ պայքարելու մեր ուխտը, մեր Դա՛տը։

Արդարեւ յանձնառու արուեստագէտ մըն է Մերուժան Խաչատրեան, որուն ցուցահանդէսը, առաջինը՝ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին կից Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան կեդրոնի նորոգուած ցուցասրահին մէջ՝ կազմակերպուած էր «Համազգային»-ի Սանահին մասնաճիւղին կողմէ՝ անցնող 24-26 մայիսին։ Այո՛, յանձնառու հայորդի մը՝ ծնած Երեւան 1980-ին, վկայուած Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանէն, ծառայած հայոց բանակին մէջ։ Եւ առաջին անգամը չէ, որ իր գործերը ըմբոշխնելու առիթը կ՚ընծայուի մեզի։ Արդարեւ 2013-ին ալ նոյն տեղը ան ունեցած է իր ցուցահանդէսը, նոյնպէս առաջինը՝ երբ այդ սրահը նոր կը բացուէր։ Ներկայ ցուցահանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին ու նախ կայացած էր Երեւանի մէջ անցեալ տարի։   

«Բանանցի համայնապատկեր»-ը Մերուժան պիտի չկարենար ստեղծագործել եթէ ուրիշ յանձնառու հայորդի մը՝ Սամուէլ Կարապետեան, որպէս ժառանգորդը Արմէն Հախնազարեանի, ատենին, նախ քան Խորհրդային Միութեան անկումը եւ Ազրպէյճանի հայահալած քաղաքականութեան սաստկացումը, յաջողած չըլլար «փրկել» մեր պատմական վայրերն ու յուշարձանները՝ լուսանկարելով ու չափագրելով ինչ որ կրնար, ինչպէս Արմէն յաջողած էր Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին՝ իբր գերմանացի ճարտարապետ կատարելով իր բազմաթիւ գիտարշաւները։ Մերուժան կրցած էր օգտուիլ Սամուէլի լուսանկարչական արխիւէն։

Դիտելով իր միւս գործերը, չենք կրնար չանդրադառնալ, թէ ինչպէս արուեստագէտը կը տիրապետէ իր վրձինի հարուածներուն, գիտէ լաւապէս օգտագործել լոյսի խաղերը, ճաշակով յարադրել գոյները։ Աւելի ուշագրաւ է նաեւ առօրեայ տեսարաններով ու կերպարներով խորհրդանշաններ ստեղծելու իր հմտութիւնը։ Կարելի է տակաւին անդրադառնալ ծաղիկներ, պտուղներ ու հայրենի յուշարձաններ, բնանկարներ ու մանաւանդ հերոսական դէմքեր (ինչպէս Աւետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Արամ Մանուկեան) պատկերացնող իր գործերուն, սակայն այստեղ կ՚ուզեմ երկու խօսք ընել միայն մէկ այլ կտաւի ալ մասին, որ անուանուած էր «Հին ու նոր Երեւան»։ Այնտեղ նոր Երեւանի դիմազուրկ ապակէ աշտարակներուն խորանկարին առջեւ արուեստագէտը ցոյց կու տար սեփական դիմագիծ եւ ինքնութիւն ունեցող հին բնակարաններ, որոնք աւերակի վերածուելու ընթացքի մէջ են։ Այս ալ գիտակից քաղաքացի Մերուժանի ճիչն է՝ փրկելու համար արդէն հետզհետէ անհետացող հին Երեւանը՝ մեր պատմական ժառանգութիւնը, որ կը քանդուի մեր անտարբեր աչքերուն առջեւ, մեր իսկ ձեռքերով։   

Դեռ երկար ճամբայ կայ Մերուժանին առջեւ, եւ նորանոր իրագործումներ մաղթենք իրեն։   

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