Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ամերիկայի Հայ Դատի հանձնախմբի անդամ Կարո Արմենյանը «Արևելք»-ի հետ զրույցում մեկնաբանել է ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցությունը՝ ասելով.
«ՀՀԿ-ՀՅԴ Համագործակցութեան Համաձայնագրին Մասին Դաշնակցութեան համախոհական դաշինքը Պր. Նախագահի կուսակցութեան հետ տրամաբանական շարունակութիւնն է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Նոյեմբեր 8, 2012-ին հրապարակուած յայտարարութեան, որմով յստակացուած են մեր կուսակցութեան առաջադրութիւնները երկրէն ներս համակարգային փոփոխութիւններ կեանքի կոչելու։ ՊԷտք չէ մոռնալ, որ այդ օրերուն Դաշնակցութիւնը յատուկ ճիգ ըրաւ արմատական փոփոխութիւններու իր ծրագիրը հետապնդելու Ընդդիմութեա՛ն իսկ հաւաքական դիրքերէն՝ առանց սակայն շօշափելի արդիւնքի հասնելու։ Այս փաստը պէտք է կարևորութեամբ արձանագրել։ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած ծրագիրը (որ կը բաղկանար 7 թուագրուած և մէկ անթուակիր կէտերէ) սերտօրէն առընչուած էր մեր երկրի այսօրուա՛ն խնդիրներուն և Դաշնակցութիւնը քանիցս յստակ ըրաւ, որ էականը ծրագրին անյապաղ իրագործումն էր՝ կոչ ընելով երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն խմբուելու այս կենսական օրակարգին շուրջ։ Մենք պերճանքը չունէինք գործը ձգձգելու և չունի՛նք այսօր։ Չունինք շռայլութիւնը տեղքայլի։ Չունինք բարոյական իրաւունքը երկրի քաղաքական դաշտի աւազախրումը ընդունելու որպէս կեանքի նորմ և թոյլ տալու, որ ժամանակը քալէ մեր պետականութեան վրայէն։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը հնարաւորութիւն ընծայեց, որ մեր ազգային համաձայնութեան եզրերը վերջապէս սկսէին յստականալ։ Հարիւրամեակի Հռչակագիրը առաջին կարևոր հանգրուանն էր մեր ազգային տեսլականի բաղկացուցիչները հանրագումարի բերելու։ Դաշնակցութիւնը կարևոր դերակատարութիւն ունեցաւ այդ փաստաթուղթի ձևաւորման մէջ։ Դաշնակցութիւնը նաև կարևոր դերակատարութիւն ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխութիւններու գաղափարը քաղաքական դաշտ տանելու և համապատասխան փաթեթը ձևաւորելու գործին մէջ։ Պր. Նախագահին և իր անձնակազմին հետ քաղաքական դաշտի հակընդդէմ դիրքերէն անկաշկանդ ու անկեղծ հաղորդակցութեամբ երկուստեք համախոհութիւն կերտելու գործը մեր պետականութեան մեծապէս ողջունելի իրագործումն է այսօր։ Սահմանադրական հանրաքուէն մեծ ոստիւն մը պէտք է համարել մեր ժամանակի նոր յարացոյցի (պարադիգմա, paradigm) բովանդակութիւնը սահմանելու տեսակէտէն։ Մեր ժողովուրդը ազգային ինքնագիտակցութեան և պետական հասունութեան նոր չափանիշ մը հաստատեց հայ անկախ պետականութեան քսանհինգամեակի սեմին։ Եւ այսօր այդ նոր չափանիշը աննախընթաց պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ բոլորս երկրի և արտերկրի մէջ։ Պետական կեանքի յառաջիկայ գործընթացը կը բաղկանայ երեք փուլերէ։ Առաջինը ներկայի փուլն է՝ մինչև Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները։ Այսինքն՝ մօտ մէկ տարի։ 2017-ին տեղի կ՚ունենան յիշեալ ընտրութիւնները համամասնական ընտրակարգով և կը հայթայթեն գործընթացի երկրորդ փուլը՝ մինչև Նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտը 