Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Խնդիրը այն չէ, թէ ինչպիսի՞ պատեհապաշտներ ամպիոն կը բարձրանան Ազգային Ժողովին մէջ իրենց բարբանջանքները բանալու հանրութեան առջև։ Վիգէն Խաչատրեանի մտայնութիւնը ունեցող մարդիկ երբեք չեն պակսիր Երևանի քաղաքական բեմին վրայ։ Անոնք մաս կը կազմեն մեր երկրի քաղաքական ծանծաղուտին։
Խնդիրը այն է, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորը յատենի ժողովոյ կ՚ուրանայ Արցախի հայրենական հանգամանքը և զայն կ՚ըստորադասէ և կը հակադրէ Հայաստանին և իր կեցուածքով կ՚անարգէ Արցախի ժողովուրդին արժանապատւութիւնը առանց դոյզն իսկ դիտողութեան արժանանալու ԱԺ Նախագահութեան կողմէ։
Եւ երբ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան պաշտօնական ելոյթով կը հակադրուի Վիգէն Խաչատրեանի ճամարտակութիւններուն և Արցախի ուրացումը կ՚որակէ դաւաճանութիւն, իր խօսքի իրաւունքն ու ազատութիւնն է, որ ամենէն կոպիտ միջոցներով խափանման կ՚ենթարկուի ԱԺ Նախագահութեան կողմէ և ԱԺ պատգամաւորը ոստիկանական բռնի միջամտութեամբ դուրս կը բերուի Ազգային Ժողովի նիստէն։
Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ այսօր Ազգային Ժողովին մէջ բացէ ի բաց ոտնակոխ կ՚ընէ ՀՀ Սահմանադրութիւնը և ազգընտիր պատգամաւորին մարդկային իրաւունքները։ Ան բացայայտ անարգանք մըն է ուղղուած հանուր հայութեան։
Պարզ է, որ կը գտնուինք ծանրակշիռ օրինախախտումներու բովին մէջ և վտանգուած են երկրի ժողովրդավարական կարգերու վերջին յենարանները։ Զայրացած է մեր ժողովուրդը ամէնուրեք։ Զայրացած է իր բոլոր խաւերով։ Այս ամօթալի կացութիւնը պէտք է անմիջապէս վերջ գտնէ։
Կը պահանջենք՝
(ա) որ անմիջապէս պաշտօնանկ հռչակուի ԱԺ Փոխ-Նախագահ Ռուբինեանը իր անորակելի արարքին համար և ենթարկուի դատական հետապնդման։
(բ) որ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը ստանայ արժանի գնահատանք ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ իր քաղաքացիական արիութեան համար։
(գ) որ Ազգային Ժողովը ընդունի յատուկ բանաձև Արցախի հայրենական իրաւունքի անվիճելիութիւնը միանգամընդմիշտ հաստատող և այդ օրէնքը անսաստողներու արարքը դաւաճանութիւն հռչակող։
(դ) որ նոյն բանաձևով միանգամընդմիշտ յստակացուի, որ ՀՀ Ազգային Ժողովը անբռնաբարելի կը համարէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը այն իսկ սահմաններով, որոնք գոյութիւն ունէին Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հռչակման րոպէին։
(ե) որ պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեան պատժական ծանր տնօրինման ենթարկուի Ազգային Ժողովին կողմէ իր արարքին համար։
Ոչ ոք իրաւունք ունի իր լեզուագարութիւններով կասկածի տակ առնելու Արցախի և Հայաստանի անկախ պետականութեանց միասնութեան և այդ միասնութեան անքակտելիութեան սկզբունքը։
Կարօ Արմենեան
26 հոկտեմբեր 2021