Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀԱՅԵՐՈՒ ՄՈՒՏՔԸ ԽՈՐՀԱՐԴԱՐԱՆ
Անցեալ դարու 50-ական թուականներէն ի վեր, հայազգի պատգամաւորներ չէ ունեցած Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը (եթէ նկատի չառնենք իսլամ համշէնահայ պատգամաւորի պարագան վերջին տարիներուն)։ Յունիս 7-ի ընտրութիւնները շրջադարձային են նաև այս առումով։ Երեք հայազգի երեսփոխաններ՝ Մարգար Եսայեան (AKP), Սելինա Տողան (CHP) և Կարօ Փայլան (HDP) այժմ տեղ կը գրաւեն խորհրդարանէն ներս ներկայացնելով քաղաքական երեք տարբեր ուղղութիւններ...Այնուամենանիւ հայ համայնքի իրաւունքներու հետապնդման առումով, այս փաստը կրնայ կարևոր գործօն մը հանդիսանալ յառաջիկայ տարիներուն։ Եթէ անշուշտ համայնքի ղեկավարութիւնը գործէ հեռատեսութեամբ և զոհ չերթայ պառակտիչ խարդաւանքներու։
Ասիկա պատմական վայրկեան մըն է Թուրքիոյ հայոց հաւաքականութեան համար. նոր փորձագետի՛ն մը՝ որուն ընձեռած պատեհութիւնները պէտք է իմաստութեամբ նուաճել։ Երեք պատգամաւորներէն Պր. Կարօ Փայլանը մաս կը կազմէ այն խմբակցութեան, որ կոչուած է ըլլալու դրօշակիրը նոր աշխարհահայեացքի։ Պր. Տեմիրթաշ (HDP-ի պարագլուխը) արդէն իսկ յայտարարած է այսօր, որ իր կուսակցութիւնը Էրտողանի հետ դաշինքի մտնելու որևէ մտադրութիւն չունի։ Կարևոր խոստում մըն է այս մէկը, որ նաև կը յստակացնէ իրենց խմբակցութեան քաղաքական առաքելութիւնը խորհրդարանին մէջ։
Անկախ արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ մեր ունեցած հարցերէն, յառաջիկայ տարիները նաև պիտի հանդիսանան Թուրքիոյ իսլամացուած հայերու մարդկային իրաւանց խնդիրներու արծարծման տարիներ։ Այս մարզին մէջ, հանգուցալուծման կարօտ մեծ խնդիրներ ունի դիմագրաւելիք Թուրքիան և յատկապէս Թուրքիոյ քաղաքական բեմի այս երիտասարդ ուժը։
Յաջողութիւ՛ն Թուրքիոյ հայ համայնքի մեր հայրենակիցներուն։
Կարօ Արմենեան