կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-08-20 14:35
Հասարակություն

«Եթե ուզում եք տեղեկանալ պատերազմական զարգացումների մասին, նայեք ձեզ հանդիպած առաջին հայի դեմքին»

 «Եթե ուզում եք տեղեկանալ պատերազմական զարգացումների մասին, նայեք ձեզ հանդիպած առաջին հայի դեմքին»

Աղբյուրը՝ armeniangenocide100

Գրիգորիս Պալաքեանի պատմությունը

Կոստանդնուպոլիս

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրյակին Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեանը Բեռլինում աստվածաբանություն էր ուսանում:  1914-ին, դուրս գալով համալսարանից, վարդապետը տեսնում է հոծ բազմություն ու զինվորականներ: Բոլոր եկեղեցիների զանգերը ղողանջում էին: Պատերազմ էր հայտարարվել: Մեծ պետությունները ոտքի էին կանգնել: Պալաքեանը վերադառնում է Պոլիս: Այստեղի հայերն այնքան ակնհայտ էին իրենց դիրքորոշումն արտահայտում, որ տեղի թերթերը գրում էին՝ եթե ուզում եք տեղեկանալ պատերազմական զարգացումների մասին, նայեք ձեզ հանդիպած առաջին հայի դեմքին. եթե ուրախ է՝ Ռուսաստանն է հաղթում, եթե տխուր՝ Գերմանիան:

 

«Մահաբոյր Շաբաթ գիշեր մը՝ 11 Ապրիլ 1915-ին, Գրիգորիս Վարդապետը ութը սկիւտարցի դժբախտ ընկերներու հետ Սիրքէճիի բանտը կը փոխադրեն։ Մինչեւ առտու բանտը աւելի եւս կը խճողուի նոր ձերբակալուած ծանօթ դէմքերու ժամանումով։ Յաջորդ օրը՝ Կարմիր Կիրակին կ՚անցընեն բանտին մէջ։ Բանտարկեալները տասէ աւելի ինքնաշարժներով կը տանին Սարայ-Պուռնուի կամ Կիւլհանէի դատարանը, ապա, շոգեկառքով՝ Այաշ, անցընելով էնկիւրիւէն։ Ականաւոր դէմքեր, գրագէտներ, ուսուցիչներ եւ առեւտրականներ կը բանտարկուին Այաշի մէջ։

 

Կրկին ճամբայ կը հանեն կառքերով եւ կը տանին Գալայճըգ կոչուած գայմագամանիստ գիւղաքաղաքը։ Անկէ անդին կը տանին Չանղըրը։ Գրիգորիս Վարդապետը 69 ձերբակալուածներու խումբով կը բանտարկեն Չանղըրըի վիթխարի զօրանոցի գետնայարկի մեծ սրահներէն մէկուն մէջ։ Անոնց մէջն էին Կոմիտաս Վարդապետը, Ռուբէն Սեւակը (Չիլինկիրեան), Դանիէլ Վարուժանը (Չպուքեարեան), Տիրան Քէլէկեանը, Բիւզանդ Քէչեանը եւ ուրիշներ։ Հոս կեանքն անհանդուրժելի էր։

 

Երկու շաբաթ վերջ, Ապրիլի վերջին օրերուն, զօրանոցէն դուրս գալու ազատութիւն կը ստանան։ Ամէն մարդ կ՚աճապարէ քաղաքին մէջ բնակարան մը ճարելու։ Գրիգորիս Հայր Սուրբը երբեմն փոքրիկ գումար մը կը ստանայ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն։ Ատեն մը ետք, Պոլսէն եկած աքսորեալները կառավարչութեան շէնքին առջեւ կը հաւաքեն։ Ոստիկանապետը կը հրամայէ պատրաստ եղող կառքերը նստիլ անմիջապէս՝ մեկնելու համար։ Աննկարագրելի էր իրենց մէջ տիրող խուճապը։ Տէր Զօր կ՚երթային։

 

Միւս կողմէ՝ Պոլիս ձերբակալուած 75-ի չափ մտաւորականներ Այաշի մէջ կը կոտորուին։ Կը նահատակուին նաեւ Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս՝ Եդեսիայէն մէկ ժամ հեռու գտնուող Գարաքէօփրիւ ըսուած վայրին մէջ։ Մինչեւ Փետրուար 1916ը Չանղըրըի հայութիւնը եւ աքսորեալները ահ ու սարսափի մէջ կ՚ապրին։ Կը հաւաքեն աքսորեալներն ու Չանղըրըի ժողովուրդէն տեղահանուածները եւ կարաւան մը կազմելով կը ղրկեն Չորում։ ճամբան հետիոտն երթալով հինգ օր կը տեւէ։ Չորումէն կ՚երթան Եոզկատ եւ ապա Պողազլեան։

 