2018-ին, որմէ ետք սկիզբ կ՚առնէ նոր սահմանադրութեամբ ճշտուած խորհրդարանական համակարգի կիրառումը։ Նոր սահմանադրութեան ձևաւորման մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցող մեր կուսակցութիւնը բնականաբար ձեռնածալ պիտի չմնար անցման այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին։ Բնականաբար ան պիտի ստաձնէր գործադիր պատասխանատւութիւններ առաջին իսկ հանգրուանին և ստանձնեց։ Սահմանադրութիւնը նոր օրինակարգ մըն է, որ դեռ պիտի զարնուի իրական կեանքի փորձաքարին մեր պէտականութիւնը դնելով ամէնօրեայ մարտահրաւէրներու առջև։ Այսպէս է պարագան բոլոր սահմանադրութիւններուն։ Եւ այս իսկ պատճառով Դաշնակցութիւնը չի կրնար բացակայիլ այս կարևոր գործադաշտէն։ Անշուշտ գոյութիւն ունին շարք մը հարցականներ կապուած իշխանական համակարգի վարկին և առհասարակ մեր ժողովուրդի թերահաւատութեան հետ։
Այսօր գոյութիւն ունի մեծ ճեղքուածք մը մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ։ Ժողովուրդը «այո» ըսաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, բայց դեռևս «անպարտ» չարձակեց երկրի ղեկավարութիւնը... Համախոհական այն կառավարութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Դաշնակցութիւնը, առաջին հերթին, պիտի դիմագրաւէ այս մեծ մարտահրաւէրը։ Դիզուած պարտքերը դառն յիշողութեամբ կը ծանրաբեռնեն անհատ քաղաքացիին առօրեան։ Ասիկա անուրանալի փաստ է, որուն ամբողջական գիտակցութեամբն է, որ Դաշնակցութիւնը կը վերցնէ իր պատասխանատւութիւնները նոր կառավարութեան մէջ։ Այստեղ ևս մենք ժամանակ չունինք վատնելու։
Նոր քաղաքական մշակոյթի կառուցման գործը պիտի սկսի այսօր իսկ։ Եւ մե՛ր կողմէ։ Այսօրուան քաղաքական ուժերն են, որ տէր պիտի կանգնին այդ դժուարին գործին։ Չկայ ուրիշը, որ յանձն առնէ այդ պարտականութիւնը։ Յամենայն դէպս Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնը չէ, որ փախուստ կու տայ այդ պարտաւորութենէն։ Այդ պարտաւորութենէն խոյս տալու թանկ հաճոյքը ոչ ոք ունի այսօր։ Ո՛չ իսկ Ընդդիմութիւնը։ Ան ևս պարտաւորուած է նոր ժամանակի հրամայականներով գործելու և յամենայն դէպս իր դրական ներդրումը ընելու պետականաշինութեան գործին մէջ։ Միջկուսակցական համաձայնագիրը խորքային փաստաթուղթ մըն է, որուն ծիրը շատ ընդարձակ է։ Բնականօրէն այս համաձայնագիրը կարելի չէ միամեայ այս ժամանակամիջոցով սահմանափակել։ Այս փաստաթուղթը նոր քաղաքական մշակոյթի ձևաւորման ճանապարհային քարտէզն է։ Եւ այդ մշակոյթով իրագործուելիք յեղաշրջմա՛ն։ Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՞նչ բանի պատրաստ է մեր երկիրը։ Դաշնակցական նախարարները արդէն իսկ ըրած են իրենց առաջին յայտարարութիւնները։ Ճիշտ է. մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի թերահաւատ ըլլալու վերջին տարիներու հսկայ բացերուն ի տես։ Ան արդար իրաւունքը ունի զգաստօրէն հետևելու և շօշափելի արդիւնքներ պահանջելու իր գործադիր իշխանութենէն։ Միաժամանակ քաղաքացիական հասունութիւնը կը պահանջէ, որ նոր կառավարութիւնը ունենայ անհրաժեշտ լուսանցքը գործ ծրագելու և ծրագիրներ գործի դնելու։ Ի վերջոյ մակոյկը մէկ է և ամբողջ քաղաքական դաշտը կը գտնուի նոյն մակոյկին մէջ։ Մնացեալը կախուած է մեր հաւաքական իմաստութենէն»։