Այս ճամբուն վրայ, վարդապետը եւ անոր ընկերակցող գաղթականները 54 եոզկատցիներէ բաղկացած կարաւան մը կը տեսնեն։ Ամէնքն ալ կա´մ 60-է վեր ծերունիներ են եւ կա´մ 13-16 տարեկան պատանիներ՝ հաստ չուաններով իրար կապուած։ Եոզկատի 3000 տուն հայերէն միայն ասոնք մնացած էին։ 1915-ի աշունէն ի վեր անոնք թաքնուած էին եւ հիմա յանկարծ երեւցած ու ձերբակալուած։ Վարդապետը իրենց վրայ հսկող հարիւրապետ Շիւքրիւի թախանձագին կ՚աղաչէ, որ փրկէ զանոնք։ Մարդը կաշառք կը սպասէ։

 

Գրիգորիս Վարդապետ կը խոստանայ գոհացնել զայն։ Շիւքրիւ հրաման կ՚ընէ ոստիկաններուն՝ եոզկատցիներու այս խումբը միացնել կարաւանին։ Ապա կ՚աղաչեն հարիւրապետ Շիւքրիւին, որ անոնց կապերը արձակէ։ Հարիւրապետը վարդապետին բարեխօսութիւնը կ՚ընդունի միայն հնչուն ոսկիի ակնկալութեամբ։

Շիւքրիւ 100 օսմանեան ոսկի կը պահանջէ։ Վարդապետը կը սակարկէ եւ հանգանակութիւն ընելով կը վճարէ անոր։ Քիչ ետք, միացեալ կարաւանը յարձակումի սպառնալիքի առջեւ կը գտնուի։ Շիւքրիւի հրամանով՝ ոստիկանները կը կրակեն թուրք խուժանին վրայ, որ կը փախչի։

 

Կարաւանը ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Կեսարիա։ Ճամբան կը հանդիպին վտանգաւոր յարձակումներու հաւանականութեան։ Անտէր եւ անպաշտպան, յոգնած, սպառած, անօթի ու ծարաւ, գաղթականները ահ ու սարսափի մէջ կ՚ապրին։ Կարաւանին կ՚արգիլեն Կեսարիա մտնել, ու աքսորականները քաղաքին եզերքէն կ՚առաջնորդեն դէպի Թալաս։

 

Թալասի մէջ իսլամացած հայ կիներ իրենց պատանի տղաներով հաց, պանիր, ուտելիք եւ ջուր առած կու գան անոնց իջեւանած ախոռին առջեւ՝ զանոնք ձրիօրէն կերակրելու համար։ Ոստիկանները կ՚արգիլեն։ Գիշերուան թանձր խաւարին մէջ, պատուհանին ներքեւը կանգնած այդ հայ կանայք ձայն կու տան ու կը յաջողին ճաշը պատուհանէն ներս փոխանցել։ Կարաւանը ճամբայ կ՚ելլէ։ Կը հասնին Թոմարզա։ Հոս կազդուրուելով, յաջորդ օրը ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Կազպէլ, որ լեռներուն մէջ նեղ կիրճ մըն է, որուն բերանը կը գտնուի Քէօսէլէր գիւղը։

 

Որոշ ատեն մը հոս մնալէ ետք, ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Հաճըն՝ Կիլիկիա։ Կը հասնին Հաճնոյ կառավարչութեան շէնքին առջեւ։ Հոս չեն թողուր, որ հանգստանան։ Մտրակի շաչիւններուն տակ կարաւանը կը յառաջանայ: Շատ քիչ ատեն կը մնան Սիս, ապա կ՚ուղղուին Կարս Պազար գիւղաքաղաքը, որուն մօտէն կ՚անցնին եւ կը հասնին Օսմանիէ, որ Ամանոսի լեռնաշղթային արեւմտեան դուռն է։ Ապա կ՚անցնին Հասանպէյլիէն եւ Ղանլըկեչիտէն։ Հոս Վարդապետը կը մտադրէ փախչիլ դէպի Պոլիս։ Իրեն օգտակար կ՚ըլլան երկու անձնուէր հայ երիտասարդներ, որոնցմէ մէկն էր Նիկոմեդիոյ Կէյվէ գիւղէն բժիշկ Սամուէլը, որ Հասանպէյլիի զինուորական բժիշկն էր։ Վարդապետը սակայն կ՚ուզէ ամբողջ կարաւանն ազատել։

 

Արեւամուտին, կարաւանը կը հասնի Իսլահիէ։ Հոս եւս չեն թողուր, որ քաղաք մտնեն, ուստի կը մնան բաց դաշտի մը մէջ։ Այո՜, պէտք է փախչիլ եւ աւելի առաջ, դէպի Տէր Զօր չերթալ։ Վարդապետը կը ծրագրէ փախուստը։ Հոս կարաւանը երկուքի պիտի բաժնուէր։ Անոնք որոնք կրնային վճարել, դէպի Հալէպ պիտի երթային շոգեկառքով, իսկ մնացեալները՝ հետիոտն։

 

Երկու հայ երիտասարդներ վարդապետը կը փախցնեն եւ զայն Այրան կը հասցնեն»։

 

Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան, «Հայ Գողգոթան. Դրուագներ Հայ Մարտիրոսութենէն Պերլինէն Դէպի Տէր Զօր (1914 – 1920)», Ա. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1977, 496 էջ։ (Տե՛ս Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան, գիրք Ա., պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2010, էջ 116 -120):